Շուշիի Մէջ Եղբօրս` Իլհամ Ալիեւի Հետ Մեծ Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրենք – Կ՛ըսէ Էրտողան

Art-A-Tsolum – Armenian king Ashot II Iron Bagratuni (914-928)

«Շուշիի Մէջ Եղբօրս` Իլհամ Ալիեւի Հետ Մեծ Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրենք» Կ՛ըսէ Էրտողան

11 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Արցախի` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներ կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին ան նախ պիտի այցելէ Ֆիզուլի (Վարանդա), ապա` Շուշի: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Եղբօրս` Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի հանդիպինք Շուշի քաղաքին մէջ եւ համաձայնագիր պիտի ստորագրենք: Խօսքը Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մեծ փաստաթուղթի մասին է», նշած է Թուրքիոյ նախագահը:

Էրտողան նաեւ կոչ ուղղած է անյապաղ լուծելու Արցախի մէջ ականապատ դաշտերու խնդիրը:

www.aztagdaily.com/archives/512070

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail