
«Շուտով Զանգեզուրի Միջանցքի Հարցը Պիտի Քննարկեմ Փութինի Հետ» Կ՛ըսէ Էրտողան
19 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ազրպէյճանէն վերադառնալէ ետք մեկնաբանելով Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը ըսած է, որ շրջանին մէջ վստահութեան բարձրացման համար Հայաստանը պէտք է Ազրպէյճանին յանձնէ ականապատ տարածքներու քարտէսները: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Ըստ Էրտողանի, «դժուար թէ Մոսկուան մտադրութիւն ունենայ յետաձգելու Զանգեզուրի միջանցքին ստեղծումը: Ընդհակառակն` կայ աջակցելու տրամադրութիւն»:
«Մոսկուան նոյնպէս կը սատարէ այս գաղափարին, որ նշանակալից ներդրում պիտի ունենայ շրջանի զարգացման գործին մէջ: Այս միջանցքը պիտի ծառայէ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի շահերուն: Շուտով մենք Փութինի հետ երկկողմանի հանդիպում պիտի ունենանք», ըսած է Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը շեշտած է, որ Անգարան պատրաստ է Կովկասի շրջանին մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու: Անդրադառնալով Կովկասի մէջ «վեցակողմ հարթակ» ստեղծելու նախաձեռնութեան` Էրտողան նշած է, որ Թիֆլիսն ու Երեւանը տակաւին դրական ազդանշան չեն տուած այս հարցին մէջ, մինչդեռ Ռուսիան կողմնակից է նման կառոյց ստեղծելուն:
«Եթէ Հայաստանն ու Վրաստանը միանան նախաձեռնութեան, ապա կայունութիւնը շատ արագ պիտի հաստատուի շրջանին մէջ: Թուրքիա կատարած այցելութեան ժամանակ ես Վրաստանի վարչապետին բացատրեցի այս հարցը: Անգարան այս հարթակը դէպի շրջանային խաղաղութիւն կարեւոր քայլ կը նկատէ», ըսած է Էրտողան:
«ՌԻԱ Նովոսթի», յղում կատարելով «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, կը հաղորդէ, որ Էրտողան չէ բացառած Ազրպէյճանի հետ Շուշիի մէջ ստորագրուած հռչակագիրի ծիրին մէջ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու ռազմակայանի ստեղծումը:
«Ատիկա դուրս չի գար (հռչակագիրի) կէտերուն շրջանակէն: Այս հարցի զարգացումը հաւանական է: Այս նիւթը կրնայ զարգացում ստանալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի խորհրդակցութիւններուն ընթացքին: Եւ մեր բանակցութիւններուն ընթացքին ատիկա նոյնպէս կրնայ իր ձեւով իրականացուիլ», ըսած է ան` պատասխանելով Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ ռազմակայան յայտնուելու հաւանականութեան մասին հարցումին:
Միւս կողմէ, Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ՕԹԱՆ-ի ուժերու հեռացումէն ետք Աֆղանիստանի մէջ կացութեան զսպման առումով աւելի ազդու դերակատարութիւն ունենալու` նշելով. «Թուրքիան կրնայ Միացեալ Նահանգներու հեռանալէն ետք Աֆղանիստանի մէջ աւելի պատասխանատուութիւն կրել»:
Խօսելով իր երկրին ու Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն մասին` ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է, որ Անգարան մտադիր չէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի գնման եւ ամերիկեան արդիական «Էֆ-35» հալածիչներու թղթածրարի նկատմամբ իր կեցուածքը փոխել:
Էրտողան յայտնեց, որ Պայտընին ըսած է, թէ պէտք չէ ակնկալէ, որ Անգարան այդ երկու թղթածրարներուն մէջ իր նախկին գործելաոճէն այլ գործելաոճ որդեգրէ` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը մտադիր է այցելել Թուրքիա:

www.aztagdaily.com/archives/512937





