Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հայերուն Կոչ Կ՛ուղղէ. «Անկախ Քաղաքական Դիրքորոշումէն` Յարգելու Այս Ընտրութիւններուն Արդիւնքները Եւ Խուսափելու Քաղաքական Վրէժխնդրութենէն»
23 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Միացեալ Նահանգներ կը շնորհաւորեն Հայաստանի ժողովուրդը 20 յունիսին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով: Այս մասին կը նշուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայսի յայտարարութեան մէջ:
«Կ՛ողջունենք ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ (Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակ) դիտորդական առաքելութեան ընդհանուր դրական գնահատականը: Գոհ ենք այն առումով, որ ԺՀՄԻԳ-ի նախնական եզրակացութեան մէջ կը նշուի, որ ընտրողներու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները յարգուած են, մասնակիցները ազատ քարոզարշաւ կատարելու կարելիութիւն ունեցած են, եւ ԺՀՄԻԳ-ն դրական գնահատած է ընտրութիւններուն օրը կայացած քուէներու հաշուարկը:
«Կը բաժնենք ԺՀՄԻԳ-ի մտահոգութիւնը առանցքային մասնակիցներու միջեւ հրահրիչ հռետորաբանութեան եւ աշխուժ բեւեռացման վերաբերեալ: Բոլոր հայերուն կոչ կ՛ուղղենք` անկախ քաղաքական դիրքորոշումէն, յարգելու այս իրաւական հոլովոյթը` անդրադառնալու մտահոգիչ հարցերուն եւ խուսափելու քաղաքական վրէժխնդրութենէն, որովհետեւ Հայաստանը կը շարունակէ ձգտիլ գերիշխան, ժողովրդավարական, խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայի», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
«Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ են Հայաստանի հետ մեր համագործակցութեան ամրապնդման գործին` հիմնուած համընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու վրայ: Կ՛ողջունենք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հոլովոյթները, որոնք կ՛առնչուին բարեփոխումներուն եւ փտածութեան դէմ պայքարի ջանքերուն, եւ Հայաստանը կը խրախուսենք շարունակելու այդ ուղիով ընթանալ` 2018 թուականի գարնան հայ ժողովուրդին արտայայտած ձգտումներուն համաձայն:
«Բոլոր կուսակցութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք յարգելու օրէնքի գերակայութիւնն ու ժողովրդավարական սկզբունքները եւ աշխատելու նոր կառավարութեան հետ` ընդլայնելու մեր երկկողմանի յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը», շեշտած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Փրայս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիին կոչ ուղղած է աջակցելու Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման:
www.aztagdaily.com/archives/513278