Անդրադարձ – Ասիկա Մեր Պարտութիւնը Չէ – ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
24 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Եւ անշուշտ պարզ է, թէ վերջին այս ընտրութիւններով ինքզինքին ի՞նչ գնահատական տուած է Հայաստանի հասարակութիւնը… Ինքզինք դատապարտած է ինչպիսի՜ ապաշնորհ կարգավիճակի:
1890-ին հասարակութեան այս իսկ կարգավիճակը ջարդուփշուր ընելու առաքելութեամբ էր, որ հրապարակ իջաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Մարտահրաւէրը նոյնն էր 130 տարի առաջ:
Այսօր ընդվզած ենք բոլորս` ի տես այն անորակելի քաղաքական խեղճութեան, որուն մատնուած կը թուի ըլլալ հայրենի մեր հասարակութեան հսկայ մէկ զանգուածը: Խեղճութիւնը, որուն կ՛ակնարկեմ, անկարողութիւնն է ոտքի կանգնելու եւ քաղաքացիական ողնայար ցուցաբերելու հաւաքական կեանքի վճռական րոպէներուն: Անատակութի՛ւնը` ինքն իր ճակատագիրը տնօրինելու: Քաղաքական կամքի ահաւոր բա՛ցը, որ ազգերու մահավճիռն իսկ է:
Իմ լուսահոգի ընկերոջ` Զօրայր Խալափեանի «Ոսկէ միջինը» վիպակին մէջ դաժան իրապաշտութեամբ տրուած է հոգեբանական անելը այն մարդուն, որուն յանկարծ առիթ կ՛ընծայուի փախուստ տալու Սիպերիոյ կեդրոնացման ճամբարներէն, եւ որ ազատութեան մէջ յայտնուելէ ետք իսկ ի վերջոյ կ՛որոշէ ինքն իր կամքով վերադառնալ եւ վերստին յանձնուիլ ճամբարային բռնատիրութեան` նախընտրելով կալանքն ու պատիժը` ազատութեան մղձաւանջային հարցերը դիմագրաւելու փոխարէն:
Յստակ է, որ մեր երկրի հասարակութեան մէկ մեծ շերտը որոշումէ կը խուսափի որոշում տալու քողին տակ… Ֆրանսացիք այս հոգեվիճակը կը կոչեն adhesion de desespoir: Մարդոց այս կամազուրկ հոգեվիճակին ապաւինելով է, որ կրցաւ ինքզինք մշտնջենաւորել Խորհրդային Միութիւնը մէկ ամբողջ դար: Մենք ընդունած էինք ապրիլ կեղծ ազատութեան մէջ եւ, այնուամենայնիւ, ապրիլ ստեղծագործ կեանքով, մինչեւ որ հասնէին ազատութեան օրերը:
Ազատութեան օրերը հասան: Գերութեան հասարակակարգը թաղեց ինքզինք երեսուն տարի առաջ, եւ սակայն, ահաւասիկ, երեսուն տարի ետք մեր հասարակութեան մէկ մեծ շերտը կը մերժէ ինքն իր ինքնութեան տէր կանգնիլ: Կը մերժէ կերտել իր քաղաքական մտածողութիւնը ազատութեա՛ն նորմերով:
Հայաստանի հասարակութեան այս շերտը համոզուած կը թուի ըլլալ, որ Փաշինեան այսօր նախընտրուած է տարածաշրջանին տիրութիւն ընելու քաղաքականութեամբ գործող արտաքին ուժերուն կողմէ: Աւելի վա՛տը: Ան համոզուած կը թուի, որ պարտութեան կարգավիճա՛կն է իր ապահովութեան հոգեբանական գօտին եւ ոչ` ազատութեան կարգավիճակը… Եւ համոզուած է, որ Փաշինեան, իր կերպարով, աւելի ատակ է պարտութեան այդ կարգավիճակը կառավարելու… Չեմ ուզեր այս կերպարը իր իսկական անունով բնորոշել, բայց յստակ է, թէ ի՛նչ կերպար է անիկա, եւ թէ քաղաքական կեանքի ինչպիսի՛ նուաստացման մէջ կ՛ուզէ մեզ պահել արտաքին ուժերու մեծապետական համակարգը: Փաշինեանով կը շարունակուի պարտութեան վարչակարգը Հայաստանի մէջ, եւ այդ է, որ կ՛ուզեն գերտէրութիւնները մեր երկրին մէջ, եթէ այդ բանը տրուի իրենց:
Այս խնդրին մէջ Ռուսաստանն ու Արեւմուտքը նոյն դիրքերէն կը գործեն, եւ իւրաքանչիւրը` իր յատուկ շահերէն խթանուած: Անոնք չեն ուզեր Հայաստանի գահին վրայ տեսնել հայ ազգի ազատ կամքը: Անոնք կ՛ուզեն կամակատար հայը, ի փոխարէն` ազատակա՛մ հայուն, եւ զայն խլել մէկզմէկու ձեռքէն…
Եւ անշուշտ պարզ է, թէ վերջին այս ընտրութիւններով ինքզինքին ի՛նչ գնահատական տուած է ՀՀ հասարակութիւնը… Ինքզինք դատապարտած է ինչպիսի՜ ապաշնորհ կարգավիճակի:
1890-ին հասարակութեան այս իսկ կարգավիճակը ջարդուփշուր ընելու առաքելութեամբ էր, որ հրապարակ իջաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Մարտահրաւէրը նոյնն էր 130 տարի առաջ: Նոյնն է նաեւ այսօր: Մեր առաքելութիւնն է ժողովուրդի այս աղաւաղուած տեսակին չնմանիլ: Մեր առաքելութիւնն է ծառայել մեր ազգին` անոր կապուած ըլլալով ամէնէն դառն եւ կարծր սիրով եւ ընտրել իր ազատութիւնը` իր ներկայ կարգավիճակին փոխարէն: Ընտրել մանաւանդ իր վաղուա՛ն սերունդներու ազատութիւնը: Մեր առաքելութիւնն է ընել այնպէս, որ մեր ժողովուրդը անհատ առ անհատ եւ իր ազատ կամքով ընտրէ արժանապատիւ կեանքը եւ բացարձակապէս մերժէ այս պարտադիր ստրկահաճութիւնը: Եւ կարեւոր չէ, թէ որո՛ւ լկտի դիմագծով կը ներկայանայ ան: Ան վերջ պիտի գտնէ:
Ներկայիս իսկական պատերազմը այս ճակատին վրայ է, որ տեղի կ՛ունենայ, եւ մեր գործը նոր է, որ կը սկսի: Մենք չենք վերջացած: Մենք չենք վերջանար: Կը կրկնե՛մ: Մեր պայմանագրութիւնը մեր ազգին հետ է, եւ մեր յանձնառութիւնը ժամանցումի չ՛ենթարկուիր: Մենք պատուհասն ենք թշնամիին` առանց որեւէ սահմանափակիչ եզրերու (with no statute of limitation), եւ, կասկած մի՛ ունենաք, մեր յաղթանակը անպայման պիտի գայ:
www.aztagdaily.com/archives/513372