Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Հայաստանի Մէջ Ընտրութիւնները «Խաղաղութիւն Պիտի Բերեն»

Armenian foreign ministry spokesperson Anna Naghdalyan

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Հայաստանի Մէջ Ընտրութիւնները «Խաղաղութիւն Պիտի Բերեն»

29 ՅՈՒՆԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վերաբերեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Ան մաղթած է, որ ընտրութիւնները Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կը բերեն:

«Մինչեւ օրս Հայաստան ամէնէն շատ տուժած է շրջանային մեքանիզմներէն դուրս մնալէն: Այս ծիրին մէջ` յոյսով ենք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը, որ իշխանութեան կու գայ, պիտի հետեւի դրական օրակարգին եւ իր տեղը գրաւէ շրջանային համագործակցութեան նախաձեռնութիւններուն մէջ: Իր վերջին այցելութեան (Շուշի, «Ա.») ժամանակ, մեր նախագահը ըսաւ, որ եթէ տեսնենք այս բարի կամքը, ապա Հայաստանին նոյն կառուցողական պատասխանը պիտի տանք», նշած է Պիլկիչ:

aztagdaily.com/archives/513968

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail