«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Պիտի Համակարգեն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղուած Ջանքերը» Կ՛ըսէ Լաւրով
01 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝ :
Ռուսիան եւ Թուրքիան պիտի համակարգեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերը:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Համաձայնած ենք շարունակել սերտօրէն համակարգել մեր ջանքերը` Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործնական հարցերու լուծման աջակցելու համար», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Լաւրով նաեւ նշած է. «Ռուսիան եւ Թուրքիան նաեւ հանդէս եկած են Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընելու եւ սուրիացիներուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու օգտին»:
Կը նշուի, որ երկու երկիրներու նախարարները նաեւ քննարկած են Ուքրանիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ տիրող կացութիւնները:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ ռուսական դիւանագիտութեան պետը մեկնաբանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Շուշի այցելութիւնը` յայտարարելով, որ վերջինիս այցելութիւնը կատարուած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ:
«Այսօր մենք Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ համաձայնած ենք, որ իւրաքանչիւրս պէտք է իր կարելիութիւնները օգտագործէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հաշտեցման ջանքերուն աջակցելու, անոնց միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու պայմաններ ստեղծելու, որպէսզի հայերն ու ազրպէյճանցիները այդ հողին վրայ միասին ապրին իբրեւ լաւ դրացիներ: Այդ ժամանակ մենք վստահ ենք, որ բոլոր հարցերը, ներառեալ քաղաքական, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ լուծել: Կը կրկնեմ` մեր համագործակցութեան լրացուցիչ ուղղութիւնը այդ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային, հաղորդակցային եւ տնտեսական կապերու վերականգնումն է:
«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` շրջանի զարգացման 3+3 համագործակցութեան հարթակին վերաբերեալ առաջարկը դրական արձագանգ ստացած է: Մենք այսօր ալ այդ մասին խօսած ենք: Ես կը կարծեմ` առաջին անգամ ըլլալով լաւ ծրագիրներ ունինք: Վերստին կը յայտարարեմ, որ մենք գոհ ենք հայ-ազրպէյճանական տագնապին շուրջ արդիւնաւէտ համագործակցութենէն», յայտարարած է Լաւրով:
www.aztagdaily.com/archives/514223