Նշելով, Որ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը 30 Տարի Ետք Նախիջեւանը Պիտի Կապէ Ազրպէյճանին. «Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Բարի Դրացիական Յարաբերութիւններու Հաստատման Աննախադէպ Կարելիութիւն Կայ» Կ՛ըսէ Պայրամով
01 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝ :
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ընթացքին անդրադարձած է արցախեան Բ. պատերազմէն ետք շրջանին մէջ ձեւաւորուած նոր կացութեան: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը:
Ան նշած է, որ զինեալ տագնապի աւարտէն ետք «Ազրպէյճան թեւակոխած է յետպատերազմեան վերականգնման, վերակառուցման եւ համարկման փուլ»:
Յետպատերազմեան շրջանին մէջ խաղաղութեան, վերականգնման եւ վերակառուցման, ներքին տեղահանուած անձերու վերադարձի ապահովման ուղղութեամբ գործողութիւններու շարունակութիւնը բացարձակ առաջնահերթութիւն է երկրին համար», ըսած է Պայրամով:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ տագնապի լուծումը կը բանայ նաեւ շրջանային համագործակցութեան, զարգացման եւ յառաջընթացի նոր հեռանկարներ. «9 նոյեմբեր 2020-ի միացեալ յայտարարութիւնը ամբողջացուած է Ազրպէյճան-Ռուսիա-Հայաստան 11 յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, ուր կը նախատեսուի շրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու բացում: Այս քայլերուն գործադրումը էապէս պիտի փոխէ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան շրջանի մէկ կարեւոր մասին` Հարաւային Կովկասի բնապատկերը: Զանգեզուրի միջանցքը, որ նոր կապ է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, պիտի ծառայէ գոյութիւն ունեցող առեւտրական եւ փոխադրամիջոցային կապերուն, եւ գրեթէ երեսուն տարի ետք Նախիջեւանի արտագաւառը պիտի կապէ Ազրպէյճանի հետ»:
Երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը նաեւ ըսած է, որ Ազրպէյճանը Հայաստանին առաջարկած է երկկողմանի քննարկումներու սկսիլ սահմանազատման եւ սահմանագծման առնչուած:
Պայրամով ըսած է, որ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար այս հիմքով բարի դրացիական յարաբերութիւններու հաստատման այլընտրանք չկայ. «երկու կողմերու ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան հետեւողական իրականացման միջոցով նման յարաբերութիւններ հաստատելու աննախադէպ կարելիութիւն կայ»:
«Մենք առաջարկած ենք Հայաստանին սկսիլ երկկողմանի քննարկումներու` առնչուած սահմանի սահմանազատման եւ գծանշման հետ: Ազրպէյճանը կը սպասէ Հայաստանի դրական արձագանգին… Վերջապէս, Հայաստանը պէտք է կատարէ իր պարտաւորութիւնները միջազգային մարդասիրական օրէնսդրութեամբ, ինչպէս նաեւ եռակողմ յայտարարութեամբ, եւ տրամադրէ ականապատ դաշտերու քարտէսներ` մարդկային յաւելեալ տառապանքներէն խուսափելու համար», ըսած է Պայրամով:
www.aztagdaily.com/archives/514226