Անդրադարձ – Անդրադարձ. Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը (Գ.) – Յարութ Չէքիճեան
11 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան –haroutchekijian.wordpress.com
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Հայկազեանի Եւ Միջին Արեւելքի Առաջին Հրթիռը
60 Տարի Առաջ Արձակուեցաւ
Այս յօդուածէն սկսեալ պիտի մէջբերեմ տեղեկութիւններ նաեւ գրադարանէս` Հայկազեան քոլեճի տարեգիրքերէն եւ ուսանողական հանդէսներէն, նաեւ առաջին անգամ ըլլալով` «Ազդակ»-ի թուայնացած արխիւէն, որոնք կը պարունակեն պաշտօնական, հարազատ եւ օրին գրուած անմիջական տեղեկութիւններ եւ միայն յիշողութեան, կամ նախասիրութիւններու եւ ենթադրութիւններու վրայ չեն հիմնուած, փորձելով վերականգնել նաեւ գործունէութեան ժամանակագրական շարքը:
2013 թուականի վաւերագրական ժապաւէնին պատճառած հետաքրքրութիւնը եւ աշխարհի տարածքին տասնեակներով հրատարակուած յօդուածներէն շատերը սխալներ կը պարունակեն, որոնք իրարմէ ընդօրինակելով` տարածուած են, հակառակ անոր որ գրեթէ բոլորին սկզբնաղբիւրը Մանուկեանին հետ հարցազրոյցներն են: Ցարդ չհանդիպեցայ յօդուածներու, որոնք, իբրեւ աղբիւր, գործածած ըլլան Հայկազեանի հրատարակութիւնները:
Սխալներէն կարեւորագոյնն է, թէ ե՛րբ վերջ գտաւ Հայկազեան քոլեճի հրթիռներու ակումբին գործունէութիւնը: Ընդհանրապէս 1966 կ՛ըսուի, այսինքն` Մանուկեանին Ամերիկա մեկնումով, որ սխալ է: 1966-1967 տարեշրջանի տարեգիրքին մէջ, համալսարան մուտքի տարիս, երբ Մանուկեան արդէն չէր պաշտօնավարեր, էջ 25, նշուած է հրթիռներու ակումբը, եւ 1967-ին արձակուեցաւ վերջին հրթիռը` «Մայրի թիւ 10»: Իսկ առնուազն մինչեւ 28 փետրուար 1969 աշխատանքը շարունակուած է, երբ «Հայկազեան Հերըլտ» թերթին մէջ հարցազրոյց կայ օրուան ակումբի պատասխանատու Յարութ Չէքիճեանին հետ (2): Ես կը վկայեմ, որ իրողապէս 1970-ին դադրեցաւ ակումբին գործունէութիւնը, որ պէտք չէ կապել միա՛յն հրթիռներ արձակելու հետ: Այս մասին` աւելի ուշ:
Յոյսով եմ, որ Հայկազեան համալսարանի հրթիռներու ակումբին մասին իր հաստատութեան եւ ուսանողութեան կողմէ գրուած հաւանաբար ոչ ամբողջական, սակայն հարազատ պատմականը, որոնց ցարդ անդրադարձ չէ կատարուած, կը ներկայացուի յօդուածներու այս շարքով` տալով աւելի ճշգրիտ պատկեր մը:
Ակումբի առաջին անդամներէն Հրայր Սահակեան, որ 1963-1964-էն 1968-1969 տարեշրջան, նախ իբրեւ ուսանող, ապա դասախօս, նախագահն էր Հայկազեան քոլեճի հրթիռներու ակումբին` ՀԳՀԱ-ին, եւ ի պաշտօնէ նաեւ` Լիբանանեան հրթիռներու ընկերակցութեան (LRS) (1), (3), կը հաստատէ, որ Հայկազեանի տղաքն էին բոլոր գիտական ու գործնական աշխատանքները կատարողները: Հայկազեան քոլեճի 1964-ի տարեգիրքին մէջ (4) «Հրթիռներու ակումբը» խորագիրով յօդուածին մէջ Սահակեան կը գրէ. «Հայկազեան քոլեճի Հրթիռներու ակումբը, Ամերիկեան համալսարանի հրթիռներու միութիւնը, լիբանանեան բանակը եւ Լիբանանեան մեքենագէտներու խմբակը միասնաբար կը կազմեն «Լիբանանի հրթիռներու միութիւն»-ը (LRS), որ հիմնուած է զուտ գիտական նպատակներու համար»:
Ուրեմն շատ յստակ է, որ Հայկազեան քոլեճի հրթիռներու ակումբը մնացած է իբրեւ հիմնական եւ փորձառու միաւորը, շարունակած է իր աշխատանքները եւ ո՛չ թէ լուծարուած ու միացած Լիբանանի հրթիռներու խառն միութեան, ինչպէս կը փորձուի այդ տպաւորութիւնը ստեղծել կարգ մը լրատուամիջոցներու եւ վաւերագրական ժապաւէնին կողմէ: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, որ նորերը միացան ՀԳՀԱ-ին, եւ նոր անունով օժտուեցաւ ՀԳՀԱ-ն: Իրողութեան մէջ` Հայկազեանի խմբակը եւ լիբանանեան բանակին արհեստանոցներն (Մասալեհ) էին գլխաւոր ու գործնական դերակատարները:
Պէտք է յստակացնել նաեւ, որ Հայկազեան քոլեճը մետաղի աշխատանոց չունէր, այլ` սովորական բնագիտութեան, քիմիագիտութեան եւ կենսաբանութեան տարրալուծարաններ: Սկիզբի հրթիռներուն մարմինները հայ երկաթագործներու քով կը շինուէին, եւ անոնք պաղլեղածինէ կամ անագապղինձէ կը շինուէին: 1961-ի կէսերէն ետք լիբանանեան բանակի աշխատանոցներուն մէջ սկսան շինուիլ հրթիռները, նաեւ` արձակման սարքերը: Իրօք, 16 փետրուար 1962-ին, ՀԳՀԱ-ի նախագիծին հիման վրայ, բանակին կողմէ շինուած հրթիռի արձակման փոխադրական սարք մը, որ կարելիութիւն կու տար հրթիռին հորիզոնական եւ ուղղահայեաց թեքումները ճշգրիտ կերպով լարել, նուէր տրուեցաւ ակումբին, տես «Սփեքթրա» ուսանողական հանդէսը նկար 6. (5):
Վերադառնալով հարցազրոյցին` Մանուկեան կ՛ըսէ, որ Լիբանանի նախագահ Ֆուատ Շեհապ, գնահատելով ՀԳՀԱ-ին (10 ամիսներու*) աշխատանքը, 30* օգոստոս 1961-ին նախագահական պալատ կը հրաւիրէ զիրենք (նկարը Ա. մասին մէջ), կը շնորհաւորէ եւ կը խոստանայ օժանդակել: Իրօք, Լիբանանի կառավարութիւնը 10.000 լիբանանեան թղթոսկի կը յատկացնէ 1961-ին եւ 15.000 լ.ո.` 1962-ին: Այստեղ թիւրիմացութիւն մը կայ. այլ հարցազրոյցի մը մէջ Մանուկեան կ՛ըսէ, որ կառավարութենէն նախ ստացանք 500 լ.ո., ապա 25.000 լ.ո.` 1962-ին եւ 25.000 լ.ո.` 1963-ին: Իսկ Հայկազեան քոլեճի 1961-1962 տարեգիրքը կը գրէ (8). «Հրթիռներու ակումբը 10.000 լ.ո. կը ստանայ, որուն պիտի յաջորդէ 25.000 լ.ո. ուրիշ յատկացում մը` 1962 տարեշրջանին համար:
Այստեղ թիւրիմացութեան տուն տուող պատճառը հաւանաբար «fiscal year 1962» արտայայտութիւնն է: Կառավարութիւնը տարեկա՛ն պիւտճէ կը յատկացնէ, իսկ համալսարաններուն պիւտճէն իրար յաջորդող երկու տարիներու 9 ամիսներու վրայ կ՛երկարի, օրինակ` հոկտեմբեր 1961-էն յունիս 1962` «academic year»: Ամէն պարագայի, կարելի չեղաւ յստակացնել կառավարութեան կողմէ յատկացուած գումարները, որոնք ցարդ նշուած են մի՛այն երեք տարիներուն համար` 1961, 1962 եւ 1963:
Լիբանանեան խորհրդարանի երեսփոխան Էմիլ Մուրշետ* Պուսթանի (1907-1963), ինքն ալ` ճարտարագէտ, Էմ Այ Թի ուսանած, մեծահարուստ գործարար եւ օրին նշանաւոր CAT ընկերութեան տնօրէնը, կը հանդիսանայ առաջին բարերարը: Առաջին յաջող հրթիռէն ետք ան կը քաջալերէ ՀԳՀԱ-ն եւ 750 լ.ո. կը նուիրէ, որ կը համապատասխանէր 5 ուսանողի կրթաթոշակին, կամ` 2 յարկանի հրթիռ «Մայրի թիւ 7»-ի հում նիւթերու ծախսին, որ 700 լ.ո. Էր*:
«Ազդակ»-ի 12 մայիս 1961-ի թիւին մէջ (7) Մանուկեան հարցազրոյցին մէջ կ՛աւելցնէ, որ ցարդ երկրորդ բարերարն է Ժոզեֆ Ամասեանը, որ 100 լ.ո. կը նուիրէ: Հակառակ անոր որ այս հարցազրոյցը վարած է Հայկազեանէն ուսանող մը, տարօրինակ կերպով հրթիռներու ակումբին 5 անդամներէն երեքին մականունները բոլորովին սխալ տպուած են (ո՛չ թէ վրիպում-տառասխալ):
2011-էն սկսեալ յօդուածներուն եւ հարցազրոյցներուն մէջ մոռցուած է նաեւ հանգուցեալ բարերար, ճարտարագէտ Ժիրայր Խաչատուրեանը, որ 19 մայիս 1961-ին կը դառնայ ցարդ յայտնի երրորդ օժանդակողը (թող ներեն մնացեալները, վստահ եմ` անոնք կան, սակայն անոնց մասին մամուլին մէջ արձանագրութեան չհանդիպեցայ): Լիբանանեան ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան» օրաթերթին ուղղուած իր «Օգնենք Հայկազեան քոլեճի երիտասարդ հրթիռագէտներուն» խորագիրով նամակին միջոցով Խաչատուրեան Հայկազեան քոլեճի Հրթիռներու ակումբին համար հանգանակութեան արշաւ մը կը սկսի` իր կողմէ 100 լ.ո. մասնակցութեամբ: Ստորեւ` 6 կէտերէ բաղկացած նամակին վերջին մասը, որ «Ազդակ» 20 մայիս 1961-ի թիւին մէջ (9) թարգմանաբար հրատարակած է.
«6. Այս երիտասարդները, որոնք իրենց անձնական նախաձեռնութեամբ արդէն իսկ հասած են ուսումնասիրական եւ հրթիռներու օգտագործման բաւական շահեկան աստիճանի մը, պէտք ունին բարոյական ու նիւթական օժանդակութեան: Թերթերը անոնց տուին այդ բարոյական օժանդակութիւնը: Պետութեան նիւթական օժանդակութիւնը պիտի չուշանայ: Այս նամակովս կու գամ ձեզմէ խնդրելու, որ ձեր թերթը հանգանակութիւն մը բանայ այդ նիւթական օժանդակութիւնը ընծայելու համար այս երիտասարդներուն, որոնք վստահաբար շատ պէտք ունին անոր` իրենց աշխատանքները շարունակելու համար: Թոյլ տուէք, որ բանամ այդ հանգանակութիւնը` հարիւր լիբանանեան թղթոսկիի մասնակցութեամբ»:
Յայտնի չէ, թէ Խաչատուրեանին առաջարկած հանգանակութեան շնորհի՞ւ, թէ՞ այլապէս, սակայն իր նամակէն ետք կը կազմուի ակումբին տնտեսապէս օժանդակելու «Հայկազեանի խմբակը քաջալերող յանձնախումբ»-ը` «Comité d՛encouragement du Groupe Haigazian», որուն անդամներն էին` բժ. Իպրահիմ Տաղեր, բժ. Պետրոս Ազնաւուրեան, տիկ. Իսամ Հուսամի, օր. Հիւկեթ Քրէյշաթի եւ տիկ. Մարի-Փոլեթ Գարայեան:
«Ազդակ»-ի 19 սեպտեմբեր 1961-ի համարին մէջ (10) լուսանկար մը, թիւ 10, ցոյց կու տայ բարերարներ` օր. Քրէյշաթին, տիկ. Գարայեանը եւ տիկ. Հուսամին, որոնք ներկայ են Սաննինի արեւելեան լանջին` Զահլէէն Մըրուժ տանող ճամբուն շրջանին հրթիռ արձակելու վայրը, ականատես ըլլալու Հայկազեանի ՀԳՀԱ-ի 6-րդ` «Սիտըր 1»-ի արձակումին, 16 սեպտեմբեր 1961-ին:
«Ազդակ»-ի 23 մայիս 1961-ի` «Հայկազեան քոլեճին գիտական յաջողութիւնները» խորագիրով խմբագրականը նոյնպէս կոչ կ՛ուղղէ նիւթապէս օժանդակելու: Ստորեւ` հատուածներ (11).
«Ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ձեռներէց ոգիի տէր հայ գիտնականը եւ իր աշակերտները կրցան արձակել երկու հրթիռներ` քաջալերուած գիտական այս մարզէն ներս մեծ երկիրներու արձանագրած յաջողութիւններէն:
«Գիտական այս իրագործումը գնահատութեան արժանի է եւ զանգուածներու սեփականութիւնը պէտք է դառնայ երկու նկատառումներով. նախ` անոնց այս նուաճումը պատիւ կը բերէ Լիբանանի, որ արդարօրէն կը հպարտանայ` իբրեւ Միջին Արեւելքի գիտութեան եւ արուեստի կեդրոնը. երկրորդ` նպաստաւոր կերպով կ՛անդրադառնայ մեր ժողովուրդին, որուն զաւակներն են այս յաջողութեան հեղինակները:
Աւարտին` «Այս գնահատանքը կը սպասուի մեր ունեւոր հայրենակիցներէն, որոնց քաջալերութիւնը այդպիսով պիտի երթայ ոչ միայն հայ հրթիռագէտներուն, այլ նաեւ` հաստատութեան մը, որ իր հայադրոշմ հիմքով եւ հայկականութեան խորհրդանիշով պատիւ կը բերէ մեր համայնքին»: Աւելցնեմ, որ 8 յուլիս 1961-ին Մանուկ Մանուկեան եւ ակումբի անդամ Կարօ Պասմաճեան «Ազդակ»-ի խմբագրութիւն կ՛այցելեն եւ տեսակցութիւն կ՛ունենան խմբագրութեան հետ (12):
22 մայիս 2021
Շար 3/4
- Հայկազեան քոլեճի տարեգիրքերէն եւ ուսանողական պարբերաթերթերէն, 1957-1969:
- 1968-ի Լիբանանի Հրթիռներու ակումբին անդամները` դասախօս Հրայր Սահակեան` նախագահ եւ քարտուղար, հազարապետ Ուէհպէ` բանակէն, Ժոզեֆ Սֆէյր` նախապէս բանակէն, Արսէն Թերճիմանեան եւ Յարութ Չէքիճեան` Հայկազեանէն եւ Հայկ Թորոյեան` Ամերիկեան համալսարանէն, «Սփեքթրա», յունիս 1968 (1):
- Հարցազրոյց` Լիբանանի Հրթիռներու ակումբի պատասխանատու Յարութ Չէքիճեանին հետ, «Հայկազեան Հերըլտ» 28-2-1969 (2):
- Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին առաջին անգամ Հայկազեանի հրթիռներուն մասին լուրը` 10 ապրիլ 1961-ին (6):
- «Ազդակ»-ի երկրորդ յօդուածը, որ Մանուկեանին հետ հարցազրոյց մըն է, 12 մայիս 1961-ին (7):
- Լիբանանեան բանակը 16-2-1962-ին հրթիռ արձակելու փոխադրական սարք մը կը նուիրէ ՀԳՀԱ-ին: Հայկազեանի շրջափակին մէջ, Մանուկեան, կեդրոնը, ուսանողներու հետ կը քննէ սարքը (5):
- Երեսփոխան, ճարտարագէտ Էմիլ Մուրշետ Պուսթանի առաջինն էր, որ նիւթական պարգեւով քաջալերեց ՀԳՀԱ-ի նուաճումները:
- Հայկազեան քոլեճի 1961-1962 տարեգիրք «Քլարիոն» (Clarion) էջ 37 (8):
- Ժիրայր Խաչատուրեան հանգանակութեան արշաւի կը սկսի:
- «Հայկազեանի խմբակը քաջալերող յանձնախումբ»-ի անդամներ Սաննինի արձակման վայրին մէջ կը հետեւին հրթիռի պատրաստութեան: Ետին, ձախէն` օր. Քրէյշաթի, տիկ. Գարայեան եւ տիկ. Հուսամի, իսկ աջէն` Ճոն Թիլքեան, Էտ Հարթ, Համբար Գարակէօզեան եւ Մանուկեան` սեւ շապիկով 16-9-1961 (10):
* Լուսաբանութիւնները` իմս:
Հ- Շնորհակալութիւն Հայկազեան համալսարանի հայկական գրադարանի պատասխանատու Վերա Կոստանեանին` արխիւային օժանդակութեան համար:
Ա- Շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ի խմբագրութեան եւ քարտուղար Նելլի Աբրահամեանին` արխիւային օժանդակութեան համար:
(1) Spectra (a student publication), Vol. 7, No. 3, June 1968 p. 8- 9:
(2) Haigazian Herald (a student publication), Vol. 1, No. 4, 28 February 1969, p. 3:
(3) «Տասնամեակի տարեգիրք Հայկազեան քոլեճի» 1955-1965, տպարան «Մշակ», Պէյրութ, էջ 55:
(4) «Նաւասարդ», Հայկազեան քոլեճի Հայկական ակումբի տարեգիրք, 1964, տպարան «Ատլաս», Պէյրութ, էջ 112-114:
(5) Spectra, Vol. 1, No. 3, february 1962, էջ 4:
(6) «Ազդակ» ԼԵ (35*) տարի թիւ 30, 10 ապրիլ 1961, էջ 1:
(7) «Ազդակ» ԼԵ (35*) տարի թիւ 56, 12 մայիս 1961, էջ 2:
(8) Clarion 1961-1962 Haigazian College yearbook, էջ 37:
(9) «Ազդակ» ԼԵ (35*) տարի թիւ 63, 20 մայիս 1961, էջ 3:
(10) «Ազդակ» ԼԵ (35*) տարի թիւ 167, 19 սեպտեմբեր 1961, էջ 1:
(11) «Ազդակ» ԼԵ (35*) տարի թիւ 65, 23 մայիս 1961, էջ 1:
(12) «Ազդակ» ԼԵ (35*) տարի թիւ 106, 10 յուլիս 1961, էջ 3:
www.aztagdaily.com/archives/511784