Սուրիոյ Մէջ Ամերիկեան «Քոնիքօ»-ի Եւ «Օմար»-ի Ռազմակայանները Յարձակումի Ենթարկուեցան
12 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Սուրիոյ մէջ բնական կազի «Քոնիքօ» հանքավայրը, որ ամերիկեան ուժերուն կողմէ Սուրիոյ արեւելքը գտնուող Տէր Զօրի գիւղական շրջանին մէջ իբրեւ ռազմակայան կ՛օգտագործուի, հրասանդի հրթիռներով յարձակումի ենթարկուեցան:
Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Քոնիքօ» մէջ ամերիկեան ռազմակայանին վրայ յարձակումը գործեցին անծանօթներ»:
Ամերիկացի զինուորական պաշտօնատար մը հաստատեց, որ Սուրիոյ արեւելքը գտնուող իր երկրին ուժերը «զէնքերով ուղղակի յարձակումի» ենթարկուած են:
Նշենք, որ անօդաչու թռչող սարք մը անցեալ հինգշաբթի օր քանի մը օրուան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով հարուածած էր Տէր Զօրի արեւելեան գիւղական շրջանի «Օմար» քարիւղի հանքավայրին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանը:
Աւելի ուշ, «Մայատին»¬ի սեփական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Տէր Զօրի հարաւ-արեւմուտքը «Օմար» քարիւղի հանքավայրին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանը երէկ նուազ քան 12 ժամուան ընթացքին երկրորդ անգամ հրթիռակոծումի ենթարկուած է: Ըստ աղբիւրներուն, քարիւղի հանքավայրէն ծուխի սիւներ բարձրացած են, եւ ահազանգի ձայն լսուած է:
www.aztagdaily.com/archives/515586