Ազրպէյճանի Մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Դեսպանները Մերժած Են Այցելել Շուշի
12 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները այցելած են 44-օրեայ պատերազմի պատճառով Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշի եւ Կատարոտ (Ջդրդուզ):
Այցելուներու շարքին եղած են Թուրքիոյ, Փաքիստանի, Իտալիոյ, Աւստրալիոյ, Շուէտի, Լեհաստանի, Իսրայէլի, Պիելոռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ այլ երկիրներու դեսպանները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ¬ի կառոյցներու ներկայացուցիչները: Այս մասին շաբաթ օր հաղորդեց «Մինվալ» կայքը` աւելցնելով, որ այցելութեան նպատակը Շուշի քաղաքին մէջ իրականացուող «վերականգնման եւ վերակառուցման աշխատանքներուն, ազրպէյճանցի ժողովուրդի ազգային¬մշակութային ժառանգութեան» ծանօթանալն էր:
«Սփութնիք Արմենիա» երէկ յղում կատարելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի կառավարութեան հրաւէրով 10 յուլիսին Շուշի այցելած 46 պետութիւններու դեսպաններու շարքին կը բացակայէին երեք տէրութիւններու` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դեսպանները: Այդ երկիրներուն դեսպանները չեն ընդունած Պաքուի հրաւէրը եւ մերժած են մեկնիլ Շուշի:
Դատելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու արձագանգէն` ուղեւորութենէն երեք դեսպաններու հրաժարումը մեծ իրարանցում յառաջացուցած է. տեղի ունեցածը կը կոչեն «քայլ» եւ երեք գերտէրութիւնները կը մեղադրեն «հայամէտ» դիրքորոշում ունենալու յանցանքով:
Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ դիւանագիտական անձնակազմին Շուշի այցելութիւնը կազմակերպուած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի անձնական յանձնարարութեամբ:
Նշենք, որ Հաճիեւ ուղեկցած է դեսպաններուն:
«Մինսքի խմբակը վերջնականապէս մահացած է», կարծիք յայտնած է երկրի նախկին արտաքին գործոց նախարար Թոֆիք Զուլֆիգարով` առաջարկելով «երեք դեսպանները պաշտօնական եւ հասարակական մեկուսացման ենթարկել»:
www.aztagdaily.com/archives/515581