Հայաստան Եւ Հայ Ժողովուրդը Պիտի Չհանդուրժեն Իրենց Իրաւունքներու Ոտնահարումը
20 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող Արմէն Գրիգորեան 20 Յուլիսին ընդունեց Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները:
Հանդիպման առանցքային թեման, ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին հանդէպ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակն էր, մասնաւորաբար` Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ներխուժումը Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերը, ինչպէս նաեւ վերջին մէկ շաբաթուան ընթացքին լարուածութեան նոր օճախի ստեղծումը Արարատի մարզին մէջ` Երասխ բնակավայրի ուղղութեամբ:
Արմէն Գրիգորեան նշեց, որ այդ գործողութիւններուն զուգահեռ, պաշտօնական Պաքուն հանդէս կու գայ Հայաստանի դէմ տարածքային եւ պատմական կեղծ պահանջներով, որոնք յստակօրէն լուսարձակի տակ կը բերեն Ատրպէյճանի զաւթողական նկրտումները Հայաստանի տարածքին հանդէպ:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ողջ հայ ժողովուրդը չի հանդուրժելու իր իրաւունքների նման խախտումներ: Այսօր ՀՀ Զինուած ուժերը լիարժէքօրէն կատարում են Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը երաշխաւորելու իրենց պարտականութիւնները: Հայաստանը գործի է դնելու իր ռազմաքաղաքական ողջ գործիքակազմը` համագործակցելով նաեւ համապատասխան երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով», նշեց Գրիգորեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստան կ՛ակնկալէ միջազգային գործընկերներու յստակ արձագանգը Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային իրաւունքի նմանօրինակ ոտնահարումներուն:
«Հայաստանը պատրաստ է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան կողմից առաջարկուող մօտեցումների հիման վրայ, որոնք վերահաստատում են համանախագահութեան կողմից մշակուած սկզբունքները, այդ թւում ինքնորոշման իրաւունքը, ներգրաւուելու ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացում», յայտնեց Գրիգորեան:
asbarez.am/հայաստան-եւ-հայ-ժողովուրդը-պիտի-չհանդ/