ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – 20 Փետրուար 1988. Արցախը Հայաստանին Միացնելու ԼՂԻՄի Պատմական Դիմումը եւ Արցախեան Ազատագրական Շարժումին Երեւանեան Առաջին Մեծ Ցոյցը

ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ԽՈՅԻ(ՀԱՅԻ) ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ, ՈՐԸ ՊԻՏԻ ՋՆՋԻ ՁԿԱՆ ԹՈՂԱԾ ԱՐՀԱՎԻՐՔԸ, ՈՐԸ ԳԼԽԻՑ ԱՐԴԵՆ ՀՈՏԱԾ ԷՐ...

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – 20 Փետրուար 1988. Արցախը Հայաստանին Միացնելու ԼՂԻՄի Պատմական Դիմումը եւ Արցախեան Ազատագրական Շարժումին Երեւանեան Առաջին Մեծ Ցոյցը

20 Փետրուար 2019

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Յօդուածներ, – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Փետ­րո­ւար 20ի այս օ­րը ի­րա­ւա՛մբ եւ ըստ ա­մե­նայ­նի՛ կը խորհր­դանշէ վե­րած­նուն­դի պատ­մա­կան դար­ձա­կէ­տը հայ ժո­ղո­վուր­դի ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան։ Ինչ­պէս որ ար­ցա­խեան «Ա­պա­ռաժ» թեր­թը տա­րի մը ա­ռաջ այ­սօ­րո­ւան թո­ւա­կիր իր կայ­քէ­ջով կը յի­շեց­նէր՝ «1988ի ­Փետ­րո­ւա­րի 20ին ­Ղա­րա­բա­ղեան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը Ար­ցա­խից հա­սաւ Ե­րե­ւան. ­Թա­տե­րա­կան հրա­պա­րա­կում հա­զա­րա­ւոր մարդ­կանց մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին հան­րա­հա­ւա­քը: Այն դար­ձաւ Ար­ցա­խեան ­Շարժ­ման հա­ւաք­նե­րի վայ­րը՝ հե­տա­գա­յում ա­նո­ւա­նա­փո­խո­ւե­լով Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կի։

«Հ­րա­պա­րակն ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի հե­տա­գայ տաս­նա­մեակ­նե­րին եր­բեք այդ­քան մար­դա­շատ չի ե­ղել։ «Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տա­նի ան­բա­ժա­նե­լի մասն է», «­Կեց­ցէ՛ այն ­Հա­յաս­տա­նը, ո­րը վաղն է գա­լու».- հան­րա­հա­ւաք­նե­րի ըն­թաց­քում հնչող ե­լոյթ­ներն ու մաս­նա­կից­նե­րի պար­զած պաս­տառ­նե­րի գրու­թիւն­նե­րը հե­տա­գա­յում դար­ձան շարժ­ման պատ­մու­թիւ­նը խտաց­նող խօս­քեր սե­րունդ­նե­րի հա­մար: «­Ցոյ­ցե­րի ա­ւան­դա­կան վայր դար­ձաւ նաեւ ­Մա­տե­նա­դա­րա­նին յա­րող տա­րած­քը։

«1988ի ­Փետ­րո­ւա­րի 20ին ԼՂԻՄի ­Ժո­ղովր­դա­կան ­Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րի ­Խորհր­դի ար­տա­հերթ նստաշր­ջա­նը ո­րո­շում կա­յաց­րեց՝ դի­մե­լով Ադր­բե­ջա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Խորհր­դին, նրա կազ­մից դուրս գա­լու մա­սին, եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Խորհր­դին՝ իր կազ­մում ընդգր­կե­լու վե­րա­բե­րեալ, իսկ ԽՍՀՄին՝ այդ խնդրան­քը բա­ւա­րա­րե­լու կո­չով, հիմ­նո­ւած՝ ԽՍՀՄ նման տի­պի վի­ճա­յա­րոյց հար­ցե­րի լուծ­ման հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած բո­լոր ի­րա­ւա­կան նոր­մե­րի ու նա­խա­դէ­պե­րի վրայ: «­Սա­կայն ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կա­մար­տա­յայտ­ման ու ա­մէն ինչ քա­ղա­քա­կիրթ ճա­նա­պար­հով տա­նե­լու իւ­րա­քան­չիւր քայ­լին յա­ջոր­դեց հայ բնակ­չու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած բռնու­թեան ա­լի­քը, հայ ժո­ղովր­դի ի­րա­ւունք­նե­րի հա­մա­տա­րած ոտ­նա­հա­րու­մը, ժո­ղովր­դագ­րա­կան էքս­պան­սիան (ծա­ւա­լո­ղա­կա­նու­թիւ­նը), տնտե­սա­կան շրջա­փա­կու­մը եւ այլն:

Սկ­սո­ւե­ցին Լ.Ղ.Ի.Մ.ից հա­րիւ­րա­ւոր կի­լո­մետ­րե­րի հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող Ադր­բե­ջա­նի քա­ղաք­նե­րի՝ ­Սում­գա­յի­թի, ­Բա­քո­ւի, ­Կի­րո­վո­բա­դի, ­Շամ­խո­րի հայ բնակ­չու­թեան ջար­դերն ու զան­գո­ւա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րը, ար­դիւն­քում՝ հա­րիւ­րա­ւոր մար­դիկ զո­հո­ւե­ցին ու վի­րա­ւո­րո­ւե­ցին: Ադր­բե­ջա­նի քա­ղա­քա­նե­րի եւ գիւ­ղե­րի մօտ 450 հա­զար հայ բնա­կիչ փախս­տա­կան­ներ դար­ձան»:

Այդ­պէ՛ս, ­Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րե­րուն, Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն մին­չեւ հա­յաշ­խար­հի հե­ռա­ւոր ա­փե­րը, մեր ժո­ղո­վուր­դը դար­ձեալ կը տօ­նէ տա­րե­դար­ձը Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մի հե­րո­սա­կան շղթա­յա­զեր­ծու­մին։ Կը տօ­նէ՝ — թէ՛ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րը, թէ՛ նոյ­նինքն Ար­ցա­խի հա­յա­պատ­կան ինք­նիշ­խա­նու­թիւնն ու գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը սե­փա­կան ու­ժե­րով վե­րա­կանգ­նած Ազ­գի ինք­նավս­տա­հու­թեամբ, — թէ՛ ի­րեն պար­տադ­րո­ւած ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով պա­տե­րազ­մէն յաղ­թա­կան դուրս ե­կած հե­րո­սա­տիպ ­Ժո­ղո­վուր­դի հպար­տու­թեամբ, — թէ՛ հա­զա­րա­ւոր նո­ւի­րեալ­նե­րու գե­րա­գոյն անձ­նա­զո­հու­թեամբ յա­ռաջ մղո­ւած Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան ­Շար­ժու­մը շա­րու­նա­կե­լու, Ար­ցա­խի ան­կա­խա­ցու­մը ­Հա­յաս­տա­նի հետ միաց­ման ճամ­բով ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեամբ պսա­կե­լու ­Պե­տա­կա­նա­տէր Ազ­գի հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ։ Պատ­մու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րեց, որ 1988 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւար 20ին, այդ ժա­մա­նակ ­Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մարզ կար­գա­վի­ճա­կով ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան մաս կազ­մող, բայց ստա­լի­նեան հրա­հան­գով ատր­պէյ­ճա­նա­կան ուղ­ղա­կի հա­կակշ­ռի տակ դրո­ւած հա­յոց հայ­րե­նի Ար­ցա­խը ծա­ռա­ցաւ ի­րեն պար­տադ­րո­ւած ստոյգ կոր­ծան­ման վտան­գին դէմ։

Պատ­մա­կերտ այդ օ­րը, «ար­տա­յայ­տե­լով ժո­ղովր­դին կամ­քը` ԼՂԻՄ ­Մարզ­խորհր­դի 20րդ գու­մար­ման ար­տա­հերթ նստաշր­ջա­նը ըն­դու­նեց պատ­մա­կան ո­րո­շում, ո­րով ազ­դա­րա­րո­ւե­ցաւ իր ճա­կա­տա­գի­րը տնօ­րի­նե­լու ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վճռա­կա­մու­թիւ­նը»:

Պատ­մա­կան այդ ո­րո­շու­մին հե­տե­ւե­ցան օր­հա­սա­կան պայ­քա­րի ա­րիւ­նա­լի տա­րի­ներ, ո­րոնք յատ­կան­շո­ւե­ցան մէկ կող­մէ ա­զե­րի փան-թուր­քա­կան­նե­րու գոր­ծադ­րած հա­յաս­պա­նա­կան ո­ճիր­նե­րով եւ Ար­ցա­խի հա­յա­թափ­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով, իսկ միւս կող­մէ հա­մաթր­քա­կան այդ մո­լեգ­նու­թեան ֆե­տա­յա­բար դի­մադ­րող, թշնա­մին պար­տու­թեան մատ­նող եւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան կռո­ւի շղթա­յա­զերծ­ման յաղ­թա­կան խո­յան­քի հե­րո­սա­պա­տու­մով։

Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մին շղթա­յա­զեր­ծու­մը իր յաղ­թա­կան պսա­կու­մին ար­ժա­նա­ցաւ 1991 թո­ւա­կա­նի ­Դեկ­տեմ­բեր 10ի հան­րա­քո­ւէով, երբ «Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը ամ­րագ­րեց ինք­նո­րոշ­ման իր ճա­նա­չո­ւած ի­րա­ւուն­քը` հաս­տա­տե­լով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը` որ­պէս ա­զատ, ան­կախ, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պե­տու­թիւն»:

Փետ­րո­ւար 1988ի օրհ­նա­բեր այդ օ­րե­րէն աս­դին 31 տա­րի­ներ թա­ւա­լած են եւ, Ար­ցա­խի հետ, ողջ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ազ­գա­յին վե­րա­կանգ­նու­մի ու ինք­նա­հաս­տատ­ման Ու­ղին հար­թած են։ ­Վե­րան­կա­խա­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։ Հռ­չա­կո­ւած ու կա­յա­ցած է ա­զատ ու ան­կախ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։

Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի նո­րա­գոյն փու­լին շնոր­հիւ, ի­րո­ղա­պէս նո­ւա­ճուած է հայ­կա­կան Ար­ցա­խի ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը։ Հաս­տա­տագ­րո­ւած ու ար­մա­տա­ւո­րո­ւած է Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ ա­պա­հո­վո­ւած է Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հետ ա­նոր ցա­մա­քա­յին ա­նար­գել եր­թե­ւե­կի՝ ի­րո­ղա­կա՛ն միաց­ման կա­պը։

Թէեւ ա­զա­տագ­րեալ տա­րածք­նե­րու մեծ մա­սը տա­կա­ւին սուր կա­րի­քը ու­նի վե­րա­նո­րոգ­ման, վե­րաբ­նա­կեց­ման ու զար­գաց­ման, այ­սու­հան­դերձ՝ Ար­ցա­խը հաս­տա­տուն քայ­լե­րով կ’ա­ռա­ջա­նայ պե­տա­կան շի­նա­րա­րու­թեան՝ տնտե­սա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան ընդ­հա­նուր վե­րա­կանգն­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ցե­ղաս­պա­նա­կան «մաք­րազտ­ման», տե­ղա­հա­նու­թեան, ա­ւեր­ման ու ա­ւար­ման ծան­րա­գոյն հա­րո­ւած­ներ եւ վտանգ­ներ դի­մագ­րա­ւե­լու, պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ յաղ­թա­նա­կե­լու եւ մո­լեգ­նած ո­սո­խին զի­նա­դա­դար պար­տադ­րե­լու ա­ւե­լի քան ե­րեք տաս­նա­մեակ ապ­րե­ցաւ ապս­տամբ՝ այ­լեւ հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խը։ ­Մեծ զրկանք­նե­րու եւ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գնով Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը Ու­ղի հար­թեց, եւ ոչ միայն ար­ցախ­ցիին հա­մար։

Որ­քան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, նոյն­քան զի­նա­դա­դա­րի եւ խա­ղա­ղու­թեան տա­րի­նե­րը դժուար ե­ղան։ Ար­տա­քին ու թշնա­մա­կան ճնշում­նե­րը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն փոր­ձե­ցին, յա­նուն Ար­ցա­խեան ­Հար­ցի բա­նակ­ցա­յին կար­գա­ւոր­ման, Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան պար­տադ­րել, որ ա­րեան գնով ա­զա­տագ­րո­ւած Ար­ցա­խը վերստին են­թար­կո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նի տի­րա­կա­լու­թեան։

31 տա­րի ա­ռաջ, ­Փետ­րո­ւա­րի 13էն սկսեալ, ժո­ղովր­դա­յին հա­ւաք­նե­րով ու եր­թե­րով՝ ­Մայր Հա­յաս­տա­նին միա­նա­լու պա­հան­ջով ոտ­քի ե­լաւ Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը։ Իսկ այ­սօր, Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն թափ ա­ռած ­Միաց­ման ­Շար­ժու­մէն 31 տա­րի ետք, ա­զատ ու ան­կախ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քին ար­դէն կազ­մա­ւո­րո­ւած է եւ ազ­գա­յին-հա­ւա­քա­կան մեր յաղ­թար­շա­ւը յա­ռաջ կը մղէ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու պե­տա­կա­նա­կերտ նոր ­Սե­րունդ, որ չու­նի իր նա­խորդ­նե­րուն ատր­պէյ­ճա­նա­կան լու­ծի տակ ապ­րուած դառն ու դա­ժան ժա­մա­նակ­նե­րու յի­շո­ղու­թիւ­նը։

Ա­ւե­լի՛ն. ա­զատ ու ան­կախ Ար­ցա­խի ծնունդ եւ պա­հա­պան այդ ­Սե­րուն­դը ամ­բող­ջա­պէ՛ս ու­նի խոր գի­տակ­ցու­թիւ­նը իր ժա­ռան­գած մե­ծա­գոյն հարստու­թեան, որ սե­փա­կան ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին ու ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հին ան­բա­ժան մա­սը կազ­մե­լու, ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թեան ա­զատ եւ ան­կախ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քին ամ­րագ­րումն է։ ­Մա­նա­ւանդ որ այդ ժա­ռան­գու­թեան նո­ւա­ճու­մին հա­մար, ծան­րա­գոյն գին վճա­րո­ւած է սե­փա­կան ըն­տա­նի­քէն հա­րա­զա­տի կո­րուս­տով, որ­բա­ցու­մով եւ հաշ­ման­դա­մու­թեամբ…

Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մին 30ա­մեայ ա­ւան­դին ընդ­հա­նուր ար­ժե­ւոր­ման նո­ւի­րո­ւած ո­րե­ւէ անդ­րա­դարձ ան­պայ­ման իր հետ կը բա­նայ, նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ, հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ջրբա­ժա­նը հան­դի­սա­ցող հայ ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ու ­Հայ ­Դա­տի մեր ժա­մա­նակ­նե­րու ռազ­մա­վա­րու­թեան կի­զա­կէ­տին՝ Ար­ցա­խեան ա­րե­ւե­լու­մին նո­րո­վի ար­ժե­ւոր­ման մե­ծա­դիր հար­ցը։

Նախ յա­նուն պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան պէտք է ընդգ­ծել, որ Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տա­նին վե­րա­միաց­նե­լու գլխա­ւոր պա­հան­ջին ու ա­ռա­ջադ­րան­քին շուրջ միաս­նա­կան դիր­քո­րո­շում ու­նե­նա­լով հան­դերձ՝ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը, շարժ­ման ա­ռա­ջին իսկ պոռթ­կու­մի օ­րե­րէն, տա­րա­կար­ծիք ե­ղաւ պայ­քա­րի յար­մա­րա­գոյն ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը որ­դեգ­րե­լու հար­ցին շուրջ։

Սկզբ­նա­պէս զի­նեալ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան դի­մե­լու եւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քար շղթա­յա­զեր­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան շուրջ թեր ու դէմ տե­սա­կէտ­նե­րու եւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու ար­ծար­ծու­մով ծա­ւա­լե­ցաւ բա­նա­վէ­ճը։ Իսկ ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին եւ հայ­կա­կան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­մար­տու­թեան շի­կաց­ման ու բար­դաց­ման հետ՝ ջրբա­ժան ա­ռա­ջա­ցաւ մէկ կող­մէ այս­պէս կո­չո­ւած մե­ծա­պե­տա­կան ճնշում­նե­րուն հետ քայլ պա­հե­լու «ի­րա­տե­սու­թեան», իսկ միւս կող­մէ՝ ա­զա­տագ­րո­ւած հայ­րե­նա­կա­նը ա­մէն գնով պահ­պա­նե­լու «ծայ­րա­յե­ղա­կան» ո­րա­կո­ւած, բայց էա­պէ՛ս յե­ղա­փո­խա­կան ա­րե­ւե­լու­մին մի­ջեւ։

Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մի շրջա­դար­ձա­յին բո­լոր փու­լե­րուն կրնկա­կոխ հե­տե­ւե­ցաւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ներ­քին այս բե­ւե­ռա­ցու­մը, ի վեր­ջոյ 1997ին յան­գե­լու հա­մար Հ.Հ. անդ­րա­նիկ նա­խա­գահ ­Լե­ւոն ­Տէր-­Պետ­րո­սեա­նի «­Պա­տե­րա՞զմ, թէ՞ խա­ղա­ղու­թիւն» ձե­ւա­կեր­պու­մով յայտ­նի երկ­փեղ­կու­մին։ ­Թէեւ օ­րին ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ հա­մա­կեր­պու­մի եւ ձեռն­թա­փու­թեան ու­ղի ա­ռա­ջադ­րող այդ մո­լո­րան­քը՝ խա­ղաղ իշ­խա­նա­փո­խու­թեան ճա­նա­պար­հով, բայց Ար­ցա­խեան ­Հար­ցի կար­գա­ւոր­ման յար­մա­րա­գոյն ու­ղին ճշդո­րո­շե­լու եւ որ­դեգ­րե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ խնդի­րը կազ­մեց ու մնաց կի­զա­կէ­տը հայ քա­ղա­քա­կան մտքի Ար­ցա­խեան ­Պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ե­րես­նա­մեայ եր­թին։ Ա­ւե­լի՛ն. Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մի 31ա­մեայ ո­գո­րում­նե­րուն ճամ­բով հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը բիւ­րե­ղա­ցուց եւ ար­մա­տա­ւո­րեց հայ­րե­նի հո­ղի նոյ­նիսկ մէկ թի­զին պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ա­մէն բա­նէ վեր դա­ւա­նե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը։

Եւ որ­քան ժա­մա­նա­կը թա­ւա­լե­ցաւ ու ատր­պէյ­ճա­նա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րը յան­գե­ցան ա­մէ­նօ­րեայ ոտնձ­գու­թեանց վտան­գին, այն­քան հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը իր բո­լոր թե­ւե­րով ու հա­տո­ւած­նե­րով միա­հա­մուռ տէր կանգ­նե­ցաւ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան ա­րե­ւե­լու­մին։

Յատ­կա­պէս 2016ի Ապ­րի­լին ատր­պէյ­ճա­նա­կան յան­կար­ծա­կի՝ ա­նակն­կալ հա­րո­ւա­ծող ա­նարգ գրո­հէն, ան­զէն ու խա­ղաղ հայ մար­դոց խող­խո­ղու­մէն եւ ար­ցա­խեան հո­ղի – ­նոյ­նիսկ մէկ բուռ հո­ղի — բռնագ­րա­ւու­մէն ետք, հայ ժո­ղո­վուր­դը ի ­Հա­յաս­տան թէ սփիւռս աշ­խար­հի մէկ մար­դու պէս ոտ­քի կանգ­նե­ցաւ յա­նուն Ար­ցա­խի ե՛ւ ժո­ղո­վուր­դին, ե՛ւ սրբա­ցո­ւած հո­ղին պաշտ­պա­նու­թեան բո­լոր կռո­ւան­նե­րուն ա­մէն գնով ամ­րապն­դու­մին։

Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մին կա­րե­ւո­րա­գոյն պար­գե­ւը ա՛յս յաղ­թա­նակն է ան­կաս­կած, որ ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը տա­րաւ իր ներ­սի­դին ծո­ւա­րած հա­մա­կեր­պու­մի ու պար­տո­ւո­ղա­կան «ի­րա­տե­սու­թեան» դէմ։ Ժա­մա­նա­կը, փաս­տօ­րէն, հիմ­նո­վին սրբագ­րեց ութ­սու­նա­կան­նե­րու վեր­ջե­րէն ե­կած խար­խա­փու­մի ա­մէն կար­գի տա­րա­զում­ներն ու բե­ւե­ռաց­ման եզ­րե­րը։

Բիւ­րե­ղա­ցաւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի պա­հան­ջա­տի­րա­կան կողմ­նո­րո­շու­մը, ո­րուն հետ նաեւ պե­տա­կան այն մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, թէ Ար­ցա­խեան ­Հար­ցի բա­նակ­ցա­յին եւ ար­դար կար­գա­ւոր­ման ու­ղին կ’անց­նի ի­րա­պէ՛ս փոխ-զի­ջում­նե­րու եւ ոչ թէ միայն հայ­կա­կան կող­մի զի­ջում­նե­րու կա­ծան­նե­րէն։ Ա­զա­տագ­րեալ Ար­ցա­խին ազ­գո­վին եւ պե­տա­կա­նօ­րէն տէր կանգ­նե­լու, դէ­պի ­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին ամ­բող­ջա­կան յաղ­թա­նա­կը յա­ռա­ջա­նա­լու ռազ­մա­վա­րա­կան այս ա­րե­ւե­լու­մին հու­նա­ւո­րումն ու ար­մա­տա­ւո­րու­մը կը յու­շէ Ար­ցա­խեան ­Շար­ժու­մին հե­րո­սա­կան շղթա­յա­զերծ­ման 31րդ ­տա­րե­դար­ձը։

asbarez.am/20-Փետրուար-1988-Արցախը-Հայաստանին-Միացնել/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail