Էրտողան Եւ Թուրք Կիպրացիներու Ղեկավարը Յայտարարած Են Բռնագրաւեալ Ֆամակուսթա Քաղաքի Մէկ Մասին Վերաբացման Մասին

Turkish media concerned over maps of Armenian Genocide in Jerusalem

Էրտողան Եւ Թուրք Կիպրացիներու Ղեկավարը Յայտարարած Են Բռնագրաւեալ Ֆամակուսթա Քաղաքի Մէկ Մասին Վերաբացման Մասին

24 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ ինքնահռչակ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան ղեկավար Էրսին Թաթար յայտարարած են Կիպրոսի գրաւեալ տարածքին մէջ գտնուող Ֆամակուսթա քաղաքի մէկ մասին վերաբացման մասին: Այս մասին կը գրէ «Ահվալ» օրաթերթը:

Թաթար նշած է, որ քաղաքի տարածքին 3,5 առ հարիւրին մէջ պիտի վերցուի զինուորական դրութիւնը, եւ անիկա քաղաքային կարգավիճակ պիտի ստանայ: Ան այս մասին յայտարարած է Էրտողանի` Հիւսիսային Կիպրոս այցելութեան ընթացքին, որ կայացած էր Կիպրոս թրքական ներխուժման 47-ամեակին առիթով:

Թուրքիոյ նախագահը իր արտասանած խօսքի ընթացքին խօսած է «Թրքական Կիպրոսի թշնամիներուն մասին»` ըսելով. «Անոնք խօսքեր կ՛արտասանեն Կիպրոսի մասին, սակայն մեզի չի հետաքրքրեր, թէ ի՛նչ կը խօսին»:

Թուրքիոյ նախագահը դարձեալ անդրադարձած է Կիպրոսի մէջ երկու պետութիւն ստեղծելու տարբերակով հարցի լուծման` քննադատելով Եւրոպական Միութիւնը, որ մերժած է տագնապին նման լուծումը:

Թուրքիոյ նախագահի հաղորդակցութեան հարցերով տնօրէն Ֆահրեթին Ալթուն աջակցութիւն յայտնած էր Կիպրոսի մէջ երկու պետութիւններու ստեղծման: «Երկու կողմերը չեն կրնար միասին նոյն յարկին տակ ապրիլ: Մենք պէտք է իրատես ըլլանք, եթէ չենք ուզեր այս վէճը մեր երեխաներուն փոխանցել», ըսած էր Ալթուն, ինչին ի պատասխան Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս նշած էր, որ ժամանակը կ՛անցնի, սակայն ոչ ոք կը մոռնայ 1974-ի ներխուժումը, եւ շեշտած, որ այս հարցին մէջ Յունաստանի տեսակէտը անփոփոխ է:

Միջազգային Հակազդեցութիւն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն դատապարտեց Թուրքիոյ նախագահի` Ֆամակուսթայի Վարոշա շրջանը վերաբանալու ծրագիրը` նշելով. «Միացեալ Նահանգներ թուրք կիպրացիներու` Թուրքիոյ աջակցութեամբ Վարոշայի մէջ կատարածը կը նկատեն գրգռութիւն եւ անընդունելի, անիկա չի համապատասխաներ անցեալին խաղաղութեան բանակցութիւններուն շինիչ կերպով մասնակցելու վերաբերեալ իրենց ստանձնած յանձնառութիւններուն»:

Նշենք, որ Վարոշան Կիպրոսի արեւելքը գտնուող «ուրուականներու քաղաք» մըն է, որ կէս դարէ ի վեր լքուած է իր բնիկ յոյն կիպրացի բնակչութենէն, իսկ այժմ կիպրացի թուրքերը կ՛ուզեն Անգարայի աջակցութեամբ զայն վերաբանալ իրենց վերահսկողութեան տակ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան աջակցութիւն յայտնեց Կիպրոսին` նշելով, որ ինք խօսած է իր կիպրացի պաշտօնակիցին հետ եւ այդ հարցը պիտի արծարծէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս Երուսաղէմի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնած են Թուրքիոյ կողմէ Վարոշա քաղաքի կարգավիճակը փոխելու մտադրութեան նկատմամբ:

Genocide against Armenians committed by the Ottoman Empire between 1894-1922 – Today the Turkish government

aztagdaily.com/archives/516759

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail