«ՏԱՀԵՇ-ին Յարմար Պահուն Հարուածելու Պիտի Ծրագրենք, Եւ Թալեպան Շարժումին Հետ Հասարակաց Շահեր Ունինք» Կ՛ըսէ Պայտըն
28 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց. «Քապուլի մէջ տեղի ունեցաւ յարձակումը, որմէ զգուշացուցին գաղտնի սպասարկութիւնները, եւ անիկա պատճառ դարձաւ շարք մը ամերիկացիներու եւ քաղաքայիններու սպանութեան»: Ան նշեց. «Աւելի քան 100 հազար ամերիկացի եւ աֆղան քաղաքացիներ հեռացուեցան երկրէն, ինչ որ իր տեսակին մէջ օդանաւերու միջոցով հեռացման մեծագոյն գործողութիւնն է»:
Պայտըն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ուաշինկթընի մէջ ղեկավարները հարցին մանրամասնութեամբ կը հետեւին, իսկ Աֆղանիստանի մէջ գետնի վրայ կացութիւնը տակաւին կը զարգանայ»: Ան նշեց, որ իրենք պիտի շարունակեն «գործադրել ամերիկացի զինուորներու ընտանիքներուն նկատմամբ մեր սրբազան յանձնառութիւնը, եւ ես գիտեմ, թէ անոնք ճիշդ ի՛նչ կը զգան»:
«Քապուլի մէջ այս յարձակումը գործողները գիտեն, որ մենք չենք ներեր ու չենք մոռնար, եւ զանոնք պիտի հետապնդենք, որպէսզի գինը վճարեն», յայտարարեց Պայտըն` նշելով. «Գոյութիւն ունէին տեղեկութիւններ, թէ ՏԱՀԵՇ-ը` Թալեպան շարժումի ոխերիմ թշնամին, մեր վրայ յարձակումներ կը ծրագրէ: Մենք գիտէինք, որ Աֆղանիստանէն հեռացման գործողութիւնները ապահովական սպառնալիքներու պատճառով շատ դժուար պայմաններու մէջ տեղի պիտի ունենան»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը շեշտեց, որ իրենք կը ծրագրեն «յարմար պահուն ՏԱՀԵՇ-ը հարուածելու, եւ այս թշնամին մեզ ետ պիտի չկանգնեցնէ»:
«Բաւարար գիտակցութիւնը ունինք, ինչ որ մեզ կարող կը դարձնէ գիտնալու, թէ Քապուլի յարձակումը գործողները որո՛նք են, եւ պիտի քննարկենք զանոնք պատժելու միջոցները, ուր որ ալ ըլլան անոնք, եւ ես Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացի ղեկավարներէն պահանջեցի Խորասանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ծրագիրներ մշակել», ըսաւ Պայտըն:
«Բանակին յայտնեցի, որ պատրաստ ենք Աֆղանիստանի մէջ յաւելեալ ուժեր ապահովել, եթէ ատիկա ուզեն, սակայն ղեկավարները առաքելութիւնը պահեցին ինչպէս որ է», աւելցուց ան:
«Թալեպան շարժումին հետ հասարակաց շահեր ունինք, եւ գետնի վրայ չկայ տեղեկութիւն, թէ անոնց եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ մեղսակցութիւն կայ», շեշտեց Պայտըն:
www.aztagdaily.com/archives/520572