Արեւմտեան Հայաստանի Դատը Մոռնալու Էրտողանեան Նախապայման Մը

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Արեւմտեան Հայաստանի Դատը Մոռնալու Էրտողանեան Նախապայման Մը

08 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝: – Թուրքիոյ հանրապետութեան պետական ռեժիմի պաշտօնեաները եւ քոչուոր թափառաշրջիկ թուրքերը

Ա. Ա.

Արցախեան երկրորդ պատերազմէն շուրջ չորս ամիս առաջ Անգարայի մէջ գումարուեցաւ Թուրքիոյ պետական բարձրագոյն խորհուրդին նիստը, որուն ընթացքին, ինչպէս յայտարարեց Ռեճեփ Էրտողան, քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար գործող հայկական լոպիինկին դէմ դնելու միջոցները եւ քայլերը: Ապա պայթեցաւ արցախեան երկրորդ պատերազմը, որ աւարտեցաւ հայկական կողմին պարտութեամբ: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն մասնակցութեամբ Պաքուի մէջ կայացած «յաղթանակի փառատօն»-ին ընթացքին արտասանած իր խօսքէն ետք յառաջացած բողոքի ալիքին պատճառով պահ մը հռետորաբանութիւնը մեղմացնելէ ետք, վերջին շրջանին Էրտողան եւ Ալիեւ դարձեալ սկսած են խօսիլ այնպիսի ոճով մը, որ կը մէկտեղէ իբր թէ խաղաղութեան կոչեր` նախապայմաններու գործադրութեամբ, որոնք խորքին մէջ երկու նպատակ կը հետապնդեն: Նախ` Արցախը վերածել ազրպէյճանական տարածքի մը: Նաեւ` մոռացութեան տալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ խորքին մէջ Արեւմտեան Հայաստանի դատին թաղումն է:

Էրտողանէն նախապայմանով յարաբերութիւններու կարգաւորման դիմում մը

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Մոնթենեկրօ կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդրին եւ յայտարարեց, որ Անգարա պատրաստ է Երեւանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու` բարի դրացնութեան եւ իրարու հողային ամբողջականութեան ճանաչման հիմամբ:

Լրագրող մը հարց տուաւ, թէ Անգարա ի՛նչ հակազդեցութիւն ունի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութեան, թէ` Երեւան դրական ազդակներ ստացած է Թուրքիայէն եւ համապատասխան արձագանգ պիտի տայ: «Կը յուսամ, որ Երեւանի նոր կառավարութեան գործունէութիւնը օգտակար կ՛ըլլայ Հարաւային Կովկասի համար: Մեր շրջանին մէջ նոր եւ շինիչ մօտեցումներու կարիքը կայ: Հակառակ կարծիքներու եւ ակնկալութիւններու տարբերութիւններուն` վստահութեան հիմամբ բարի դրացնութեան յարաբերութիւններ զարգացնելու անկեղծ ջանքերը պատասխանատու մօտեցում կ՛ըլլան` հիմնուած իրարու հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան ճանաչման վրայ», պատասխանեց Էրտողան:

Նշելով, որ նորագոյն պատմութիւնը պէտք չէ թշնամութեան աղբիւր ըլլայ, Էրտողան ըսաւ, որ եթէ Երեւան պատրաստ է այս ուղղութեամբ քայլեր առնելու, Անգարա կրնայ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման աշխատանքի սկսիլ: «Ժամանակն է կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը մնայուն դարձնելու եւ պայմաններ ստեղծելու` տնտեսական զարգացման եւ հարաւկովկասեան համագործակցութեան համար», աւելցուց ան:

Ըստ Էրտողանի, Ազրպէյճանի իշխանութիւններն ալ այս տեսակէտին համաձայն են, պնդելով, որ Պաքու Երեւանի առաջարկած է բանակցութիւններու սկսելու` համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու նպատակով:

Թուրքիոյ նախագահին առաջարկը` իրարու հողային ամբողջականութեան ճանաչման եւ բարի դրացնութեան հիմամբ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ, հայաստանեան քաղաքական շրջանակներու մէջ տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացաւ: Ոմանք շեշտեցին, որ Էրտողան նախապայմաններու լեզուով կը խօսի, ուրիշներ պնդեցին, որ Թուրքիոյ նախագահին առաջարկը ոչ մէկ նախապայման ունի. բայց շատ յստակ է, թէ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան ճանաչում ի՛նչ ըսել է: Ներկայ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան ճանաչման պարագային, ի՞նչ պիտի ըլլայ Արեւմտեան Հայաստանի դատը: Այլ խօսքով, աւելի համապարփակ ծիրի մը մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Երբ կը ճանչնաս Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը, պաշտօնապէս կը փակես Հայ դատի թղթածրարը: Էրտողանի պահանջն ալ ասիկա է:

Դիւանագիտական եռուզեռ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Մոսկուայի մէջ յայտարարեց, որ եթէ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան որեւէ համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններ կայանան, ապա անոնց ընթացքին պէտք է անպայման քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը` Մինսքի խումբի համանախագահութեան ճշդած սկզբունքներուն հիմամբ: Միրզոյեանի այս յայտարարութիւնը յստակ պատասխան մըն էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, որ Ազրպէյճան պատրաստ է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի մը կնքման, եթէ Հայաստան ճանչնայ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, որ խորքին մէջ Արցախէն հրաժարիլ կը նշանակէ:

Միրզոյեան շեշտեց, որ ներկայիս Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի մը շուրջ բանակցութիւններ չկան: Ան նաեւ ըսաւ,որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատումը Հայաստանի պետութեան ռազմավարութիւնն է, բայց խաղաղութեան հաստատումը կը խոչընդոտուի Ազրպէյճանի ոչ շինիչ քաղաքականութեան պատճառով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ քանի մը անգամ շեշտեց ,որ Ազրպէյճան չի կատարեր ինը նոյեմբերի համաձայնութեան կէտերը, իր ուզած ձեւով կը մեկնաբանէ համաձայնութեան դրոյթները եւ ընդհանրապէս կը խախտէ միջազգային օրէնքը:

Լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, Միրզոյեան Լաւրովի հետ իր խօսակցութեան ընթացքին նաեւ շեշտած է, որ պատերազմական բոլոր հայ գերիները պէտք է հայրենիք վերադառնան: Ան շնորհակալական խօսքեր ուղղած է Ռուսիոյ իշխանութիւններուն, որոնց ճիգերուն շնորհիւ պատերազմական հայ գերիներէն խումբ մը հայրենիք վերադարձաւ:

Լաւրով սակայն բաւական ազրպէյճանամէտ յայտարարութիւն մը կատարեց, երբ շեշտեց, որ ինը նոյեմբերին կնքուած եռակողմ համաձայնութեան ութերորդ կէտը կը խօսի պատերազմական այն գերիներուն մասին, որոնք գերեվարուած են պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին: Սակայն այսօր Պաքու կը գտնուին մարդիկ, որոնք գերեվարուած են պատերազմական գործողութիւններուն աւարտէն ետք: Ըստ Լաւրովի, պատերազմական հայ բոլոր գերիներուն հայրենադարձութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ լաւ քայլ մը պիտի ըլլար` խաղաղութեան հաստատման նպատակով: Ան նոյն գնահատականը տուաւ Հայաստանի, որ եթէ ականապատուած բոլոր տարածքներուն քարտէսները Ազրպէյճանի յանձնէ, խաղաղութեան ուղղուած լաւ քայլ մը առած պիտի ըլլայ:

Մինչ, Լաւրով, դարձեալ շեշտեց սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն սկսման կարեւորութիւնը, Միրզոյեան ընդգծեց, որ Ազրպէյճան խախտած է միջազգային օրէնքը, երբ տասներկու մայիսին ազրպէյճանական զօրամիաւորումներ Հայաստանի միջազգային սահմանը հատեցին եւ տարածքներ գրաւեցին:

Դիւանագիտական եռուզեռին մէջ նշանակալից եղան նաեւ Մինսքի խումբի ռուս նորանշանակ համանախագահ Իկոր Խովայեւի Պաքու այցելութիւնը եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ տեսակցութիւնը, որուն ընթացքին քննարկման առարկայ դարձան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները: Ըստ ազրպէյճանական կողմին, Պայրամով շեշտած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային օրէնքին սկզբունքներուն վրայ:

Իսկ Միրզոյեանի Մոսկուա այցելութենէն ետք, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Անտրէ Ռուտենքոյի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը եղաւ առիթ մը, որպէսզի ռուս պաշտօնատարը Պաքուի իշխանութիւններուն փոխանցէ Միրզոյեան-Լաւրով բանակցութիւններուն արդիւնքները եւ ընդհանուր մթնոլորտը:

Այս բոլորին լոյսին տակ ներկայիս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բաւական լուրջ աշխատանք ունի կատարելիք: Նախ, ինչպէս Միրզոյեան հաստատեց, ամրագրել Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակին որոշման կարեւորութիւնը, ապա` բանակցութիւններու սեղան առաջնորդել Ազրպէյճանը, որուն նախագահը թէ՛ Սիւնիքի մարզին նկատմամբ ախորժակներ սրած է, թէ՛ ալ կը պնդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապ չկայ:Հայկական դիւանագիտութիւնը շատ լուրջ եւ ճակատագրական դեր ունի խաղալիք այս եւ յառաջիկայ փուլերուն:

Մշակոյթ – Վերջին Ատըեամանցիներ ու անոնց մոռցուած փառքերը – Adıyaman Kahta Kalesi.jpg

www.aztagdaily.com/archives/521762

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail