Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Մէջ Չկայ «Լեռնային Ղարաբաղ» Անունով Վարչական Տարածք. Ղարաբաղեան Տագնապը Անցեալին Մէջ Մնացած Է»

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Մէջ Չկայ «Լեռնային Ղարաբաղ» Անունով Վարչական Տարածք. Ղարաբաղեան Տագնապը Անցեալին Մէջ Մնացած Է»

28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքուն ռազմաքաղաքական ճամբով լուծած է ղարաբաղեան տագնապը, պատերազմը մնացած է անցեալին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ 27 սեպտեմբերին` Ազրպէյճանի ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձին մէջ յայտարարած է Ալիեւ:

«Ազրպէյճանը վերականգնած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Մենք տագնապը լուծած ենք ռազմաքաղաքական ճամբով, պատերազմը մնացած է անցեալին մէջ, ղարաբաղեան տագնապը անցած է պատմութեան գիրկը:

«Ազրպէյճանի մէջ չկայ «Լեռնային Ղարաբաղ» անունով վարչական տարածք, եթէ ոեւէ մէկը կ՛ուզէ վերակենդանացնել «Լեռնային Ղարաբաղ» անունով հանգուցեալը, ապա թող ատիկա ընէ իր տարածքին մէջ, թող իր տարածքին մէջ ստեղծէ «Լեռնային Ղարաբաղ» անունով հանրապետութիւն, կազմաւորում, միաւորում, եւ մենք զայն պիտի ճանչնանք: Սակայն ոչ Ազրպէյճանի մէջ: Այդ հարցը լուծուած է», ըսած է Ալիեւ:

Map of the Ancient World Rome and Armenia – showing neither today’s Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

www.aztagdaily.com/archives/523966

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail