Մասթըր Կարօ Քեպապճեան – Եռամիասնութեանց Ուղեւորը – ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ
30 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – Մասթըր Կարօ Քեպապճեան:
Եռամիասնութեանց Ուղեւորը
ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ
Թափառական իր ուղեւորութեան արգասիք` եղաւ «Հայ սեւ գօտիներու միջազգային ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ, մեծ վարպետ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մշտական ներկայացուցիչ»: Այդ հանգամանքները երբեք չեղան պատուանդաններ Կարոյին` «Մասթըր»-ին համար:
Տքնաջան աշխատանքի, հաւատքի ու հաւատարմութեան ձեռքբերումներն էին անոնք` նոր յանձնառութիւններու աւելի ընդարձակ ծիրերով:
Հաւատարմութիւն` վստահութիւն ներշնչող: Ան հաւատարիմ մնաց եօթնամեայ մանուկի իր առաջին հրայրքին ու քալեց հօր ոտնահետքերով եւ այլ ձեւով` բազուկի ամրապնդման երազը կեանքի կոչեց իր հիմնած առաջին ակադեմիայով: Դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի սեւ գօտիներու մարզիչը, Մերձաւոր Արեւելքի մրցանակակիրը հանդիսանալէ ետք:
Եղեռնի յիսնամեակէն ետք վերջ պէտք էր տալ լաց ու կոծին: Իր դաւանած կուսակցութեան եռամիասնութեան որդեգրած Հայ դատի նոր ուղիները ներգրաւած էին զինք, ու զարմանալի չէր, որ հիմնադրած առաջին բջիջը երեք այբերն էին. «Առողջ մարմին, արթուն միտք, ազնիւ հոգի»:
Ներշնչելու, համոզելու բնատուր իր կարողականութեամբ, իր գործունէութիւնը ծաւալեց դպրոցէ դպրոց, գաղութէ գաղութ, հայ թէ օտար շրջանակներէ ներս: Իր «բալիկները» ընդհանրապէս հաւատարիմ էին երեք կարգախօսներուն, կը զատորոշուէին իրենց կեցուածքով, ինքնազսպումի պահուածքով:
Ձեռք բերուած աստիճանական նոր գօտիները շքանշաններ չէին, այլ` նոր յանձնառութիւններու պարտաւորութիւններ: Անոնք օրհասական ժամերուն արթուն պահակ, թիկնապահ, մարզուած զինուորներ էին:
Մէկ ոտքի վրայ կանգնած արագիլին պէս` կայք հաստատեց Ագարակի մէջ, Աշտարակի մերձակայ տարածքի մը վրայ:
Տունդարձի երանութեամբ մխրճեց ոտքերը գրեթէ խոպան հողին վրայ: Նոր երեք այբերու շուքին տակ հայրենադարձներուն պիտի պարգեւէր ապահով տարածք` Արարատի, Արագածի, Արայի հովանիով: Անկարելի չէր: Իր լծակները կամքը, հաւատքը, յարատեւութիւնն էին, մանաւանդ` անձնազոհութիւնը: Տեսանող մըն էր: Շուտով շրջանը պիտի զարգանար այլատեսակ ծառերու շուքով: Հազարաւոր հայեր պիտի գային շէնացնելու Հայաստանը` վերջ տալով թափառաշրջիկի անվերջ ուղեւորութեան:
Իր կեանքի վերջին եռամիասնութիւնը` «Սփիւռք, Հայաստան, Արցախ»-ը եղաւ: Շուշիի հրաշալի իր պանդոկով:
Երկինքի մէջ մխրճուած լեռներու անդորրութեան մէջ, հպարտ երազներու օրօրոցայինէ ետք, համակուած Կարոյի երեւակայութեամբ` յաջորդ օր Շուշիի հին թաղը կը ծրագրէինք վերածել կիրառական արուեստներու արհեստանոց-կրպակներու, ուր պիտի հնչէին Վանայ պղնձագործներու զնգոցները, Ռայոնական դպրոցը պիտի շարունակէր գործել հին արժանաւոր շրջանաւարտներու շունչով ու նոր Թլկատինցիներ, Զարդարեաններ ալ պիտի ունենայինք:
Մարզական տարազը ժամանակի հոլովոյթին հետ փոխարինուեցաւ պաշտօնականով, բայց անմիջականութեամբ շեշտաւորուած իր ծննդավայրի պարզունակութիւնը ան պահպանեց ամրօրէն:
Քաղաքավարական, դիւանագիտական դարձուածքները իրը չէին: Իր ուղիղ խօսքը միշտ բռնկուն էր, պարզ, հոգեխռով: Ամէն տագնապ կը վերապրէր իր ողջ էութեամբ, բջիջներով: Շուտով կը խաղաղէր, որովհետեւ լաւատեսութիւնը իր անբաժան ընկերն էր:
Յաճախ կը տեսնէի զինք Երեւանի օդակայանը: Զինական լուսարձակներ ստանձնելու եկած կ՛ըլլար, արուեստագէտ մը ճամբու կը դնէր դէպի Պէյրութ: Վերջին եռամիասնութեանը` սփիւռք, Հայաստան, Արցախ, ամուր կամուրջն էր ան:
Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակի տօնախմբութեան խրախճանքին իր հիւրերն էինք` աշխարհի չորս ծագերէն, Երեւան գտնուողներս: Հարիւրաւոր հիւրերուն մաս կը կազմէին` արուեստագէտներ, գիւղապետ, գիւղացիներ, բոլոր անոնք, որոնց համար, որոնց հետ կ՛ուզէր վայելել հարիւրամեակի խորհուրդը:
Սիլվան, ինք` բաց հոգիով մատուցողներն էին խնդութեան եւ երանութեան:
Ուրախ յիշատակները, ափսոս, մթագնեցան: Վայրէջքը լախտի հարուածի ուժգնութեամբ ցնցող էր: Պանդոկին կորուստէն աւելի կը ցաւէր մատաղ զինուորներու, իր տղոց նահատակութեան համար: Մարդու կեանքը, իր անկրկնելիութեամբ, անփոխարինելի կը համարէր:
Պիտի լսէ՞ «Վէրքերով լի»-ն, Եռաբլուր: Հանգի՞ստ պիտի մտնէ հող:
Վստահ` ինք ալ պիտի գոչէր` «Յոյսս դո՛ւք էք, ընկերնե՛ր, շարունակէ՛ք մեր սուրբ գործը»:
Լաւատեսութիւնդ, Կարօ՛, օդի չափ անհրաժեշտ է մեր բոլորին:
Վա՛րձքդ կատար: Շնորհակալութիւն:
ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ