Հայ Կեանքի Հանդիսատեսի Իրաւունքով․- Հայաստանի Պառակտումները Հասկնալ Ժողովրդավարութիւն Մտածելով.– Յակոբ Պալեան

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Հայ Կեանքի Հանդիսատեսի Իրաւունքով․- Հայաստանի Պառակտումները Հասկնալ Ժողովրդավարութիւն Մտածելով.– Յակոբ Պալեան

25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Հայաստան, ինչպէս ուրիշ բազմաթիւ երկիրներ, իրենք զիրենք յայտարարած են ժողովրդավարական: Բայց միթէ՞ նոյնը իմաստը ունի այդ բառը մէկ երկրէ միւսը, մէկ կուսակցութենէ միւսը, մէկ ղեկավարէ միւսը:

Յաճախ կը յիշեցնեն Ուինսթըն Չըրչըլի խօսքը, որ «Ժողովրդավարութիւնը նուազ յռռեգոյն վարչաձեւն է, բաղդատած միւսներուն», (democracy is the least bad of regimes): Իմաստութիւն, որ կը թելադրէ անարդարութիւն, խախտումներ եւ փառասիրութիւններ ամբոխավարութնեամբ չթաքցնել այդ բառի ետին:

Ուինսթըն Չըրչըլէն քանի մը դար առաջ, Ժան-Ժաք Ռուսօ նոյնքան խելացի եւ իմաստասիրական խօսք ըսած է ժողովրդավարութեան մասին. «Եթէ ըլլար աստուածներու ժողովուրդ մը, ան ինքզինք պիտի ղեկավարէր ժողովրդավարութեամբ: Այսքան կատարեալ կառավարութիւն մը չի պատշաճիր մարդոց»։

Այսինքն, ժողովրդավարութիւնը կատարեալ գիտակցութեամբ օժտուած կամ աստուածային շնորհներով օժտուածներու համար է:

Եթէ կ’ուզենք հասկնալ մեր երկրի եւ մեր ժողովուրդի ներսի եւ դուրսի մրցակցութիւնները եւ պառակտումները, որոնք ճակատագրական կրնան ըլլալ մեր գոյութեան համար,- եթէ չեն,- պէտք է գիտնանք օգտուիլ ուրիշներու իմաստութենէն եւ կենսափորձէն: Կրկին կարդալ Ուինսթըն Չըրչըլի եւ Ժան-Ժաք Ռուսոյի խօսքերը:

Մեր ձեռքը մեր խիղճին վրայ դնելով՝ կրնա՞նք ըսել, որ Հայաստան ժողովրդավարական երկիր է, մեր ներսի եւ դուրսի կազմակերպութիւնները ժողովրդավարական են:

Եթէ ոեւէ մէկը փորձուի ըսել, որ մեր երկիրը եւ մեր կազմակերպութիւնները ժողովրդավարական չեն, իշխանապետութիւններ են, աւատապետական, դասակարգային, հատուածական, մենք մեզ վիրաւորուած պիտի համարենք, քանի որ այդ քննադատութիւնը մեզ կը զրկէ մեր ինքնագոհութեան շպարէն: Կը վիրաւուրուին անոնք որոնք յաւերժացած են եւ կը յաւերժանան նոյն տեղերը, ժառանգականութեամբ, բաժնէ որ տիրեսի խնամի-ծանօթ-բարեկամի խաղով, հատուածականութեամբ:

Այս պարզ ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս վերածել ազգային ըմբռնումի, ինքնաճանչման, եւ ձերբազատուիլ դասական դարձած ընտրանքներէ եւ պատկերներէ, որոնք կը ծառայեն հանրային կարծիքը շփոթի մատնելու եւ անոր քիթէն բռնելով տանելու ասդին կամ անդին:

Խօսինք հնարուած քանի մը հարցերու մասին, որոնք կը վարագուրեն իրականութիւնները:

Ժողովրդավարութեան յատկանիշ կը համարուի խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւնը: Բայց այդ ազատութիւնը բաւարա՞ր է ըսելու, որ երկիր մը ժողովրդավարական է: Թագաւորական կամ բռնատիրական լայնամիտ իշխանութիւն մը կրնայ թոյլատրել ազատ խօսքը, բայց որոշելու եւ առաջնորդելու իրաւունքը իրեն կը վերապահէ:

Իսկ խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւնը իրապէ՞ս հաւասար իրաւունք է, կամ ամէն քաղաքացի պատրաստուա՞ծ է, կարողութիւն ունի՞ այդ իրաւունքէն օգտուելու: Ամբոխավարութիւնը եւ ամբոխահաճութիւնը չե՞ն խլած, չե՞ն խլեր եւ ջնջել այդ իրաւունքը, ձգելով անոր խաբկանքը: Խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւնը իւրացուած են «կազմակերպութիւններ»ու եւ «առաջնորդներ»ու կողմէ, իշխանութիւն ըլլալու իրաւունք ունեցող ժողովուրդին, այսինքն՝ ժողովուրդ-ա-վարութեան, démocratie-ին, ձգելով մէկուն կամ միւսին կարծիքը կրկնելու ազատութիւնը:

Ժողովրդավարութիւնը կրնար կենսագործուիլ իր ծննդոցի օրերուն, հին Յունաստանի ակորային վրայ, երբ որոշումները ժողովուրդը ինք ուղղակիօրէն կը կայացնէր, այդ իրաւունքը չէր զիջած յանուն իրեն խօսողներու, միջնորդներու, ներկայացուցիչներո: Կարծիքի ազատութիւնը եւ որոշելու իրաւունքը կ’այասերին, երբ այս կամ այն ձեւով յառաջացած ներկացուցիչները զանոնք սեփականացուցած կ’ըլլան:

Եւ դեռ, ժողովրդավարական կէսէն մէկ աւելիով ընդունուած ներկայացուցչութիւնը ունի ահաւոր անհեթեթութիւն մը. կէսէն մէկ պակասի իրաւազրկումը: Այս դրութիւնը կը բացատրէ Ունիսթըն Չըրչըլի դատումը, որ ժողովրդավարութիւնը նուազ յռռեգոյն վարչաձեւն է, բաղդատած միւսներուն, այսինքն՝ պէտք չէ ենթադրել եւ ընդունիլ, որ ան անպայման լաւ վարչաձեւ մըն է, քանի որ կ’իրաւազրկէ կէսէն մէկ պակասը:: Ան իւրաքանչիւրի անօտարելի (inaliénable) եւ անկիսելի ինքնիշխանութիւնը կը փոխանցէ ուրիշի, կը զիջի:

Աւելի պարզ, ինչ որ կը կոչուի հասարակաց կարծիք կամ կարծիքի մը պարտադրութիւնն է ի հեճուկս միւսներուն, կամ անտեսումը՝այլ կարծիքներու: Ի՞նչ պէտք է ընել կէսէն մէկ պակասի ինքնիշխանութեան համար: Իսկ կէսէն մէկ աւելիի կարծիքի տիրապետութիւնը միշտ յեղյեղուկ եղած է, փոխուած, շրջուած: Գաղտնիք չէ, անհատներու գերիշխանութիւնը միշտ նախայարձակման ենթարկուած է, այլասերած է, ամբոխավարութեամբ, ամբոխահաճութեամբ, նաեւ՝ գնուած, ձեռնածութեամբ չարաշահուած (manipulation), Հայաստան կ’ըսեն՝ մանիպուլացիա:

Այս զարտուղութիւնը ըմբռնելու փորձը նոր չէ: ԺԸ դարու իմաստուն Վոլթէր, այս մասին ըսած է հետեւեալը. «Լաւ կազմակերպուած երկիր մը այն է, ուր փոքրամասնութիւնը կ’աշխատցնէ մեծամասնութիւնը, անոր կողմէ կը կերակրուի եւ զայն կը կառավարէ»:

Միամիտ պէտք չէ ըլլալ. ներկայացուցչական դրութիւնը կը գործէ քուէարկութեամբ, որուն հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ օրէնք ընդունելու եւ գործադրելու իրաւունքէն կը հրաժարի մեծամասնութիւնը, այդ իրաւունքը կ’իւրացուի ընտրուած փոքրամասնութեան մը կողմէ: Քաղաքացին կը հրաժարի իր օրէնք ընդունելու եւ օրէնք գործադրելու իրաւունքներէն: Այսինքն՝ լաւագոյն համարուածները կ’որոշեն եւ օրէնք կը գործադրեն, հասկնալ՝ ազնաուպետութիւն (aristocracy), անցեալի կամ ներկայի պատկերով:

Պէտք է ըմբռնել, որ քուէարկելու իրաւունքով եւ անոր գործադրութեամբ ժողովրդավարութիւն չի ստեղծուիր: Բռնատիրական երկիրներու մէջ ալ տեղի կ’ունենան ընտրութիւն եւ քուէարկութիւն: Խորհրդային կարգերու տակ ալ մարդիկ կը քուէարկէին: Բայց բացակայ էր ժողովրդավարութիւնը: Քուէարկութիւնը ծնունդ կու տար իրաւ կամ կարծեցեալ լաւագոյններու, հին կամ նոր, ծնած ըլլալու իրաւունքով ժառանգներ, դրամատէրեր կամ վկայեալներ: Այսինքն՝ ընտրութեան արդիւնքով՝ կը ծնի ազնուապետութիւն, որ յաճախ կը դառնայ նաեւ ժառանգական:

Իսկական ժողովրդավարութիւնը այն դրութիւնն է, երբ քաղաքացին ինք կ’ընտրէ իր օրէնքները, ո՛չ այս կամ այն ձեւով իր կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչները:

Կ’արժէ երբեմն հետաքրքրուիլ ժողովրդավարական համարուած քոէարկութիւններու արդիւնքով ընտրուած ժողովներու եւ մարմիններու պատկերով: Այդ պատկերը ոչ մէկ ձեւով ներկայացուցչական է: Հոն կը գտնենք կառավարող վերնախաւ մը, բաղկացած նոյնանման անձերէ, յաճախ՝ ժառանգական, որոնք չնչին փոքրամասնութիւնն են ընտրազանգուածին, բայց տիրական մեծամասնութիւնը խորհրդարաններուն, աշխատաւորութեան մեծամասնութիւն կազմողները, բանուորներ, պաշտօնեաներ, ուսուցիչներ հոն չեն: Վերջին հաշուով՝ հականերկայացուցչութիւն:

Հայաստանի եւ սփիւռքի ներկայացուցչական-կառավարման համակարգը, որպէս միտք եւ որպէս կառոյց, արմատական վերամտածման կարիք ունի: Թէեւ այդ կարիքը ունին նաեւ ժողովրդավարական համարուած երկիրները:

Կազմակերպութիւն պէտք է յառաջացնել՝ հրաժարելով անփոխարինելիութեան եւ նախախնամականութեան առասպելներէն: Պէտք է բուժուիլ ախտաւոր մեծամտութիւններէ, ըստ որոնց «ղեկավար ըլլալու համար ղեկավար ընտանիքի մէջ պէտք է ծնած ըլլալ», միտք՝ որ ընկերութիւնը կը վերածէ բրածոյի:

Երբեմն, իրատեսութեան պահու մը, հիմնական հարցերու համար, ժողովուրդին կոչ կ’ըլլայ հանրաքուէով որոշելու, բայց այդ պարագային ալ վերնախաւը նախապէս որոշած կ’ըլլայ ընտրութեան առարկան եւ տուեալները: Եթէ օր մը ժողովուրդը ինք իրապէս տէր ըլլայ օրէնքներու ընտրութան, չի քուէարկեր մէկ կամ միւս նախագիծին, եւ կը պահանջէ ներկայ եւ մասնակից ըլլալ օրէնքի մշակման նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Ճիշդ ընտրութիւն կատարելու համար լուսաբանուած եւ քաջատեղեակ ժողովուրդ պէտք է: Ասոր համար ալ իր պարտականութեան եւ դերին հաւատացող ու ծառայող՝ ազնիւ մտաւորականութիւն:

Մեր ժողովուրդի պարագային, ներսը եւ դուրսը, այդ պէտք է, ընդդէմ ամէն կարգի կողմնապաշտութիւններու, յաւելեալ ինքնշնորհուած իրաւունքներու, անփոխարինելիներու, անսխալականներու:

Ընդունելով այն միտքը, որ ճշմարտութեան իրաւունքը ոչ ոքի կը պատկանի:

Իսկ լուսաբանուած ժողովուրդը ինք պիտի որոշէ ամբոխահաճութեան զոհի վիճակէն դուրս գալ:

Այս ձեւով է որ ժողովուրդը տէր կ’ըլլայ օրէնքին եւ իր ճակատագրին, եւ Չըրչըլի սահմանումով վարչակարգերու նուազագոյն չափով յոռեգոյնը ըլլալու ժողովրդավարութեան կու տայ մարդկայնական (humaniste) դիմագիծ:

Այս հարցերը, Հայաստան եւ սփիւռք, խորհրդաժողովներ եւ վիճարկումներ չե՞ն արժեր, ազատագրուելու համար ամլացնող էսթէպլիշմընթներէն:

Վասն վերականգնումի եւ միացման:

Բայց ինչպէս միշտ, մտածել չի նշանակեր, չէ նշանակած՝ որոշել:

Որոշելու իրաւունքը սեփականցնողը ժողովուրդը չէ, էսթէպլիշմընթն է:

Այս Սադայէլի շրջանակէն դուրս պէտք է գալ՝ վերականգնելու համար:

yerakouyn.com/2021/10/29/հայ-կեանքի-հանդիսատեսի-իրաւունքով․-հ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail