ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Գաղափարի Փրկութեան Համար – Յարութ Գալայճեան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Գաղափարի Փրկութեան Համար – Յարութ Գալայճեան

02 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ:

Յարութ Գալայճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Վերջին հաշուով եւ առաջին հերթին՝ Կանոնադրութիւնը գաղափարին պահապանն է, շարքայինին վարքը կարգապահելէ կամ ժողովներու բնականոն ընթացքը ապահովելէ շա՜տ առաջ…

Յարութ Գալայճեան

•Հայկական գաղափարական ԱՆԿԱԽ շարժումներն են միայն՝ որ ի վիճակի են մեր երկիրը տանիլ զարգացման այնպիսի աստիճանի, որ կրնայ խանգարել ամէ’ն կայսերական ախորժակ եւ ծնկել ծաւալապաշտա-կան ամէ’ն թշնամի։

• Քաղաքական կազմակերպութիւն մը, որ ներքին պատճառներով կամ արտաքին ազդեցութիւններով կ՚անցնի սայթաքման ուղիներէ՝ առանց այդ պատճառները օրը օրին անցնելու իր գաղափարական հնոցի բովէն՝ ինքնաբերաբար ու կամաց-կամաց կը բռնէ ՄԱՀԱՔՈՒՆԻ ՈՒՂԻՆ։

• Այդ դանդաղ մահաքունը կեանքի վերակոչելու ՄԻԱԿ ԴԵՂԱՄԻՋՈՑԸ գաղափարական վերակենդանացումն է, ճամբով՝ այն կարգապահ ու գիտակից կուսակ-ցական շարքայիններուն,որոնք գաղափարական կեդրոնացումը կը տեղադրեն իր ՀԱՐԱԶԱՏ հունին մէջ։Այլապէս, կուսակցական քարացած կարգապահութիւնը կը դառնայ սոսկ ցենզային պիտակ։

Վերջին հաշուով եւ առաջին հերթին՝ Կանոնադրութիւնը գաղափարին պահապանն է, շարքայինին վարքը կարգապահելէ կամ ժողովներու բնականոն ընթացքը ապահովելէ ՇԱ՜Տ ԱՌԱՋ

Իսկ մարմիններու եւ շրջաններու համար՝ ապակեդրոնացեալ սկզբունքով գործելու եղանակն ալ սերտօրէն կ՚առնչուի գաղափարական կեդրոնացման պահպանման։ Այսինքն, կուսակցական շրջան մը՝ երբ կը նկատէ, որ երկա՜ր տարիներու ընթացքին Կանոնագիրը կը շահարկուի թուաբանական մութ հաշիւներով եւ միաժամանակ՝ Կուսակցութեան գաղափարական արեւելումը կը մատնուի այլանդակօրէն պատանդուած կարգավիճակի, ԲՆԱԿԱՆԱԲԱՐ ԵՒ ՀԱՐԿԱԴՐԱԲԱՐ, կը ստիպուի ահազանգ հնչեցնել բոլոր շրջաններուն՝ ՄԱՅՐ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ։

Եւ այդ պարագային՝ գերիշխողը գաղափարն է, որուն առջեւ կը զինաթափուի Կանոնագրի խարխլած ՏԱՐՐԸ. իսկ անոր ՈԳԻՆ՝ կը ձայնակցի ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ։

• Առ ի եզրակացութիւն, պէտք է հաստատել, որ Դաշնակցութեան (ինչպէս՝ որեւէ կուսակցութեան) կենդանութեան առաջին չափորոշիչը՝ իր շարքայիններու ամուր մասնակցութիւնն է ընդհանուր գործունէութեան, տեղայնականէն մինչեւ այլ շրջաններ ու մանաւանդ՝ Հայաստան։ Երկրորդը՝ իր համակիրներու համրանքն է։ Իսկ երրորդը՝ հայրենի պետականութեան հզօրացման համար ի գործ դրած իր մասնաբաժնի տարողութեան աստիճանն է։Դժբախտաբար, վերջին աւելի քան 20 տարիներուն, վերոյիշեալ երեք չափորոշիչներն ալ արագընթաց նահանջի մէջ են, հիմնաքանդիչ կշռոյթով…

mer-oughin.am/2021/11/01/գաղափարի-փրկութեան-համար/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail