Պետութիւն՞ թէ ընկերութիւն – Զարէհ Եահնիեան – Երբ՞ ենք վերջակէտ դնելու այս խեղկատակութեան եւ մեր Հայաստանը վերադարձնելու

Culture - Karnoy, Daronk or Darun fortress fortress, old and famous fortress, Kogvit province of Ararat, that 15 centuries, It has been known as Payazet

Պետութիւն՞ թէ ընկերութիւն – Զարէհ Եահնիեան – Երբ՞ ենք վերջակէտ դնելու այս խեղկատակութեան եւ մեր Հայաստանը վերադարձնելու պետական սիւներու վրայ

07 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Զարէհ Եահնիեան

Զարէհ Եահնիեան

Այն տպաւորութիւնը ունիմ թէ ընտանիքիս հետ միասին կապրիմ ընկերութեան մը տարածքին մէջ, ընկերութիւն մը որու անուանումը Հայաստան է, Հայաստան ով կորսնցուցած էր իր իշխանութիւնը, իր անկախութիւնը, իր յաջորդական թագաւորութիւնները աւելի քան 600 տարի, երկիր որ իր մէջ գտաւ ուժ եւ կամք շնորհիւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ բազում զրկանքների ու պատերազմների միջով անցնելով կերտեց Ազատ Անկախ Հայաստան երկիր իր Պապերու Հողին վրայ չափազանց փոքր տարածքով, անելանելի դրութեան մէջ երկու տարուայ յամառ պայքարի արդիւնքով այդ տարածքը բազմապատկուեցաւ բազմաթիւ անգամներով սակայն Որդը որ մտած էր հասարակութեան ուղեղներու մէջ այն որդը որ կը կոչուէր պոլշեւիզմ կրկին անգամ քայքայեց մեր երկիրը եւ վերադարձանք 600 տարուայ կարգավիճակին, պոլշեւիկը փոքրացուց Հայաստանի սահմանները եւ հասարակութեան վերաբերուեցաւ ճիշդ իր կարգախօսին հակառակ իսկ Դաշնակցութիւնը ստեղծեց մանր պետութիւններ աշխարհի չորս տարածքներուն եւ ստանձնեց Հայուն Հայ պահելու պարտականութիւնը ձեռք ձեռքի տալով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ մերթ ընդ մերթ քոյր կուսակցութիւններուն․․․

Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք կարծեցինք որ հեզասահ պիտի անկախանանք եւ մեր հասարակութիւնը պիտի ապրի կրկին անգամ 100 տարի առաջ անկախացած իր պապերու հողին վրայ սակայն իրականութիւնը այդպէս չէր, իրականութիւնը այլ էր եւ մենք չէինք տիրապետէր անոր որովհետեւ մենք պարզապէս Հայ էինք, մենք պարզապէս դաստիարակուած էինք ամէն ինչ զոհաբերել Հայաստանի համար բայց այդ ինչպէս՞ պատահեցաւ որ մեր դաստիարակները, մեր ուսուցիչները իրենք չէին սորուած պարտադիր դասը եւ խորամանկ աղուէսի նման 4 ոտքով ինկան պոլշեւիկի թակարդը․․․

Այսօրուայ Հայաստանը պետութիւն՞ է թէ ընկերութիւն, ունի խորհրդարան՞ թէ բաժնետոմս ունեցող անհատներ, ունի վարչապետ՞ թէ տնօրէն, ունի բանակ՞ թէ կառոյցի պահակ, ունի նախագահ՞ թէ օտար սեփականատէր, ինչի՞ նման է այսօրուայ Հայաստանը․

Այսօրուայ Հայաստանը նման է ընկերութեան, չեմ գիտեր ինչ տեսակի ընկերութիւն Ընտանեկան՞, Անհատ ձեռներէց թէ ՍՊԸ, բայց որ հաստատ այս երեքին մէկի նման է ով ունի տնօրէն եւ անձնակազմ ով ունի բաժնետոմսեր կրող անհատներ եւ ով ունի յաճախորդներ, այսօրուայ Հայաստան ընկերութեան սեփականատէրն ու տնօրէնը իրաւունք ունին տնօրինելու ընկերութիւնը ըստ իրենց ճաշակի եւ օրէնքներու որպէսզի գոհացում տան յաճախորդներուն եւ ըստ երեւոյթին ներկայ պահին ամենէ իւղոտ յաճախորդները կը թուան ըլլալ ռուսը, թուրքը եւ ատրպէյճանցին որոնց չնեղացնելու համար պիտի ընեն անհնարինը հնարաւոր ապա թէ ոչ ըստ իրենց ընկերութիւնը կը փլուզուի եւ կը սնանկանայ․․․

Երբ՞ ենք վերջակէտ դնելու այս խեղկատակութեան եւ մեր Հայաստանը վերադարձնելու պետական սիւներու վրայ եւ ոչ վերածելու սեփական ընկերութեան ով մերթ ընդ մերթ կը փոխէ սեփականատէր պահելով նոյն բաժնետոմսեր կրողները․․․

Զարէհ

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail