Պաքուի անվտանգութիւնը մեզի համար Թել Աւիւի անվտանգութեան չափ կարեւոր է. Ուզի Արատ

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Պաքուի անվտանգութիւնը մեզի համար Թել Աւիւի անվտանգութեան չափ կարեւոր է. Ուզի Արատ

08 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – Gil Hoffman – gil-hoffman.com/2021/10/31/Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ

Մտերմիկ խօսակցութեան մը ընթացքին, Ժիլ Հոֆման կը զրուցէ Մոսատի նախկին աւագ աշխատակից եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ուզի Արատի հետ:

Մոսատի նախկին աւագ աշխատակից եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ուզի Արատ իր 48 տարիներուն ընթացքին անհաշուելի տրամաթիք պահեր ապրած է Իսրայէլին ծառայելու ժամանակ. գաղտնի գործողութիւններ, ահաբեկչական խոտորնակի յարձակումներ, ահաբեկչական բջիջներու բացայայտումներ, ահաբեկիչներու սպանութիւններ եւ թշնամի երկիրներու մէջ հանդիպումներ: Ըստ անոր, գագաթնակէտն եղած է իր հանրային ծառայութեան աւարտին, երբ ան վարչապետի ազգային անվտանգութեան խորհրդականն էր եւ նախագահ Շիմոն Փերէզին հետ Ատրպէյճան այցելեց:

«Ամենէն տպաւորիչ պահը եղաւ 2009-ի յուլիսին հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Խօսեցանք Պաքուի մէջ, ուր հրէական քանի մը հնագոյն ցեղեր կ’ապրին: Բարեկիրթ ակնարկութիւններ փոխանակեցինք, խօսեցանք Կասպից ծովու հարաւի հրեաներու պատմութեան մասին: Ես հրէական օրհնութիւն մը արտասանելու թոյլտուութիւն խնդրեցի իրմէ: Ան ինծի հարցուց, թէ ի՛նչը նկատի ունիմ: Բացատրեցի: Պատասխանեց. «Անշո՜ւշտ»: Կողքիս էին նախագահ Շիմոն Փերէզն ու ենթակառուցուածքներու նախարար Ուզի Լանտաուն: Ըսի. «Օրհնեա՜լ ես Դուն, Տէր Աստուած մեր, Տիեզերքի Թագաւոր, որ կ’օրհնես միսն ու արիւնը»: Բոլոր ներկայ գտնուողները «Ամէն» ըսին:

Իբրեւ Իսրայէլի պաշտօնական ներկայացուցիչ կը գտնուիս այն պետութեան մէջ, ուրկէ եկած են իսրայէլացիներէն շատերու նախահայրերը, եւ ինքդ քեզի կ’ըսես. «Աստուա՜ծ իմ, այս ի՜նչ պատմական պահ է»: Չեմ կրնար այդ զգացումները բացատրող բառեր գտնել»,– մասնաւոր հարցազրոյցի մը ընթացքին Ուզի Արատ կը պատմէ «Ճերուզալեմ փոսթ»ի քաղաքական գլխաւոր թղթակից Ժիլ Հոֆմանին: 

Այսօր մենք ո՞ւր կը գտնուինք, եւ, նկատի ունենալով տասնամեակներու բաց յարաբերութիւնները, ո՞ւր կը կարծէք, թէ կը հասնին մեր յարաբերութիւնները:

Որոշեցինք անոնց հետ ամբողջական յարաբերութիւններ հաստատել 1991-ին, երբ անոնք իրենց անկախութիւնը վերականգնեցին: Ինչպէս գիտէք, Իսրայէլը Ատրպէյճանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատող առաջին երկիրներէն մէկն եղաւ 7 ապրիլ 1992-ին: Հարցումիդ պատասխանելու համար նախ եւ առաջ պէտք է ըսեմ, որ իսլամական երկրի մը հետ դիւանագիտական յարաբերութիւն հաստատելն ու հետագային աւելի անդին երթալը այդքան ալ դիւրին բաներ չեն՝ ոչ միայն այն պատճառով, որ ատրպէյճանցի ժողովուրդը մեծ մասամբ իսլամ է, այլեւ որ ան Իրանին դրացի է: Սակայն պատումին լաւ կողմն այն է, որ Ատրպէյճանի կառավարական բարձրագոյն պաշտօնատարները, մասնաւորաբար Հեյտար ու Իլհամ Ալիեւները որեւէ համակրանք չեն տածեր իսլամութեան նկատմամբ, եւ անոնք Իսրայէլի հետ երկկողմ յարաբերութիւնները սկիզբէն իսկ արժեւորեցին:

Ուզի Արատ ժամանակին Իսրայէլի այդ օրերու նշանակեալ վարչապետ Բենիամին Նեթանեահուի աւագ խորհրդականն էր: Մոսատի երկու տասնամեակի վեթերան Արատ 2009-2011-ին Նեթանեահուի ազգային անվտանգութեան խորհրդականն էր:

Ես վեց ամիս տեւող առաքելութեամբ կը գտնուէի Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մէջ: Իլհամ Ալիեւի դուստրը՝ Լեյլան – զոր անձնապէս կը ճանչնամ – ունէր հրեայ ընկեր մը՝ Էմին Աղալարովը, որու հետ ան հետագային ամուսնացաւ: Իր ընկերոջ մօրը թելադրուեցաւ, որ նախընտրելի է որդին հրապարակաւ չյայտարարէ իր հրեայ ըլլալը: Ան շատ լաւ յարաբերութիւններ ունէր ժարետ Քուշներին հետ [հրեայ Ժարետ Քուշներ Ա. Մ. Ն.ի նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփի փեսան է եւ անոր աւագ խորհրդականն էր նախագահութեան տարիներուն: – Ծանօթագրութիւնը թարգմանիչինն է:]: Անկեղծօրէն ըսեմ՝ եթէ մեր ռաբբիները թոյլ տային որ Լեյլա յուդայականութիւնն ընդունէր, ան մեծ հաճոյքով պիտի կատարէր այդ:

Վերադառնալով հարցումիդ, կը խորհիմ, թէ մենք ճիշդ այն ենք ինչ կ’ուզենք ըլլալ եւ թէ մեր նպատակներուն մեծագոյն մասն իրականացուցինք, մնացեալն ալ շուտով պիտի իրականացուի:

Կը յայտարարէք, թէ մեր նպատակներն իրականացուցած ենք: Մենք սկիզբէն ի՞նչ կուզէինք Ատրպէյճանէն:

Նախորդ 24 տարիներուն 50-է աւելի իսրայէլացի բարձրաստիճան հրամանատարներ ՆԱԹՕ-ի հովանիին տակ եւ Թուրքիոյ հետ սերտ համագործակցութեամբ կրցան Ատրպէյճանի զինուորական կառոյցը վերականգնել եւ զայն կազմակերպել: Ատրպէյճանին ռազմական զէնքերու վաճառքը, գերարդիական անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան գործարաններու կառուցումը, Ատրպէյճանի բարձրաստիճան զօրահրամանատարներուն համար 146 մարզումային դասընթացներու կայացումը, Կասպից ծովուն ու հարաւային Ատրպէյճանի մէջ եւ Հայաստանի հետ անոր սահմաններուն վրայ տարեկան համատեղ, գաղտնի, բազմաթիւ ռազմափորձերու անցկացումը Թէլ Աւիւի եւ Պաքուի միջեւ համագործակցութեան գլխաւոր մարզերէն եղան: Կրնա՞ս տալ ուրիշ որեւէ երկրի անուն, որու հետ մենք այսպիսի յարաբերութիւններ ունինք:

Ատրպէյճանի Անվտանգութեան Ծառայութեան շէնքի մէկ յարկին վրայ ԿՀՎ-ի եւ ՀԴԾ-ի [համապատասխանաբար՝ CIA եւ FBI: – Թարգմանիչ] կողքին Մոսատի հաստատումը աննախադէպ է, ուրիշ որեւէ երկրի մէջ չէ եղած: Իմացի՛ր, թէ այս ըսածներէս ոչ մէկն այլեւս գաղտնիք է: Անշուշտ, կան բաներ, որոնք չենք կրնար քննարկել:

Կրնա՞ք մեզի բացատրութիւն մը տալ:

Լա՛ւ, թող ամէն ոք ենթադրէ, թէ միայն 30000 հրեաներ կ’ապրին Ատրպէյճանի մէջ:

Իսրայէլն ինչպէ՞ս այսպիսի սերտ համագործակցութիւն ունի Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ, բայց անոր բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող իսլամները ատկէ չեն ջղագրգռուիր:

Ատրպէյճանի ժողովուրդը իսլամ է, սակայն անոնք չեն գիտակցիր Միջին Արեւելքի զարգացումներուն: Բացի Իրանի ազդեցութեան տակ գտնուող փոքրաթիւ մասէ մը, Ատրպէյճանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կրօնական ինքնութիւն եւ Միջին Արեւելքի իսլամներուն նման ահաբեկչական ոգի չունի: Բայց միաժամանակ, մեր գործունէութեան մեծագոյն մասը զինուորական եւ անվտանգութեան ոլորտներուն կը վերաբերի, ուստի հասարակ մարդիկ սովորաբար չեն գիտնար թէ ինչ տեղի կ’ունենայ: 

Ո՞րքան ազդեցիկ ենք անոնց ներքին քաղաքական որոշումներու կայացման մէջ:

Պաքուի մէջ Ա. Մ. Ն.ի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իսրայէլի դեսպանութիւնները նախորդ 20 տարիներուն միեւնոյն նպատակները հետապնդելու համաձայնութիւն կայացուցած են: Ատրպէյճանի եւ Պաքուի պաշտօնատարներու քաղաքական որոշումներուն վրայ այդ համաձայնութեան տիրապետութիւնը համանման է Արեւմտեան Ափին վրայ Իսրայէլի տիրապետութեան, այն տարբերութեամբ, որ Մահմուտ Ապպասի փոխարէն, Ատրպէյճանի կառավարման պատասխանատուն Իլհամ Ալիեւ կոչուող քաղաքակիրթ անձ մըն է: 

Պատմեցէ՛ք Ձեր սեփական փարձառութեան մասին: Ինչպէ՞ս եղաւ որ Պաքու մեկնեցաք: Ունի՞ք այնպիսի յուշեր, որոնք կուզէիք որ ուրիշներն ալ բաժնեկցէին:

Ատրպէյճան առաջին այցս 1994-ին տեղի ունեցաւ: 

Այդ ատեն կը գտնուէի՞ք Մոսատի մէջ:

Այո՛: Հետագային, իբրեւ Իսրայէլի վարչապետի ազգային անվտանգութեան խորհրդական, Ատրպէյճան ճամբորդեցի անվտանգութեան ու զինուորական պատուիրակութեան մը հետ՝ Շիմոն Փերէզի այցը նախապատրաստելու համար: Թեհրանին մօտիկ Պաքու Շիմոն Փերէզի պատմական այցը Իսրայէլի արտաքին քաղաքականութեան պատմական ամենէն խոշոր իրադարձութիւններէն է:

Ամենէն տպաւորիչ պահն եղաւ 2009-ի յուլիսին հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Խօսեցանք Պաքուի մէջ, ուր հրէական քանի մը հնագոյն ցեղեր կ’ապրին: Բարեկիրթ ակնարկութիւններ փոխանակեցինք, խօսեցանք Կասպից ծովու հարաւի հրեաներու պատմութեան մասին: Ես հրէական օրհնութիւն մը արտասանելու թոյլտուութիւն խնդրեցի իրմէ: Ան ինծի հարցուց, թէ ի՛նչը նկատի ունիմ: Բացատրեցի: Պատասխանեց. «Անշո՜ւշտ»: Կողքիս էին նախագահ Շիմոն Փերէզն ու ենթակառուցուածքներու նախարար Ուզի Լանտաուն: Ըսի. «Օրհնեա՜լ ես Դուն, Տէր Աստուած մեր, Տիեզերքի Թագաւոր, որ կ’օրհնես միսն ու արիւնը»: Բոլոր ներկայ գտնուողները «Ամէն» ըսին:

Պատկերացո՛ւր՝ իբրեւ Իսրայէլի պաշտօնական ներկայացուցիչ կը գտնուիս այն պետութեան մէջ, ուրկէ եկած են իսրայէլացիներէն շատերու նախահայրերը, եւ ինքդ քեզի կ’ըսես. «Աստուա՜ծ իմ, այս ի՜նչ պատմական պահ է»: Չեմ կրնար այդ զգացումները բացատրող բառեր գտնել: 

Ատկէ ետք Ատրպէյճան գացա՞ծ էք:

Այո՛: 2017-էն ի վեր կը ջանամ արձակուրդներս Պաքուի ծովափին անցընել: Պաքուի անվտանգութիւնը մեզի համար Թել Աւիւի անվտանգութեան չափ կարեւոր է:

(աղբիւրը՝ «Ճերուզալեմ փոսթ», 3 նոյեմբեր 2021, https://gil-hoffman.com/2021/10/31/the-security-in-baku-for-us-is-like-the-security-in-tel-aviv/)

(անգլերենէ թարգմանութիւնը Գէորգ Եազըճեանի)

gov-wa.nt.am/?p=6992&lang=hy

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail