Փարիզի Մէջ՝ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում
11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: / Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ /
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցան՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պրիս Ռոքֆոյի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Իկոր Խովայեւի (Ռուսիա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի մասնակցութեամբ:
ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդիպումէն ետք յայտարարութիւն տարածեցին այս մասին՝ նշելով, որ միացեալ հանդիպումէն առաջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախարարներուն հետ ունեցան առանձին հանդիպումներ, որոնց բացումը կատարեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան:
Համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին լարուածութեան թուլացման վերաբերող հնարաւոր միջոցները եւ գործընթացի յաջորդ քայլերը, ներառեալ՝ այս ձեւաչափով ապագայ հանդիպումները եւ համանախագահներուն շրջանը նախատեսուող այցելութիւնը: Համանախագահները եւ նախարարները քննարկեցին նաեւ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւններու կատարումը:
Համանախագահները վերահաստատեցին մարդասիրական հարցերու մէջ յառաջընթացի կարեւորութիւնը, ներառեալ՝ ձերբակալուածներու, ականազերծման, անհետ կորսուածներու, տեղահանուած անձերու կամաւոր վերադարձի եւ պատմամշակութային վայրերու պահպանութեան հարցերը՝ կոչ ուղղելով կողմերուն հասանելիութիւն տալու միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն: Համանախագահները շեշտեցին նաեւ սադրիչ գործողութիւններէ եւ բորբոքիչ հռետորաբանութենէ խուսափելու կարեւորութիւնը:
Համանախագահները 10-11 Նոյեմբերին հանդիպում ունեցան Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Էլիզեան (նախագահական) պալատի ներկայացուցիչներուն հետ եւ քննարկեցին անոնց ջանքերը՝ միտուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող կամ անկէ բխող մնացած բոլոր հարցերուն համապարփակ լուծումներ գտնելուն:
Ասոր զուգահեռ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ նշելով, որ նախարար Լը Տրիան անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, որոնց հետ քննարկեց Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը:
Ըստ յայտարարութեան՝ ֆրանսական դիւանագիտութեան ղեկավարը վերահաստատեց Ֆրանսայի ցանկութիւնը՝ աջակցելու կողմերուն միջեւ երկխօսութեան աշխուժացման՝ ի շահ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան:
Նշենք, որ երկու երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ կը գտնուին՝ մասնակցելու ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ընդհանուր համաժողովի նստաշրջանին:
asbarez.am/407085/փարիզի-մէջ՝-հայաստանի-եւ-ատրպէյճանի-ա/