ՆՇՄԱՐ. Մարի Անթուանէթէն… Փաշինեան – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՆՇՄԱՐ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Շաբաթավերջին, կնքուեցաւ պարտուողական նորութիւն մը. ազերիական ուժերը, որոնք մօտաւորապէս տարի մը առաջ, Արցախի մեծ մասը կուլ տալէ եւ մեզ «դժբախտ ու տժգոյն Շուշի»ի բեռէն ազատելէ ետք, թափանցած էին Սիւնիք, վերջնականացուցին Կապան-Գորիս մայր ճամբու մէկ մասին բռնագրաւումը եւ Ազրպէյճանի կցումը (ցոյց տալով, որ ինչպէս կը հասկնան «սահմանագծում»ը), Հայաստանի կառավարութեան իմացնելով, որ հոն մաքսատուներ պիտի հաստատեն եւ տուրք պիտի գանձեն նաեւ Հայաստանի բնակիչներէն:
Պաշտօնական լրատու աղբիւրներ բնական բան մը պատահածի տրամաբանութեամբ ներկայացուցին նորութիւնը, ընդդիմադիրները գոռալով յիշեցուցին, թէ նոյնինքն վարչապետը քանի մը ամիս առաջ յայտարարած էր, որ այդ ճամբան ազատ պիտի մնար հայերու երթեւեկին համար (անկէ առաջ ալ խելք չէին ըրած, որ իրանցի վարորդներէ տուրք կրնար գանձուիլ, եւ խոստովանեցան, որ ատիկա իրենց միտքէն չէր անցած: Կարճատեսութիւնն ու կարճամտութիւնը մրցումի մէջ է այս պաշտօնատարներու էութեան մէջ): Կրկնուեցաւ այն, որ իշխանաւորն ու իր գործակիցները դարձեալ լուռ ու մունջ, առանց ժողովուրդին կարծիքին դիմելու («ո՞ր ժողովուրդին», պիտի հարցնեն մարդիկ) որոշած են պաշտօնականացնել զիջում մը եւս:
Փաշինեան եւ գործակիցներ «աւետեցին», որ մտահոգիչ բան չկայ, որովհետեւ աւարտած է նորոգութիւնը «այլընտրանքային ճամբուն», որ կ՛երկարի Գորիսէն Տաթեւ, Աղաւնի եւ կը վերամիանայ (այլապէս իրողական պաշարումի տակ առնուած) Կապանի մայր ճամբուն: Ընդդիմադիր աղբիւրներ, նոյնինքն մեքենավարներ եւ բեռնատարներու վարորդներ հաստատեցին, որ մտահոգիչ շա՛տ բան կայ. ո՛չ միայն այն՝ որ ի սկզբանէ Հայաստանին պատկանող եւ շատ աւելի դիւրին գործածելի ճամբան (հոն ալ լեռնային սուր-դարձդարձիկ հատուածներ կան, սակայն ճամբան աւելի լայն է) պաշտօնապէս նուէր տրուած է Ազրպէյճանի (Փաշինեան, նախարարներ, ՔՊական պատգամաւորներ եւ ապահովութեան պատասխանատու պաշտօնատարներ կրկնեցին Փաշինեանի «վարկածը»՝ այդ շրջաններուն ազերիապատկան ըլլալուն մասին), այլ նաեւ անոր համար, որ «այլընտրանքային ճամբան», մանաւանդ ձմեռը, անտանելի վիճակներ կը ստեղծէ, որքան ալ որ նորոգուած ըլլայ: Ցուցադրուեցան խցանումի ենթարկուած ճամբէն նկարներ, որոնք երեւակայութիւն չեն, ոչ ալ մաս կը կազմեն վարչապետին եւ զինք շրջապատող կոյրերու երեւակայութեան պտուղներուն, իսկ իբրեւ առաջին իրական «պտուղ», հաղորդուեցաւ, որ կարգ մը գիւղերու սննդամթերք հասցնելու մեծ դժուարութիւններ ծագած են: (Ուրեմն ի՞նչ. Կ՛ուզէք, որ նման դժուարութիւններու համար պատերա՞զմ հռչակենք…):
Պահ մը կանգ առնենք եւ դիտենք կողքի քարտէս: Պարզ աչքով ալ կարելի է տեսնել, թէ ինչպիսի՜ սուր դարձուածքներ կան Գորիսէն Տաթեւ եւ անկէ անդին տանող «այլընտրանքային ճամբուն» վրայ: Սա զբօսաշրջիկներ ներգրաւող ճամբայ մը պիտի չըլլայ, այլ մարդոց երթեւեկին եւ Իրան գացող-եկող բեռնատարներու ճամբան: (Սան Ֆրանսիսքոյի Ռաշըն հիլ շրջանին մէջ կայ քանի մը հարիւր մեթրանոց դարձդարձիկ ճամբայ մը, որ զբօսաշրջիկներու սիրած վայրերէն մէկն է, սակայն ո՛չ մէկ բեռնատարի վարորդ միտքէն անցուցած է իր ինքնաշարժով անկէ վար սողսկիլ):
***
Ծանրացող կացութեան եւ նոր ողբերգութիւններու պատմութիւնը հետզհետէ կ՛երկարի. անիմաստ է բոլորը արձանագրել: Կիսովին կամ բոլորովին պաշարման տակ ինկող (հետեւաբար հայաթափուելու վտանգին ենթակայ) գիւղերը հասնելու համար ալ, արդէն կ՛առաջարկուին կողմնակի, դժուար անցանելի ճամբաներ:
Ի լուր «այլընտրանքային ճամբաներու» մասին իշխանաւորներու քարոզչութեան, կարելի չէ չյիշել Ֆրանսայի տխրահռչակ եւ իրականութիւններէ խզուած թագուհին՝ Մարի-Անթուանէթը, որ անօթի ցուցարարներուն կը յանձնարարէր «այլընտրանք» մը. «Կարկանդա՛կ կերէք», այն տարբերութեամբ, որ կարկանդակը հացէն նախապատիւ է, իսկ Սիւնիքի այլընտրանքային ճամբաները, վարորդներու իսկ բնութագրումով, ձմեռը կրնան դժոխքի վերածուիլ երթեւեկողներուն համար (դժոխք՝ ձիւներո՞ւ մէջ…):
***
…Փաշինեանական իշխանութեան քարոզած՝ սահմանագծման եւ սահմանազատման դառն նախաճաշակն են այս բոլորը: Չմոռնանք (եւ միտք պահենք), որ վաղը, երբ քննարկումը տարածուի արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան սահմաններուն շուրջ, եւ ազերիները դարձեալ իրենց հրաշագործ «Ճի.Փի.Էս.»ին դիմեն եւ «ազերիապատկան» կղզեակները իւրացնեն, ինչպէս ըրին Գորիս-Կապան ճամբուն ծանօթ հատուածին պարագային, նոյն վարչապետն ու «երգչախումբը» պիտի յանկերգեն. «Է՞, ի՞նչ ընենք. լիճի մը մասնիկին, ճամբու մը հատուածին, այս կամ այն հողաշերտին, գիւղի մը կիսուն կամ գիւղացիի մը ոչխարի հօտին համար կ՛ուզէք որ պատերա՞զմ հռչակենք»… Եւ անշուշտ պիտի չմոռնան յանկերգին միւս տողերը, թէ այս բոլորը «հիներուն ըրածն է», «եթէ հիները վերադառնան, պատերազմ պիտի ըլլայ»: Կարծէք թէ նահանջին եւ անհիմն խաղաղասիրութեան միակ այլընտրանքը պատերազմը ըլլար:
Եւ մարդիկ կը մոռնան, թէ «հիները», իրենց բոլոր թերութիւններով հանդերձ, 1994էն ետք միայն մէկ անգամ, 2016ին ստիպուեցան պատերազմի դաշտ նետուիլ, այն ալ յաղթանակով (նուազագոյն վնասով) աւարտել, մինչդեռ մնացեալ տարիներուն, գէշ-աղէկ օգտագործած էին պետական այլ ընտրանքներ՝ դիւանագիտութիւն, քաղաքական խաղեր, ինքնապաշտպանական խիզախումներ եւ այլն (սա նախկիններուն ջատագովումը պէտք չէ համարել, այլ հաստատում մը կ՛ընենք՝ պարզ իրականութիւնները յիշելով):
Արցախէն ետք, Հայաստանն ալ պատառ-պատառ զիջելով, այս իշխանաւորները ո՞ւր կ՛ուզեն հասցնել մեր հայրենիքը, պետութիւնը: Որքա՞ն կարելի է մսխել պետականութիւնը եւ իր միջոցները, յետոյ ալ զայրանալ, որ մարդիկ զիրենք կը կոչեն… դաւաճան, հողատու եւ ազգադաւ:
Բուն այլընտրանքը՝ զանգուածին գիտակցութեան ամբողջական զարթնումն է, պարտուողական ընթացքէն ետդարձը, իսկական հոգեփոխութիւն մը, ձեռքերու եւ կարողականութեանց միացումը, որպէսզի ձեռնարկուի հայրենիքի փրկութեան, կարելի ըլլայ պատառ-պատառ ետ բերել քանի մը շաբթուան, քանի մը ամիսներու ընթացքին կորուստի մատնուածը, նուէր տրուածները:
14 Նոյեմբեր 2021
asbarez.am/407607/նշմար-մարի-անթուանէթէն-փաշինեան/