
Ներսի եւ դուրսի Թուրքերուն դէմ կանգնով եւ հարուածող վրիժառու եւ արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեան
12 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Րաֆֆի Տէմիրճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ: – Կարդալ նաեւ՝ Արտերկրի անկախ հայերը խստիւ կը դատապարտէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ ազգային ժողովի վերջին օրերու կեցուածքները
Յիշեցման կարգով, Սողոմոն Թեհլիրեանը արտաքին թուրքին դաս տալէ առաջ, նախ ներքին թուրքը ոչնչացուցած էր։
Ապրիլ 1920-ին, Պոլսոյ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով, Թեհլիրեան մահապատիժի ենթարկած է Պէշիկթաշի տխրահռչակ թաղապետ ու մատնիչ Յարութիւն Մկրտիչեանը, որ գլխաւոր մեղսակիցն էր 24 Ապրիլ 1915-ի հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեան։
Մկրտիչեան Ոստիկանապետ Պետրիի միջոցով Թալէաթին յանձնած էր սեւ ցանկը 250 հայ մտաւորականներու, որոնք զոհ գացին Ապրիլեան եղեռնին:
Ան դաւաճանութիւն կատարելով դիզած էր հարստութիւն, եւ կը վայելէր կեանքը, մինչ ազգը կ՛ապրէր իր մեծագոյն ողբերգութիւնը։
Այսօր եւս նոյնն է կացութիւնը։ Այնքան ատեն, որ ներքին թշնամիները կը գործեն, թուրքը մեր մէջ բոյն դրած է, ապա կարելի չէ հայրենիք վերականգնել, արժանապատուութիւն պահել․․․
Եւ հաստատ, ներքին մաքրագործումը կը պահանջէ դիմադրութիւն, որ միայն կ՛արդիւնաւորուի սեփական ուժի կիրարկումով։ Ասկէ անդին, միջոցն ու եղանակը պէտք է ճշդուին պայմաններուն ու օրուան պահանջներուն համապատասխան։
Թշնամիին հետ կարելի չէ ժողովրդավարութիւն խաղալ, ցոյցերով հեռացնելու ճիգ կատարել եւ կամ ընտրութիւններու արդիւնքներուն սպասել։
Թեհլիրեանին օրինակով, նախեւառաջ պէտք է մաքրենք ներսը, որպէսզի կարենանք շարունակել պայքարը․․․






