Ազրպէյճանցի Երեսփոխանները Առաջարկած Են Ֆրանսան Հեռացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութենէն

Azerbaijan Destroys More Armenian Monuments Than the Terrorists Do in the Middle East – US Ex-Senator

Ազրպէյճանցի Երեսփոխանները Առաջարկած Են Ֆրանսան Հեռացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութենէն

24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

<Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ>

Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ երեսփոխաններ առաջարկած են Ֆրանսան հեռացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափէն: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:

Երեսփոխան Կուտրաթ Հասանկուլիեւ յայտարարած է, որ Ֆրանսան` իբրեւ Մինսքի խմբակի անդամ, բացայայտ կերպով կ՛աջակցի Հայաստանին եւ պատասխանատուութիւն կը կրէ 44-օրեայ պատերազմին սպաննուած հազարաւոր երիտասարդներու արեան համար:

«Նման քայլերով Ֆրանսան կ՛արգելակէ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումը: Ազրպէյճանը պէտք է ջանքեր գործադրէ Ֆրանսան Մինսքի խմբակի համանախագահութենէն վերցնելու համար… Հայերուն համակրող այդ երկրին հանդէպ վերաբերմունքը երբեք պիտի չփոխուի: Ազրպէյճանը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Ֆրանսայի հետ բոլոր ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները», յայտարարած է Հասանկուլիեւ:

Ֆրանսայի դէմ արտայայտուած է նաեւ Հիքմեթ Պապաօղլուն: Ըստ անոր, ֆրանսացի պաշտօնատար անձերու ոչ պատշաճ քայլերը տարակուսանք կը յառաջացնեն, Ֆրանսան կը խանգարէ համագործակցութիւնը, որ շրջանին մէջ նոր իրողութիւններու լոյսին տակ պիտի զարգանայ:

Երեսփոխան Թուրալ Կիանճալիեւն ալ ըսած է, որ Ֆրանսան պէտք է շատ ուշադիր ըլլայ Հարաւային Կովկասի, յատկապէս Ազրպէյճանի նկատմամբ վարած քաղաքականութեան հարցին մէջ: Անոր կարծիքով` հակառակ պարագային այդ երկրին հեղինակութիւնը աւելի պիտի նուազի:

Յիշեցնենք, որ Մինսքի խմբակին մաս կը կազմեն Պիելոռուսիան, Գերմանիան, Իտալիան, Շուէտը, Ֆինլանտան եւ Թուրքիան, ինչպէս նաեւ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը: Մինսքի խմբակի համանախագահներն են Ֆրանսան, Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները:

www.aztagdaily.com/archives/530076

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail