Կարեւորը Վերստին Չիյնալն Է՝ Պատմաքաղաքական Ծուղակներուն Մէջ – Ժագ Յակոբեան
29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Ժագ Յակոբեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
19-21 Հոկտեմբեր 2021-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ խիստ կարեւոր գիտաժողով մը Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներուն 100-ամեակին առիթով: «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. Դասեր, արժեւորումներ եւ հեռանկարներ» խորագրեալ գիտաժողովը կազմակերպած էին Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկը եւ «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» գիտահետազօտական հիմնադրամը: Երեք օրերու տեւողութեան Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախի Հանրապետութենէն եւ Սփիւռքէն գիտաժողովին մասնակցած պատմաբաններ, արեւելագէտներ, քաղաքական վերլուծաբաններ եւ գիտական հանրոյթի ներկայացուցիչներ ներկայացուցին 22 զեկուցումներ այդ պայմանագիրներուն եւ հայոց պատմութեան այդ կարեւոր ժամանակաշրջանին մասին:
Ըստ գիտաժողովը կազմակերպողներուն, այս գիտաժողովը պատմաճանաչողական նշանակութենէն աւելի կը նպատակադրէ ունենալ գիտական, գործնական եւ քաղաքական նշանակութիւն, որովհետեւ այսօր ալ, ինչպէս 100 տարի առաջ, նմանօրինակ մարտահրաւէրներ կան հայոց հայրենիքին եւ հայութեան առջեւ, եւ այս մարտահրաւէրներուն դիմաց կանգնած, չի բաւեր վերլուծելը, թէ ի՛նչ պատճառով հայ ազգին գլխուն փաթթուեցան հայոց աշխարհի կարեւոր մասերը Թուրքիոյ նուիրած այդ պայմանագիրները, որոնց ժխտական հետեւանքները մինչեւ հիմա ալ կը կրէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այլ պէտք է այդ իրադարձութիւններէն քաղաքական համապատասխան դասերը քաղել, որպէսզի այդ միջոցով ճիգ թափուի կանխարգիլելու Հայաստանին եւ հայութեան այս օրերուն պարտադրուելիք պարտուողական եւ յանձնուողական մօտեցումները:
Գիտաժողովի ընթացքին ներկայացուած զեկուցումները, անոնց յաջորդած քննարկումները իրենց մէջ այժմէական միտքեր կը բովանդակեն եւ մնայուն վերլուծման ու մտածելու դուռ կը բանան գիտաշխատողներու, քաղաքական վերլուծաբաններու, մամուլի գործիչներու եւ պատմաբաններու առջեւ: Նոյնիսկ եթէ բաւական ժամանակ անցնի այդ զեկուցումներուն ներկայացման վրայ, անոնք երբեք ժամանակավրէպ չեն ըլլար: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Մոսկուայի եւ հետագային Կարսի պայմանագիրներուն հիման վրայ է, որ գծուեցան թրքական-խորհրդային սահմանները, եւ հետագային անոնք տէ ֆաքթօ դարձան նաեւ Թուրքիա-Հայաստան սահմանները, առանց որ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ իշխանութիւն վերանկախացումէն ետք տէ ժիւրէ ճանչնայ այդ սահմաններուն իրաւական վաւերականութիւնը:
Եւ այսպէս կոչուած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ամբողջ հանգոյցը կախուած է ճիշդ այս կէտին վրայ: Այսինքն պարտադրել Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, որ ճանչնան Թուրքիա-Հայաստան ներկայ տէ ֆաքթօ սահմանին վերջնական ըլլալը, հետեւաբար նաեւ Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներուն վաւերականութիւնը: Ասիկա ինքնաբերաբար կը նշանակէ նաեւ, որ այսպիսով հետագային կը բացառուի Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որեւէ միտում՝ արծարծելու Թուրքիայէն հողային պահանջատիրական որեւէ գաղափար: Հայկական պահանջատիրութենէն եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարելու, Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրները ընդունելու այս նախապայմանները միշտ ալ եղած են այսպէս կոչուած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր նախաձեռնութիւններուն հիմքին մէջ՝ սկսելով տխրահռչակ Հայ-թրքական հաշտեցման յանձնախումբի նախաձեռնութենէն մինչեւ «Ֆութպոլային դիւանագիտութիւն» եւ Ցիւրիխեան արձանագրութիւններ, մինչեւ «յարաբերութիւններու կարգաւորման» վերաբերող վերջին խօսակցութիւնները եւ «դրական ազդակներ»-ու փոխանակումը Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ:
Սակայն այս բոլոր փորձերուն մէջէն ամէնէն վտանգաւորը կը թուի ըլլալ վերջինը: Եւ դժբախտաբար Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները պէտք եղած հեռատեսութիւնը չեն ցուցաբերեր այս առնչութեամբ՝ տեսնելու համար, թէ ինչպիսի աղէտի առջեւ պիտի զետեղեն հայ ազգը որեւէ լաւ չհաշուարկուած քայլի պարագային: Այս իշխանութիւններուն անհեռատես եւ ապիկար քաղաքականութեան անգամ մը ականատես դարձած ենք արդէն, երբ աւելի քան մէկ տարի առաջ ստորագրուեցաւ եռակողմ պարտուողական ու յանձնուողական յայտարարութիւնը, որով ամբողջութեամբ ի չիք դարձան աւելի 33-ամեայ Արցախեան ազատագրական պայքարի ձեռքբերումները: 44-օրեայ պատերազմին պարտութիւնն ու անոր յաջորդած յանձնուողականութիւնն ալ բազմաթիւ նմանութիւններ ունի 1921 թուականի իրադարձութիւններուն եւ Մոսկուայի ու Կարսի պարտուողական պայմանագիրներուն ստորագրման հետ, բայց դժբախտաբար մեր իշխանութիւնները ատակ չեն դասեր քաղելու այս իրադարձութիւններէն: Որովհետեւ տակաւին ջուրը չտեսած կը բոպիկնան…Որովհետեւ նաեւ «Խաղաղութեան դարաշրջան»-ի այդ սին կարգախօսը կուրացուցած է զիրենք:
Իրերայաջորդ յայտարարութիւններ կը կատարուին: Առաջինը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեանի կողմէ էր, իսկ երկրորդը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի կողմէ կատարուեցաւ: Երկու յայտարարութիւններուն միտք բանին այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիմած է Ռուսիոյ իբրեւ միջնորդ ներկայանալու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ, եւ որ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմանի կարգաւորելու Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները: Ճիշդ այս կէտին կ՛ակնարկէինք, երբ վերը նշեցինք, որ «կարգաւորման» փորձերուն մէջէն ամէնէն վտանգաւորը կը թուի այս ըլլալ: Նախ ի՞նչ պատրաստութեամբ պիտի երթանք բանակցութեան սեղան նստելու: Դիւանագիտական ինչպիսի՞ զինանոցով պիտի երթանք:
Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու ստորագրութենէն 100 տարի ետք ալ միեւնոյն աշխարհաքաղաքական դերակատարներն են, եւ մենք դարձեալ կը գտնուինք տկարի, պարտեալի դիրքերուն մէջ: Գլխաւոր հարցումը կը մնայ՝ արդեօք կրնա՞նք խուսափիլ պատմաքաղաքական միեւնոյն ծուղակին մէջ իյնալէ: Այս է կարեւորը…։
yerakouyn.com/2021/11/26/կարեւորը-վերստին-չիյնալն-է՝-պատմաքաղ/