Յեղափոխել Ընկերութիւնը – Յեղափոխել Ընկերութիւնը – Յեղափոխել Ընկերութիւնը – ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
01 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Ընդհանրապէս, քաղաքական գիտութեանց համաձայն եւ ըստ Նիւ Եորքի համալսարանի ընկերաբանութեան դասախօս Ճեֆ Կուտուինի, յեղափոխութիւնը չ՛ենթադրեր միայն զանգուածային զօրաշարժ եւ համակարգի փոփոխութիւն, այլեւ` քիչ թէ շատ արագ ու հիմնական ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային փոփոխութիւն:
Հայկականացնելով յեղափոխականութեան տեսութիւնը` կ՛արժէ դիմել հայկական յեղափոխութեան տեսաբան ու «Յեղափոխութիւն» գիրքի հեղինակ Հրաչ Տասնապետեանին, որ կը ներկայացնէ յեղափոխութիւնը իր բոլոր` ազգային, քաղաքական թէ ընկերային-տնտեսական դրսեւորումներով, որոնք իրենց բնոյթով թէ հետեւանքներով ընկերային երեւոյթներ են բառին ամենալայն իմաստով` կապուած ըլլալով մարդոց եւ մարդկային հաւաքականութեանց հետ, ըլլան անոնք ազգեր, ժողովուրդներ, համայնքներ, դասակարգեր, գաղափարաբանական միացութիւններ եւ այլն…
Այսպիսով, հասկնալով յեղափոխականութեան թէ՛ ակադեմական եւ թէ՛ ալ տեսական-գաղափարաբանական իմաստը, կ՛արժէ զայն գործնականացնել մեր ներկայ ընկերային, մշակութային եւ հասարակական կեանքին մէջ:
Յեղափոխական կուսակցութիւններն ու շարժումները հիմք ունենալով յեղափոխական տեսութիւնները` կը ձգտին եւ պէ՛տք է ձգտին իրականացնելու զանոնք իրենց ընկերութիւններուն մէջ` անշուշտ համաձայնեցնելով զանոնք այդ ընկերութիւններուն պայմաններուն հետ:
Հայկական ընկերութեան մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ բառին բուն իմաստով յեղափոխական կուսակցութիւն, որ համաձայն իր ծրագիրին, կը հաւատայ, որ՝ «Ընկերվարութիւնը կը ձգտի ինչպէս անհատի եւ անոր աշխատանքի ազատագրութեան, այնպէս ալ ազգերու` իբրեւ հաւաքական անհատականութիւններու ամբողջական ազատագրութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան եւ անոնց համերաշխ համակեցութեան ու իրաւահաւասար գործակցութեան: Այս զուգահեռ պայքարները կը մղուին ժողովրդավարական միջոցներով, իսկ ժողովրդավարութեան խափանման պարագային, նաեւ` յեղափոխութեան միջոցով»:
Այսինքն չի՛ բաւեր միայն դժգոհիլ ընկերութեան մէջ տիրող իրավիճակէն, այլեւ կը պահանջուի յեղափոխականացնել եւ բարեփոխել զայն` անվերջ տրտմելու եւ դժգոհելու փոխարէն:
Ի՞նչ օգուտ` մատնանշելէ ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող անարդարութիւնները, փտածութիւններն ու անիրաւութիւնները, մինչ անդին խոր լռութիւն կը տիրէ, եւ նոյնիսկ պզտիկ ճիգ չի թափուիր բարեփոխելու կացութիւնը:
Յեղափոխական ըլլալը չէ նշանակած, չի նշանակեր եւ երբեք պիտի չնշանակէ համակերպիլ հաստատուած իրավիճակին, այլ, ճի՛շդ հակառակը, յեղափոխականը միշտ բախումի մէջ է հաստատուած իրավիճակին եւ անոր հետեւանքներուն հետ:
Մենք ներկայիս կը դիմագրաւենք զանազան մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն յեղափոխականացում` յանուն հայկական ընկերութեան փրկութեան:
Մարտահրաւէրները կը սկսին ընկերութեան մէջ տիրող մեծամիտ հոգեվիճակէն մինչեւ ապաքաղաքականացում, ապագաղափարականացում, անպատասխանատուութենէն մինչեւ թափանցիկութեան պակաս` անցնելով ընկերային հարցերուն, ինչպէս` ընկերութեան բեւեռացումը, քաղաքական դաշտի ամբոխավարականացումը, ընկերութեան անդամները դիտելը ընկերայնօրէն ընդհանրացած կարծրատիպային դիտանկիւնէն, իգական սեռի ներկայացուցչութեան սահմանափակ ըլլալը, կիներու նկատմամբ բռնութիւնը եւ ընկերային բազմաթիւ հարցեր:
Յիշեալ մարտահրաւէրները օդէն չեն եկած, հայկական ընկերութեան մէջ գործօն մասնակցութիւն բերող անհատները ծանօթ են անոնց:
Բոլոր անոնք, որոնք լուռ կը մնան` ի տես նմանօրինակ մարտահրաւէրներուն, կը փորձեն նսեմացնել անոնց կարեւորութիւնը եւ առաջնահերթութիւններու շարքին չեն նկատեր զանոնք, ո՛չ միայն յեղափոխական չեն, այլեւ հակայեղափոխական են:
Յեղափոխութիւնը պատմական ժամադրութիւններ ունի: Այսօր մեր ընկերութեան իրավիճակը նախ կը պահանջէ յեղափոխութիւն ինքն իր մէջ` ձերբազատելով վերջին տասնամեակներուն կուտակուած թերութիւններէն եւ կերտելով աւելի արդիականացած ընկերութիւն մը, որ քայլ կը պահէ միջազգայնօրէն տեղի ունեցող ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական յառաջընթացներուն հետ եւ դէմ յանդիման կը կանգնի արտաքին յարձակումներուն (համաձայն արդի քաղաքականութեան):
Յեղափոխականի գաղափարաբանական-սկզբունքային համոզմունքները չեն պահանջեր յեղափոխականէն համակերպիլ կատարուած իրողութեան եւ ընդունիլ զայն իբրեւ միակ այլընտրանքը, ինչպէս նաեւ` շարունակել պահպանել զայն: Նմանօրինակ անձերը այլեւս կը դադրին յեղափոխական կոչուելէ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայկական ընկերութեան մէջ ներկայանալով չորս հիմնասիւներէ կազմուած գաղափարաբանութեամբ (ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական)` մեծ ընելիք ունի յեղափոխելու մեր ընկերութիւնը:
Անշուշտ ընկերութեան յեղափոխումը տեղի չ՛ունենար կարճ ժամանակի ընթացքին, այլ, ըստ Ֆրանսայի նախկին ընկերվարական վարչապետ Լէոն Պլումի, այս հոլովոյթը կը բաղկանայ աստիճանական բարեկարգումներէ, որոնք ի վերջոյ կը յանգին յեղափոխութեան:
Երբ մեր ընկերութեան մէջ մարդիկ կը դադրին տարբեր կարծիք ունեցողները դիտել իբրեւ թշնամիներ, երբ դիրքեր ու տիտղոսներ ունենալով` կը դադրինք մեր ընկերութեան հասարակ անդամները դիտել վերէն, երբ մեր հասարակութեան մէջ տեղի կ՛ունենան քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական լուրջ բանավէճեր, երբ մեր հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարները իրենց աշխատանքը կը կատարեն պատասխանատուութեամբ ու թափանցիկութեամբ, երբ կը հրաժարինք միջին դարերուն ստեղծուած ընկերային կարծրատիպային մտայնութենէն, երբ հայ կնոջ կը դադրինք դիտել 19րդ դարու ակնոցով, այդ ժամանակ մեծ յեղափոխութիւն իրագործած կ՛ըլլանք մեր ընկերութեան մէջ եւ տէրը կ՛ըլլանք արտաքին յարձակումներու դէմ յեղափոխութեան դրօշակիրը դառնալու պատուին:
Նախ մենք մեզ յեղափոխենք:
Առաջին քայլը` յեղափոխել ընկերութիւնը:
asbarez.am/408481/յեղափոխել-ընկերութիւնը/