Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Առանց Յառաջաբանի – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
08 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝ :
ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Երբ մեր հայրենիքի ճակատագիրը ստուգապէս ուրիշ պետութիւններու ձեռքերուն մէջ է, որովհետեւ ներկայի, ինչպէս նաեւ անցեալի բոլոր կառավարութիւնները չկարողացան կամ «չուզեցին» արտաքին հզօր կապեր մշակել…
Երբ մեր բանակը փաստօրէն ապիկար է, որովհետեւ արդիական զինամթերքի յատկացուած գումարները պարզապէս «ցնդած» են, նաեւ շատ անգամ մեր հերոս զինուորները զրկուած են կրակ բանալու իրաւունքէ…
Երբ հայրենի հողային տարածքները աճուրդի են դրուած թուրք-ռուս-ազերի քաղաքական մութ ատեաններու առջեւ, եւ մենք պարզապէս ականատեսի դեր կը խաղանք…
Երբ թշնամին սահմանամերձ շրջաններու գիւղացին, նոյնիսկ զինուորը կ՛առեւանգէ եւ իբրեւ պատասխան` կ՛ունենայ միայն քանի մը տկար բողոք…
Երբ արցախեան պատմական «անձնատուութիւնը» (թարգմանելով տգեղ, ոչ հայերէն արմատներով գործածուած «քաբիթուլացիա» բառը) կը փորձուի «վնաս չունիներու» կարգին անցընել…
Երբ ի սէր խաղաղութեան եւ գերագոյն շահերուն անհեթեթ լոզունգներ կ՛արձակուին` հողային նորանոր տարածքներ զիջելու թշնամիներուն, եւ մենք անգամ մը եւս ստիպուա՛ծ պիտի ընդունինք այս մահացու որոշումը…
Երբ թշնամիին հինգերորդ զօրասիւնը, այսինքն` լրտեսային ցանցերը, հակաքարոզչական մեքենան, այլախոհութիւն յառաջացնող կեղծ
տեղեկութիւնները ահռելի աւերներ կը գործեն` առանց որեւէ հակադրութեան…
Երբ Հայաստանի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններուն (ՀԿ) թիւը կը գերազանցէ մօտ ութ հազարը, պետութեան մը մէջ, որուն բնակչութեան թիւը միայն 2 միլիոն է, եւ ուր լուսարձակի տակ կ՛առնուին օտար «կազմակերպութիւններու» դրամական ներդրումը հայրենիքին մէջ` առանց իսկապէս իրազեկ ըլլալու անոնց երբեմնի թաքուն եւ յետին նպատակներուն…
Երբ այսքան սարսափէ եւ արհաւիրքէ ետք տակաւին ու տակաւին մեր ազգային պատիւը ամէն օր կ՛ոտնակոխուի հայրենիքի ղեկավարութեան անկարող, սխալ եւ տկար արտաքին քաղաքական կեցուածքներէ:
Ա՛լ կը բաւէ, մինչեւ ե՞րբ 10 միլիոն հայորդիներու ազատատենչ եւ հայրենաշէն իղձերը պիտի ոտնակոխուին. ժամանակը մեր կողքին չէ՛. այս պատերազմը սանձազերծեց թշնամին, կը գտնուինք մեր պատմութեան մէկ ճակատագրական խաչմերուկին. ան, որ չի կրնար տեսնել այս իրողութիւնը, հարց ունի. այլընտրանք չունինք, պէտք է բանիւ թէ գործով նուիրուինք հայապահպանման: Ակնբախ նմանութիւնները յստակ էին` Սարդարապատի ճակատագրական պատերազմին եւ այսօրուան մեր վիճակին մէջ. դառնահամ իրականութիւնը այն է, որ, այո՛, կորսնցուցինք շատ մը ճակատներ, բայց պատերազմը տակաւին իր աւարտին չհասաւ: Մեզմէ խնդրուածը անյապաղօրէն ազգաբնակ հաւասարութեան կիրարկումն է, ապա պայքար` առանց նահանջի. պայքար` յիշելով Մեծ եղեռնի նահատակները, ապա` արցախեան ազատագրումի եւ «լքման» զոհաբերուած հերոսներուն անունները, վերջապէս` հայրենիքէն հեռու արիւն թափած ազատամարտիկներուն յաղթական ժպիտները:
Գետերով արիւն ենք տուած, միլիոնաւոր զոհեր ենք յանձնած հողին, սակայն տակաւին կանք ու կը մնանք. բայց թերեւս այս ըլլայ մեր գոյութեան վերջին պատերազմը, իսկ ատկէ ետք… մահ կամ ազատութիւն:
aztagdaily.com/archives/531489