Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Թ. Հայկազեանի Հրթիռները – Յարութ Չէքիճեան

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Թ. Հայկազեանի Հրթիռները – Յարութ Չէքիճեան

08 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Հրթիռներու ակումբի մեր տարեվերջի հանդիպումին Հրայր Սահակեանը յայտնեց, որ 1968-ի ամրան վերջնականապէս Ամերիկա պիտի մեկնի եւ ինծի յանձնեց հրթիռային իր պատասխանատուութիւնները: Ինչպէս նախորդ` ԺԲ. մասով նշեցի, այս որոշումը հաղորդեց բանակի ներկայացուցիչ Եուսեֆ Ուահպէին մեր երեքով հանդիպումին` վերջինիս գրասենեակին մէջ:

Այդ առիթով Հայկազեանի ուսանողական «Սփեքթրա» անգլերէն ամսաթերթի յունիս 1968-ի տարուան վերջին համարին մէջ, Հրայր Սահակեան Լիբանանեան հրթիռներու ընկերակցութեան մասինե խորագիրով (1) Սահակեանին հետ հետեւեալ հարցազրոյցը վարեցի, որ ստորեւ կ՛ամփոփեմ. «Հարցազրոյց Լիբանանեան հրթիռներու ընկերակցութեան` ԼՀԸ-ի նախագահ Հրայր Սահակեանին հետ, այս ուշագրաւ գիտական ընկերակցութեան ծագումին, նպատակին, զարգացումին եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին:

1. «Սփեքթրա»-ի յունիս 1968-ի հարցազրոյցս Հրայր Սահակեանին հետ: 2. Հրայր Սահակեան:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայկազեան քոլեճի հրթիռներու ակումբը ե՞րբ կազմուեցաւ եւ ի՞նչ նպատակով:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- ՀԳՀԱ-ն կազմուեցաւ 1961-ին (նոյեմբեր 1960*)` շինելու եւ փորձելու փոքր հրթիռներ, անդամներուն անձնական հետաքրքրութեան, գիտական զարգացումին եւ ցուցադրութեան համար:

Հ.- Ի՞նչ էին ՀԳՀԱ-ի կարգ մը գործունէութիւնները:

Պ.- 1962-ին ՀԳՀԱ-ն միանալով այլ ընկերակցութիւններու հետ, օրինակ, ամերիկեան համալսարանի «Անջրպետի գիտական ակումբ»-ին` կոչուեցաւ Լիբանանեան հրթիռներու ընկերակցութիւն` ԼՀԸ, LRS:

«Հայկազեանի ՀԳՀԱ-ն եղաւ ԼՀԸ-ի մասնաճիւղ մը. սպայ մը կը ներկայացնէր լիբանանեան բանակը, կար նաեւ քաղաքայիններու խումբ մը` իւրաքանչիւր խումբէն առնուազն մէկ ներկայացուցիչով, որոնց նախագահը Հայկազեանի խումբէն կ՛ըլլայ: Ընկերակցութեան անդամներուն թիւը մեծնալով, հրթիռներուն չափը նաեւ մեծցաւ: Ցարդ յաջողութեամբ արտադրած ենք «Մայրի»-ներու շարքը` 1-10, փոքր դժուարութիւններով: «Մայրի 4»-ով կրցանք շուրջ 600 քմ հեռաւորութեան հասնիլ եւ շուրջ 200 քմ բարձրանալ:

«Հետագային նուազեցուցինք հասողութիւնը, որպէսզի չանցնինք միջազգային ծովային սահմանը:


3. «Նաւասարդ»-ին մէջ Հրայր Սահակեանին «Հրթիռները» յօդուածը (2): 4. Գիտական, խորաչափութեան սարքերով լեցուն հրթիռներու գլուխներ, որոնք անկարգելով գետին կը վերադառնան: 5. Իմ շինած մղիչ ուժ (thrust) եւ երագում (accelaration) չափող ելեկտրոնային եւ մեքենական սարքին ուրուագիծը:

Հ.- ԼՀԸ-ին ծախսերը ո՞վ կը հոգայ:

Պ.- Լիբանանի կրթութեան նախարարութիւնը` պատկան մարմիններուն վաւերացումով:

Հ.- ԼՀԸ-ին այժմու կացութիւնը ի՞նչ է:

Պ.- Մենք դարձակէտի մը հասած ենք, ուր պէտք է որոշենք սիրողական (amateur) մնալ, կամ արհեստավարժ (professional) դառնալ: Պէտք ունինք հրթիռները ուղղորդելու միջոցներ, սարքեր եւ (արդիական կերպով*) կարծր վառելանիւթ արտադրելու կարելիութիւն, քանի որ դուրսէն ներածուածը շատ սուղ կ՛արժէ: Արհեստավարժ դառնալու համար տնտեսական մեծ միջոցներու, աշխատավայրի եւ մասնագէտներու պէտք պիտի ունենանք, որոնք չունինք: Սիրողական մնալու համար նոյնպէս մեծ գումարներու եւ նեցուկի կը կարօտինք, աշխատավայր եւ անհրաժեշտ գործիքներ, որոնք այժմ չունինք:

Հ.- ԼՀԸ-ի ապագայի ծրագիրները ի՞նչ են:

Պ.- ԼՀԸ-ն միշտ Լիբանանի ազգային հպարտանքի առարկան եղած է եւ ամէն գնով ընկերակցութիւնը գործունեայ պիտի պահենք: Մեր ապագայ ծրագիրն է գետնէն ուղղորդուող, կառավարուող գիտական, հետազօտական խորաչափութեան հրթիռներ (sounding rockets) պատրաստել, մթնոլորտին խաւերը ուսումնասիրելու համար` շողարձակութիւնը, ելեկտրոնային խտութիւնը, ռատիօալիքներու տարածումը եւ այլն: Այլ ծրագիր մըն է` գիտական լայն ուսումնասիրութիւններ կատարել ցարդ մեր գործածած զանազան բաղադրութեանց վառելանիւթերուն վրայ եւ արդիւնքները հրատարակել: Իրականութեան մէջ ծրագրած ենք հրատարակել մեր պատմութիւնը եւ փորձառութիւնները (դժբախտաբար ցարդ այս աշխատանքը չէ կատարուած*):


6. Մանուկեան «Մայրի 7»-ն կը ներկայացնէ: 7. Լիբանանեան հեռատեսիլի հարցազրոյցը «Մայրի 4»-ի մասին. ձախէն` Հրայր Սահակեան, Համբար Գարակէօզեան, Ժոզեֆ Սֆեյր եւ Եուսեֆ Ուահպէ, Տըպպայէ, 21-11-1964:

Հ.- Որո՞նք են այժմու ԼՀԸ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամները:

Պ.- Հրայր Սահակեան (նախագահ եւ քարտուղար), հարիւրապետ (Եուսեֆ*) Ուահպէ (գիտարուեստական խորհրդատու, արտաքին յարաբերութիւններ եւ բանակին ներկայացուցիչը), Ժոզեֆ Սֆէյր (գանձապահ եւ ելեկտրոնային հաղորդակցութիւն), Արսէն Թերճիմանեան եւ Յարութ Չէքիճեան (Հայկազեան քոլեճի ներկայացուցիչներ) եւ Հայկ Թորոյեան (ամերիկեան համալսարանի ներկայացուցիչ):

«Աւարտին, Սահակեան աւելցուց. «Ինչպէս ըսի, Լիբանանեան հրթիռային ընկերակցութիւնը, գիտականի կողքին, հպարտանքի աղբիւր եղած եւ (Լիբանանի*) քարոզչութեան նպաստած է: Մեր աշխատանքով ցոյց տուած ենք, թէ ինչպէ՛ս Լիբանանի նման փոքր երկիր մը, մեծերուն նման, գիտական հետազօտութիւններու մասնակից կը դառնայ: Մենք փոքր համեմատութեամբ փորձեր կատարեցինք, սակայն կարողութիւնը ունինք աւելի՛ն ընելու, եթէ համապատասխան հիմնարկութիւնները եւ աշխատանոցները ունենանք:

«Տասնամեակներու պատմութիւնը կը վկայէ, որ անոնք, որոնք իրենց ուրոյն գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը ունին, քաղաքակրթութեան առաջնորդներ եւ հզօր կը դառնան: Ուրեմն քաղաքակրթութեան առաջատար եւ հայրենիքն ու իրաւունքները պաշտպանելու բաւարար ուժ ունենալու համար պէտք է մեր ուրոյն գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը ունենանք: Այլ խօսքով, մեր ճաշը մե՛նք պէտք է եփենք: Մեր խոհանոցները մե՛նք պէտք է շինենք` վարպետներէն սորվելով:

8. Հայկազեանի երկսեռ ուսանողութիւնը ներկայ է «Մայրի 2»-ի արձակումին:

«ԼՀԸ-ի նման ընկերակցութեան մը մէջ գիտութիւն եւ արհեստագիտութիւն կը կիրարկուի: Ազգին եւ գիտութեան ուսանողներուն նեցուկով ԼՀԸ-ն կրնայ յառաջդիմութեան, յաջողութեան եւ բարգաւաճման հիմնարկ դառնալ` խուզարկելու «անծանօթը» եւ «իմանալին»:

Շնորհակալութիւն, Յարութ Չէքիճեան»:

Ուրեմն այս հարցազրոյցէն շատ յստակ կը դառնայ, որ վերջին արձակուած հրթիռը «Մայրի 10»-ն էր եւ, ըստ «Ազդակ»-ին, 22 դեկտեմբեր 1966-ին:

Յօդուածաշարիս Գ. մասին մէջ նշուած էր Հրայր Սահակեանին «Նաւասարդ» 1964-ի տարեգիրքին մէջ գրած «Հրթիռներու ակումբը» յօդուածին (3) մասին, որմէ պիտի մէջբերեմ նաեւ հետեւեալը. «Մեր յաջողութիւնները կը պարտինք Լիբանանի կառավարութեան, որ մեզ քաջալերեց եւ մեզի օժանդակեց, քոլեճիս տնօրէնին` դոկտ. Ճոն Մարգարեանին, որ մեզի` Հայկազեանի ուսանողներուս համար ստեղծեց ամէն յարմարութիւն, որպէսզի դասերու կողքին կարենանք զբաղիլ մեր գիտական աշխատանքներով, ինչպէս նաեւ` միութեան իւրաքանչիւր անդամին անձնուէր ու կամովին աշխատանքին ու գործակցութեան շնորհիւ: Ամառուան ընթացքին նոր վառելանիւթերու եւ ուղղիչ մեքենաներու պատրաստութեամբ պիտի զբաղինք, հրթիռին գագաթը զետեղուած ելեկտրոնիք ուղեղ մը պիտի կառավարէ հրթիռները»:

Հրթիռներու համար գործածուող զգացող սարքերը (sensors) բազմաթիւ են եւ տեսակաւոր: Ամենապարզը տաքութիւն զգացողն է` թերմիսթըր (thermistor), որ ելեկտրական հոսանքին «ընդդիմացող» (resistor) մըն է, դիմադրութեան չափին միաւորը օհմ-ն է, եւ ըստ անոր տեսակին, ջերմութիւնը օհմ-ը կա՛մ կը նուազեցնէ եւ կա՛մ կ՛աւելցնէ ու ելեկտրոնային պարունակով (circuit) ջերմաչափի կը վերածուի (տե՛ս նկար 9): Նոյնպէս, հրթիռին մարմինին պրկումը, ճնշումը եւ ընդլայնումը կը չափուի սթրէյն կէյճով, որ առաձգական թերթիկի մը վրայ «տպուած» ռեզիսթըր, ելեկտրական ընդդիմացող մըն է որ կը փակցուի հրթիռին մարմինին վրայ եւ անոր մետաղին երկննալուն կամ կծկուելուն հետ իր դիմադրութեան օհմ-ը` չափը կը փոխուի եւ ելեկտրոնային պարունակով թիւերու կը վերածուի (տե՛ս նկար 10):

9. Ջերմութիւն զգացող «թերմիսթըրներ»: 10. Գլանաձեւ խողովակի մը ճնշումը եւ պրկումը զգացող «սթրէյն կէյճեր»: 11 Մղիչ ուժ եւ երագում չափող սարք:

Ցարդ մեր գործածած բոլոր տեսակի զգացող սարքերը շատ սուղ եւ պատրաստի էին: Ուրեմն երկրորդ գործիքը, որ շինեցի, ՀԳՀԱ-ի կամ ԼՀԸ-ի կողմէ ցարդ առաջին ոչ պատրաստի ուրոյն գործիքն էր, մղիչ ուժ (thrust) եւ երագում (accelaration) չափող ելեկտրոմեքանիք սարքն էր. (տե՛ս նկար 5): Տրուած ըլլալով, որ հրթիռէն հեռաչափումի ռատիօարձակումը ընդհանրապէս չէր յաջողեր, պատրաստեցի մղիչ ուժ եւ երագում (արագութեան աճը) չափող փոքր սարքը, որ, ելեկտրոնայինին կողքին, նաեւ օժտուած էր մեքենական «յիշողութեամբ»:

Այսպէս, հրթիռին մղումին եւ արագութեան համեմատ երկաթէ գլանը զսպանակին դէմ դէպի վար սահելով, շնորհիւ կեռաժանին, (ratchet) ետ վեր չ՛ելլեր, եւ երբ որ (կամ եթէ) հրթիռին գլուխը ծովուն մէջ իյնալէն ետք վերստանանք, սարքը ցոյց կու տայ առաւելագոյն մղիչ ուժը, որուն հասած էր հրթիռը: Գործիքին մղիչ ուժին եւ երագումին աստիճանաչափը ճշդեցի ամերիկեան համալսարանի գործատեղիիս կարգաւորելի` ճշգրիտ արագութեամբ կեդրոնախոյս մեքենային միջոցով (centrifuge, G-force): Նկար 11-ը պատրաստի մղում չափող սարք մըն է:

Այս սարքին ելեկտրոնային մասը առանց հրթիռի փորձեցինք: Երկաթէ գլանը որքա՛ն դէպի վար սահի, մագնիսական փաթթոցին մակածութիւնը (induction)` ելեկտրական միաւորը իւրաքանչիւր աստիճանին համապատասխան կ՛աւելնայ: Սակայն երբե՛ք կարելի չեղաւ ռատիօհաղորդիչներ շինել, քանի որ այն ժամանակ ելեկտրոնային ռատիօհաղորդիչներու համար օգտագործուող ելեկտրոնիք ծանօթ մասերը արգիլուած էր քաղաքայիններուն ծախել: Մի՛այն բանակին եւ ապահովական ուժերուն համար արտօնուած էր:

Շարունակեցի ուսումնասիրութիւններս` շինելով ելեկտրոնիք-մեքանիք երկու սարքեր եւս, այս մասին` յաջորդիւ:

17 հոկտեմբեր 2021

(Շար. 13/14)

haroutchekijian.wordpress.com

(1) «Spectra» Haigazian college student publication, V7, No 3, june 1968, p8-9.
(2) «Նաւասարդ» ուսանողական հանդէս Հայկազեան քոլեճի, Բ. տարի, թիւ 2, 1963, Հրայր Սահակեան, տպարան «Սեւան», Պէյրութ, էջ 58-64:
(3) «Նաւասարդ» տարեգիրք Հայկազեան գոլէճի, 1964, Հրայր Սահակեան, տպարան «Ատլաս», Պէյրութ, էջ 112-114:

haroutchekijian.wordpress.com/2021/09/06/հայ-մասնագէտները-հրթիռները-եւ-անջրպե-9/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail