Անդրադարձ – Մեր Կեանքէն. Ընդհատուած Բուժումը – Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
09 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՍՓԻՒՌՔ:
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Անցնող ամիսներուն մօտաւորապէս 500-է աւելի հիւանդանոցային պարագաներ ներկայացան, անոնց մեծամասնութիւնը` քրոնիք հիւանդութիւններէ տառապող միջին եւ տարեց տարիքի հայորդիներ:
Լիբանանի տնտեսական ծանր պայմանները նկատի առնելով, տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները անցեալ տարի արդէն մէկ միլիոն տոլարի նպաստ բաժնեցին երեք հազար ընտանիքներու` 5 մասնավճարով: Յուլիս, օգոստոս, սեպտեմբեր ամիսներուն, դարձեալ անոնց առաջարկով եւ վեհափառ հօր տնօրինութեամբ, հիւանդանոցային պարագաներու նպաստներ բաժնուեցան:
Տեղեկագիր չէ, որ կը գրեմ: Կ՛ուզեմ մատնանշել ահաւոր վիճակներու գոյութիւնը, որպէսզի լաւապէս գիտնան բոլորը, որ առանց վերոնշեալ նպաստներուն կարելի պիտի չըլլար կեանքեր փրկել:
Փաստօրէն, տասնէն աւելի պարագաներ նիւթական դժուար կացութեան պատճառով իրենց քաղցկեղի հանգրուանային բուժումը դադրեցուցած էին: Մէկը` քիմիական դեղերու չգոյութեան կամ սղութեան պատճառով, միւսը ռատիոթերափիի ծախսերուն պատճառով, ուրիշ մը փեթ սքանի գումարը չունենալուն, ուրիշ մը պիոփսիի գումար չապահովելուն, որպէսզի բուժման սկսի:
Այսպէս է սիրելինե՛ր:
Լիբանանի տնտեսական ահաւոր կացութիւնը միայն կենցաղային, ապրելու, տոկալու հրամայականը չէ: Բուժումներուն կէս մնալու եւ ահաւոր առողջական հարցերու առջեւ գտնուելու վտանգը կայ:
Չենք չափազանցեր, իրականութիւնը կ՛ըսենք: Ժողովուրդը նիւթական պատճառներով բուժումները դադրեցուցած է, եւ այդ մէկը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ գիտակցած մահուան ճամբան բռնել:
Պէտք չէ առանձին մնայ Պէզիքեան ընտանիքի նախաձեռնութիւնը:
Ուրիշներ ալ պէտք է երկրորդեն, երրորդեն… ժողովուրդը անմիջական դեղորայքի եւ բուժումի կարիքն ունի:
Բոլորս ալ լարուած ճիգի մէջ ենք: Սակայն բոլորս յաւելեալ նեցուկի պէտք ունինք:
Անցողական հարց մը չէ: Երկար շունչի վրայ տոկալու, մնալու եւ ժողովուրդը ոտքի պահելու ճիգ է ասիկա, որ կ՛ենթադրէ միասնական ջանք եւ աշխատանք: Փաստօրէն, հիւանդանոցային համակարգը կամաց-կամաց անկարողութեան ընթացքի մէջ է:
Հիւանդանոցներու, բժիշկներու, հիւանդապահներու, դեղերու, ախտաճանաչման քննութեան կեդրոններու եւ ընդհանրապէս դեղորայքի տագնապը օրէ օր ճգնաժամը սկսած է ծանրացնել եւ փրկութեան յոյսերը օրէ օր, ամիսէ ամիս հետզհետէ կը նուազին:
Մենք հաւաքական լարուած ճիգով աշխատելու, յոյս տալու եւ ժողովուրդը ոտքի պահելու կամքը ունինք, սակայն օժանդակութիւններու շարունակականութիւնն ու Լիբանանէն, սփիւռքէն եւ այլուր բարերարներու նեցուկը բոլոր ժամանակներէ աւելի կարեւոր է ու ճակատագրական:
www.aztagdaily.com/archives/531586