Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Տապալած Է ՄԱԿ-ի Փտածութեան Դէմ Պայքարի Համաժողովի Ընթացքին Ազրպէյճանի Կազմակերպած Հակահայկական Ձեռնարկը

Map of Armenia - Kingdom of Armenia under the Arsacid dynasty, c. 150 BCE

Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Տապալած Է ՄԱԿ-ի Փտածութեան Դէմ Պայքարի Համաժողովի Ընթացքին Ազրպէյճանի Կազմակերպած Հակահայկական Ձեռնարկը

16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ

ՄԱԿ-ի փտածութեան դէմ պայքարի ուխտի անդամ երկիրներու համաժողովի Շարմ Էլ Շէյխի մէջ (Եգիպտոս) 13-էն 17 դեկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցող 9-րդ նստաշրջանի ընթացքին Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը սեփական երկրին մէջ առկայ տարածուած փտածութեան դրսեւորումներուն անդրադառնալու փոխարէն, որոշած էր չարաշահել համաժողովի հարթակը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններն եւ անհատները վարկաբեկելու համար:

Ազրպէյճանի պատուիրակութեան կազմակերպած «Misuse of fund raising activities for corruption and related criminal purposes» խորագիրով յարակից ձեռնարկին նպատակն էր պիտակաւորել հայկական կազմակերպութիւնները` իբրեւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումով զբաղող կառոյցներ, իսկ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը ներկայացնել իբրեւ անջատողականութիւն եւ ահաբեկչութիւն:

Ձեռնարկին օրինականութիւնը հաղորդելու նպատակով Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը որոշած էր իր քաղաքական շահարկումներուն մէջ ներքաշել ՄԱԿ-ի Թմրանիւթերու եւ յանցաւորութեան դէմ պայքարի գրասենեակի (UNODC) քարտուղարութիւնը եւ փորձագիտական ներուժը` վերջիններս հրաւիրելով մասնակցիլ քննարկումին` իբրեւ բանախօս: Բացի ատկէ, առանց UNODC-ի քարտուղարութեան թոյլտուութեան Ազրպէյճանը օգտագործած էր վերջինիս եւ համաժողովի պատկերանշանները ձեռնարկին կազմակերպչական նիւթերուն վրայ` փորձելով տպաւորութիւն ստեղծել, թէ UNODC-ն եւ ՄԱԿ-ի փտածութեան դէմ պայքարի ուխտի անդամ երկիրներու ժողովի 9-րդ նստաշրջանը կը հանդիսանան ձեռնարկին համակազմակերպիչներ:

Նստաշրջանին մասնակցող Հայաստանի պատուիրակութիւնը, որ կը գլխաւորէ ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեանը, ազրպէյճանական քարոզչութեան հակազդելու նպատակով ձեռնարկեց շարք մը քայլերու: Մասնաւորապէս, Հայաստանի պատուիրակութեան պահանջով UNODC-ի քարտուղարութիւնը Ազրպէյճանի պատուիրակութենէն պահանջեց ազրպէյճանական յարակից ձեռնարկին բոլոր փաստաթուղթերուն վրայէն հեռացնել UNODC-ի եւ նստաշրջանի պատկերանշանները: Բացի ատկէ, Հայաստանի պատուիրակութեան պահանջով UNODC-ի փորձագէտը, որ պէտք է ելոյթ ունենար քննարկման ժամանակ, յայտարարեց, որ UNODC-ի քարտուղարութիւնը սովորաբար անդամ երկիրներու խնդրանքով բանախօսներ կը տրամադրէ յարակից միջոցառումներու համար: Այնուհետեւ ան ընդգծեց, որ քարտուղարութեան ներկայութիւնը միջոցառման որեւէ ձեւով չի նշանակեր, որ UNODC-ն կը հաստատէ միջոցառման ընթացքին տեղ գտած որեւէ ելոյթ կամ յայտարարութիւն: Խնդրելով իր այդ յայտարարութիւնը արձանագրել ձեռնարկին ամփոփիչ փաստաթուղթին մէջ` ան լքեց հարթակը եւ դուրս եկաւ դահլիճէն:

Ձեռնարկին հրաւիրուած միւս բանախօսները (Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ արձանագրուած խորհրդատուական կազմակերպութիւններէն) ելոյթէն ետք խօսք առին Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ, Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Ռաֆայէլ Մովսէսեանը եւ, խստագոյնս քննադատելով Ազրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած հակահայկական ձեռնարկը, պահանջեց Ազրպէյճանէն դադրեցնել միջազգային հարթակներուն վրայ ատելութեան եւ խտրականութեան քարոզը հայկական կազմակերպութիւններուն եւ հայազգի յայտնի գործիչներուն դէմ:

Հանդիպումին ֆիզիքապէս կը մասնակցէին խիստ սահմանափակ թիւով օտարերկրացիներ, որոնք Հայաստանի պատուիրակութեան ելոյթէն ետք անմիջապէս հեռացան դահլիճէն:

Map of Armenia – Kingdom of Armenia under the Arsacid dynasty, c. 150 BCE

www.aztagdaily.com/archives/532363

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail