Այրենահանման Հետեւանք Սփիւռքի Տեղի Մասին Հայեւթուրք Բանակցութիւններուն Մէջ – Յակոբ Պալեան
29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Միշտ պէտք է մտածել, քաղաքական կեանքի բոլոր նախաձեռնութիւններու պարագային, թէ «ի՞նչ կ’ուզենք եւ ի՞նչ են ազգի գոյութենական շահերը:
Ազգի՛ շահ, ո՛չ անհատի:
Յուսատու, կամ վտանգաւոր, քայլ մը կ’առնուի. Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Թուրքիա պիտի բանակցին: Այս կրնա՞յ միաժամանակ հարթակ դառնալ ՀԱՅԵՒԹՈՒՐՔ երկխօսութեան եւ բանակցութեան, ո՛չ միայն ՀԱՅԱՍՏԱՆԵՒԹՈՒՐՔԻԱ: Անբնական եւ պառակտող թող չհամարուի երկուքին միջեւ բովանդակութեան եւ յանգումի տարբերութիւն տեսնել: Ի վերջոյ քաղաքականութիւնը մարդոց գործ է, եւ ինչպէս միշտ եղած է, յանգելու համար լաւի կամ վատի:
Անբնական չէ, որ Հայաստան եւ Թուրքիա բանակցին: Բայց օրակարգերը պէտք է գիտցուին:
Հայրենահանման հետեւանք սփիւռքը, մի,շտ սկզբունքով, տէր կը մնայ բռնագրաւուած հայրենիքին ուրկէ դուրս դրուած է, հոն ձգելով ցեղասպանութեան հետեւանք մէկուկէս միլիոն զոհեր: Հայաստանթուրքիա բանակցութիւններու օրակարգերուն մէջ տեղ եւ դեր պիտի ունենա՞յ հող կորսնցուցած եւ հայրենահանուած ազգի բեկորը, թէ՞ պիտի դատապարտուի անգիտացման, այնպէս՝ որ կարծէք գոյութիւն ունեցած չըլլայ. բնիկներու ջարդ եւ հայրենահանում, կորսնցնելով հողի տիրութիւնը:
Հայրենահանուածներու սփիւռքը, հայ ազգ էր եւ է:
Մեր հին եւ նոր պատմութիւնը կնքուած է միշտ տեւող եւ ներկայ անարդարութիւններով: Անարդարութիւն եւ անգիտացում երբ կու գան օտարէն, դուրսէն, մասամբ հասկնալի կ’ըլլան: Բայց երբ ժողովուրդի մէկ հատուածը կ’անգիտանայ միւսը, ողջմիտ մարդը կը կանգնի հարցականներու առջեւ, կը ստիպուի մտածել բաժանումներու եւ պառակտումներու մասին: Ճառերու խոշոր բառերը կը կորսնցնեն իրենց իմաստը:
Մի՛շտ մտածել ՄԻԱՑԵԱԼի մասին:
Թուրքիոյ հետ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակցութիւններու հայկական օրակարգը ի՞նչ պիտի ըլլայ, ի՞նչ պիտի ըլլայ թրքական օրակարգը:
Ինչե՜ր ըսուած են եւ կ’ըսուին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ դելիմիտացիա-դեմարկացիա գլխուն տակ: Բայց դեռ ոչ ոք ըսաւ, թէ ո՞ր թուականէն կը սկսի իրաւունքներու ճշդումը: Իրաւունք կը ճշդուի ո՞ր չափանիշներու (նորմերու) հիման վրայ: Պէտք է խօսիլ բնիկի իրաւունքի եւ եկուորի բռնութեամբ ձեռք բերած (չ)իրաւունքի մասին: Ինչպէ՞ս կը սահմանուի տարածքի մը տիրութեան հարցը: Ժամանակ եւ պատմութիւն իրաւունք սահմանելու եւ ճշդելու բանակցութիւններուն մէջ ինչպէ՞ս նկատի կ’առնուին: Հայկական աշխարհի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պատմութիւնները ե՞րբ սկսած են, ինչպէ՞ս կը սահմանուի տարածքներու տիրութեան հարցը, որպէսզի արդար իրաւունք ճշդուի:
Հայեւթուրք բանակցութիւններու ընթացքին անխուսափելիօրէն ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԻՇՈՂԹԻՒՆԸ օրակարգ ալ չըլլայ, պիտի գտնուի միտքերու մէջ, տողերու արանքին: Այդ յիշողութիւնը նախ ՀԱՅԱՍՏԱՆն է, ո՛չ միայն ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆը: Հայոց հայրենիքի պատմական իրողութիւնը եւ իրաւունքը նկատի պիտի առնուի՞ն դելիմիտացիա-դեմարկացիա ուժի քաղաքական թատրոնին մէջ, թէ՞ Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, յանուն հայ ժողովուրդին, պիտի ընդունի ջաղացքի քար դնել պատմութեան, բարոյականի, ոճիրի եւ իրաւունքի վրայ:
Այդ իրաւունքը Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնա՞յ կամայականօրէն ինքնիրեն շնորհել:
Միամիտ չենք: Այսօր հայեւթուրք բանակցութիւննեը կը նմանին, առակի ըսածին պէս, երկաթ կուժի եւ կաւէ կուժի նոյն սակառին մէջ ճամբորդութեան: Ճիշդ է, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատերազմի մէջ պարտուած է, բայց դեռ ունի համակրանքներու բարոյական նեցուկ, որուն գլխաւոր ներշնչող ուժը հայրենահանուած հայերու սփիւռքն է, որ կը պահէ իր խլուած ազգային ժառանգութեան հիմնական արժէքները, զորս աճուրդով վաճառելու համար ո՛չ ոքի լիազօրութիւն տուած է: Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Թուրքիա բանակցութիւնները կրնա՞ն պատճառ դառնալ ներազգային նոր պառակտումներու եւ խզումներու, ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔի անտեսումը եւ անկէ հրաժարումը եթէ օրակարգ չըլլան:
Զարմանալի կերպով նոյնինքն հայրենահանուածներու սփիւռքը լուռ կը մնայ, կարծէք որդեգրած է սպասողական դիրք: Յաճախ կը խօսուէր անցեալին, կը խօսուի նաեւ այսօր, հայրենի իշխանութիւններու գործը չխոչնդոտելու մասին: Յստակացում պահանջել եւ ազգային իրաւունքը յիշեցնել եւ անոր տէր կանգնելու պահանջով հրապարակ գալ հայրենի իշխանութիւններու գո՞րծը կը խոչնդոտեն, թէ՞ կ’իմաստաւորեն:
Եթէ Հայաստան եւ այս պարագային մանաւանդ Սփիւռքը, յստակացում չպահանջեն, չուզեն նախօրօք գիտնալ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ հայեւթուրք բանակցութիւններու ալֆան եւ օմեկան, ազգը յանկարծ կրնայ գտնուիլ պարտադրուած կամ ընդունուած հրաժարումներու կատարուած իրողութեան առջեւ, համոզելով եւ համոզուելով, որ համագումար զիջումները խաղաղութեան, բարօրութեան եւ բարգաւաճման հնարաւորութիւններ կ’ընծայեն Հայաստանի Հանրապետութեան:
Դասական արտայայտութեամբ լաւ ապրելու իրաւունքով առաջնորդուող քաղաքականութիւն մը ի՞նչ ապագայ կը խոստանայ ՀԱՅ ԱԶԳին եւ իր լրիւ հասկացողութեամբ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆին:
Ինչպէ՞ս Հայաստանի հարազատ մտաւորականութիւնը այս հիմնական հարցերու գծով չի խօսիր ժողովուրդին, ճամբացոյց չ’ըլլար անոր, ինչպէ՞ս երկրի իշխանութիւններէն յստակացում չի պահանջեր: Ի վերջոյ երկրի մը իշխանութիւնները այդ երկրին եւ անոր ժողովուրդի իրաւունքներուն աւանդապահն են, բայց ո,չ սեփականատէրը:
Մինչեւ հակառակի փաստը, կը սիրեմ հաւատալ, որ Հայաստան «պանանային հանրապետութիւն» չէ, տիկնիկային թատրոն չէ, եւ խաղցնողները ուրիշներն են:
Պէտք է յուսալ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, հակառակ ներկայի անբաղձալի եւ դժուար կացութեան, զոր ոչ ոք կ’անգիտանայ, հայ ազգի գոյութենական հիմնահարցերը մոռացութեան չեն տար, չեն զոհեր մասնակիին, անմիջականին եւ ժամանակաւորին:
Յստակ պէտք է ըլլայ, որ հայրենհանուածներու սփիւռքը իր իրաւունքները եւ ճակատագիրը որոշելու լիազօրութիւն,- քարթ պլանշ,- չէ տուած ո՛չ ոքի, ո՛չ անհատի եւ ո՛չ իշխանութեան մը:
Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները կրնա՞ն ըլլալ հայ եւ թուրք բանակցութիւններ: Այս պիտի իրականացնէ հարազատ, որակաւոր եւ ձեռնհաս ղեկավարութիւնը:
Բայց ժողովուրդը արթուն պէտք է հսկէ, չմնայ գաճէ արձանի պէս:
Իսկ սփիւռքը այսօ՛ր պէտք է խօսի: Այլապէս վաղը կրնան ըսել, թէ ինչո՞ւ նախապէս չխօսեցաք:
Այսօր, բանակցութիւններու նախօրեակին, ճիշդ պէտք է հասկնալ թրքական տրամաբանութիւնը. «Ինչ որ իմս է ինծի կը պատկանի, ինչ որ քեզի կը պատկանի սակարկելի է»:
Բանակցիլ քաղաքական դրական ընթացք է, եթէ գիտենք թէ ի՞նչ կուզենք եւ ո՞ւր կ’ուզենք հասնիլ: Այս մասին Ամերիկայի յանդուգն նախագահ Ճոն Քէնետի ըսած է. «Չբանակցինք երբեք մեր վախերով: Բայց երբեք չվախնանք բանակցելէ»*:
Այսինքն Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններէն պէտք չէ վախնալ, երբ գիտենք, թէ ի՞նչ կ’ուզենք եւ ի՞նչ են ազգի գոյութենական շահերը:
yerakouyn.com/2021/12/29/այրենահանման-հետեւանք-սփիւռքի-տեղի-մ/