Կայքէջի վրայ կարդացի հարցազրոյց մը մի ոմն Հայրապետեանի հետ որը բաւական սպառիչ պատասխաններ կուտար – Զարեհ Եահնիեան

Culture - Karnoy, Daronk or Darun fortress fortress, old and famous fortress, Kogvit province of Ararat, that 15 centuries, It has been known as Payazet

Կայքէջի վրայ կարդացի հարցազրոյց մը մի ոմն Հայրապետեանի հետ որը բաւական սպառիչ պատասխաններ կուտար – Զարեհ Եահնիեան

04 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Կայքէջի վրայ կարդացի հարցազրոյց մը մի ոմն Հայրապետեանի հետ որը բաւական սպառիչ պատասխաններ կուտար, նաեւ համոզիչ, սակայն երբ հնչեց իր պատասխանը Հայկական աւանդական կուսակցութիւններու վերաբերեալ կրկնակի մտածելու առիթ տուաւ․

Հայրապետյան;

«Այդպես էլ ավանդական կուսակցությունները չպետականացան• գործեցին գաղութային մտայնությամբ•••»

Երեւի նախ հարկաւոր էր բացատրեր թէ ինչ՞ կը նշանակէ պետականացում եւ ինչ՞ կը նշանակէ գաղութային մտայնութիւն որպէսզի կրնայինք հասկնալ իր միտքը եւ գտնել թելի ծայրը ուրկէ կրնայինք հասնիլ տրամաբանական պատասխանին․

Այդ որ՞ թուականին Հայաստանի հանրապետութիւնը պետականացաւ եւ ունեցաւ անկախ պետականութիւն, միթէ՞ Հայկական աւանդական կուսակցութիւնները ձեռք չերկարեցին այդ կիսատ պետականութեան որպէսզի իսկական պետութիւն դառնար եւ միթէ՞ այդ ձեռքը ցայսօր օդի մէջ չէ․

Եթէ հարցերու պատասխանողի ըսածը իրականութիւն է ապա ուրեմն միայն կարելի է հրճուիլ դրանով եւ յոյս փայփայել որ Հայկական աւանդական կուսակցութիւնները չեն պետականացուած եւ մնացած են իրենց գաղութային մտածելակերպով, երանի չէր՞ այդպէս ըլլար․

Գաղութային մտածելակերպը այդ կուսակցութիւններուն իր մէջ կը պարունակէր աւելի շատ պետականութիւն քան թէ ինքզինք անկախ հռչակած բայց խորքին մէջ իսկական գաղութային հոգեբանութեամբ առաջնորդուած Հայաստանի պետականութիւնը․․․

Այդ կուսակցութիւնները կը գտնուէին նոյն ինքնաշարժի մէջ որու վարորդը սխալ ուղղութեամբ կընթանար եւ ժամանակը իր բոլոր փորձերով ցոյց տուաւ որ ետեւի նստարանէն հասնիլ վարորդի քով ոչ մէկ ձեւով չօգնեց ընթացքի ուղղութեան այլ հակառակը կողքը նստելով աւելի աջ ու ձախ զարնուելով վիրաւորուեցան եւ փճացան, կամ պիտի ղեկին հասնիս եւ կամ ետեւը աւելի ապահով է, այս էր հիմնական դասը անցնող 30 տարիներուն որը չսորուեցան եւ առջեւի աթոռի վրայ փոխանակ ընթացքը ուղղէին իրենք շեղուեցան․․․

Երանի Հայկական աւանդական կուսակցութիւնները մնային իրենց այսպէս կոչուած գաղութատիրական մտայնութեամբ․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Գարտէզ-Հայաստան մեծ Հայք, փոքր Հայք, Կիլիկիա – Map Armenia Greater Armenia, Small Armenia, Cilicia – Carte Arménie Grande Arménie, Petite Arménie, Cilicie

Զարեհ Եահնիեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail