Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ԱՄԵՆԱ-ԱՆՈՐՈՇ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԸ••• Յարութ Գալայճեան
13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – Յարութ Գալայճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
«••• Արժէքներու Փոխանցումը
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ԱՄԵՆԱ-ԱՆՈՐՈՇ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԸ•••
Եթէ ՆՈՅՆԻՍԿ, շուտով գումարուելիք 34-րդ ԸԺ-ը անդրադառնայ վերջին տասնամեակներու քարացած ղեկավարութեան կանխամտածուած/գործած յանցանքներուն (ինչ որ անհաւանական է)՝ այդուհանդերձ, վերականգման համար՝ հեռացուած/արտաքսուած հարիւրաւոր ընկերներու փոխարէն որակային համաչափութեամբ նոր դէմքեր պատրաստելու շատ երկար ժամանակի ահաւոր կարիքը՝ արեւային ակներեւութիւն ունի։
Ցաւ ի սիրտ, վերականգման այդ ժամանակը գրեթէ սպառած է։
Անտարակոյս է նաեւ, որ հայրենի ժողովուրդէն անդառնալիօրէն մերժուած ներկայ կամ վերարտադրուելիք ղեկավարութիւնը պիտի շարունակէ մնալ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓԱԿՈՒՂԻԻՆ ՄԷՋ։
ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԷ, ամենեւին կասկածէ դուրս է, որ ՀՅԴ-պատմութեան արժեհամակարգային գաղափարները պիտի գոյատեւեն ու վերջապէս՝ որդեգրուին հայկական ՆՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ։
Կ՚ապրինք եւ կը տեսնենք•••»
14 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022
ՄՈՒՂՆԻ
Յարութ Գալայճեան