«Ոսկեբերան Արզումանեան Կրթական Ֆոնտ»-ը` Հայ Աշակերտի Կողքին
26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄՇԱԿՈՅԹ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Ոսկեբերան Արզումանեան Ազգային Գործիչ Եւ Մտաւորական – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
«Ոսկեբերան Արզումանեան կրթական ֆոնտ»-ը ծանօթացնող կայքի հաստատումին առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց լիբանանահայ ազգային-կրթական հանրածանօթ գործիչին զաւակին` մեր աշխատակից տոքթ. Վարդգէս Արզումանեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ուրկէ՞ եկաւ այս միտքը եւ ինչպէ՞ս սկսաւ այս գործը:
ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ.- Երբ հայրս մահացաւ 2007 թուականին, ընտանիքի փափաքով եւ վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ կաթողիկոսարանին մէջ հիմնեցինք ֆոնտ մը հանգուցեալ հօրս անունով` «Ոսկեբերան Արզումանեան կրթական ֆոնտ», որ կրթական նպաստ պիտի բերէր հայկական վարժարաններ յաճախող փայլուն եւ կարիքաւոր աշակերտներուն:
«Ա.».- Ինչո՞ւ ֆոնտը կրթական է, եւ ոչ` այլ մարզի:
ՏՈՔԹ. Վ. Ա.- Ինչպէս գիտէք, կամ ընթերցողները կը յիշեն, հայրս իր ամբողջ կեանքը նուիրած է ուսումնական աշխարհին: 62 երկար տարիներ ան ծառայած է ազգային կառոյցներու մէջ` սկսելով Ազգային առաջնորդարանէն, հասնելով կաթողիկոսարան: Այս բոլորին կողքին` հայրս մեծ ներդրում ունեցած է Ուսումնական խորհուրդը եւ ազգային վարժարանները կազմակերպելու, անոնց մակարդակը բարձրացնելու: Ի վերջոյ, լայն գիծերու մէջ կրնամ ըսել, հայ դպրոցին նպաստելու:
Ասոնց կողքին նաեւ պէտք է յիշենք, որ հայրս եղած է ֆրանսական համալսարանի` Սեն Ժոզեֆ համալսարանի, երկար տարիներու վարչական տնօրէն (համալսարանի բարձրագոյն պաշտօնը), եւ նոյնիսկ երբ ան հանգստեան կոչուեցաւ, ցմահ մնաց համալսարանի «պատուակալ տնօրէն»-ը (administrateur emeritus):
Կրթութեան նախարարութեան կողմէ երկու անգամ ստացաւ «Մայրիներու» ամենաբարձր շքանշանները: Ուրեմն ուսումնական ֆոնտ մը ստեղծելը լաւագոյն կերպը պիտի ըլլար հօրս յիշատակը վառ պահելու:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գործէ այս ֆոնտը:
ՏՈՔԹ. Վ. Ա.- Շատ պարզ. ամէն դպրոցական տարեշրջանի սկիզբ մենք «Ազդակ»-ի միջոցով ծանուցումներ կը դնենք, ինչպէս նաեւ աշակերտը կրնայ կապուիլ vosgueperan-arzoumanian.com կայքէջին եւ հոնկէ կրնայ կաթողիկոսարան կապուիլ: 10-րդ,11-րդ կամ 12-րդ դասարանի որեւէ հայկական վարժարան յաճախող փայլուն աշակերտ կրնայ դիմել այս ֆոնտին եւ ներկայացնել իր թղթածրարը, որ պիտի սերտուի ընկերային ծառայողներու կողմէ, որոնք պիտի արժեւորեն, որ իսկապէս կարիքաւոր է աշակերտը եւ փայլուն: Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ 2007 թուականէն` հօրս մահէն տարի մը ետք` 2008-ին, այս ֆոնտը արդէն կը գործէր, եւ մենք ունեցանք բազմաթիւ աշակերտներ (ճեմարանէն կամ այլ հայկական վարժարաններէ): Աշակերտներէն վերջինը աւարտեց 2016 թուականին, եւ մենք կեցանք շրջան մը տարբեր պատճառներու բերումով եւ ծրագիրն ու կանոնագիրը վերամշակեցինք եւ անկէ ետք երբ պիտի սկսէինք, դժբախտաբար Լիբանանի տնտեսական կացութիւնն ու համաճարակը կանխեցին մեր գործը: Այժմ, աւելի ժամանակ կորսնցնել չուզելով, արդէն անցած ենք աշխատանքի:
«Ա.».- Նոր ծրագիր եւ կանոնագի՞ր:
ՏՈՔԹ. Վ. Ա.- Այո՛, նոր ծրագիր եւ նոր կանոնագիր, որովհետեւ առաջին անգամ 2008 թուականին, երբ սկսած էինք, այդ ժամանակ մենք կը ծառայէինք եւ կ՛օգնէինք երկրորդական բաժնի աշակերտներուն (7-րդ դասարանէն մինչեւ աւարտական). այս բոլորը` հիմնուելով այն սերտողութեան վրայ, որ դիտել կու տար, թէ այն աշակերտները, որոնց ծնողները կ՛ուզէին զիրենք դպրոցէն հանել գործի ասպարէզի մէջ դնելու համար, ընդհանրապէս այդ տարիքին կ՛ըլլային: Ուստի մենք պատրաստ էինք օգտակար դառնալու այդ կարգերու այն աշակերտներուն, որոնք իսկապէս փայլուն են ու կարիքաւոր:
Փոխեցինք սակայն այդ մէկը, եւ հիմա 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ կարգերու աշակերտներուն է, որ կու տանք: Ինչո՞ւ. որովհետեւ կը տեսնենք, որ եթէ ծնողը աշակերտը պիտի հանէ դպրոցէն, մենք անոր դիմաց բան չենք կրնար ընել: Սակայն շատ կը նեղուինք եւ մեր ու բոլորին համար սրտի մեծ ցաւ է, երբ աշակերտներու ծնողներ իրենց զաւակները մինչեւ 9-րդ դասարան հայկական դպրոց ղրկելէ ետք, օտար դպրոց կը փոխանցեն զանոնք այս կամ այն պատճառներով: Մենք փայլունը կ՛ուզենք պահել ու օգտակար դառնալ: Այս մէ՛կ: Երկու, այն աշակերտը, որ այս նպաստէն կ՛օգտուի, երբ համալսարան երթալու ըլլայ, ստիպուա՛ծ է ՀԵՀՈՄ (Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւն) շարժումին մաս կազմելու, եւ ինչո՞ւ այս մէկը, որովհետեւ համալսարանական շրջանակին մէջ մենք կ՛ուզենք իրար ծանօթանալու առիթ ստեղծել հայ աշակերտներուն: Այս ձեւով մենք կը փորձենք աշակերտը հայկական միջավայրի մէջ պահել, որ շատ կարեւոր բան մըն է: Երրորդ հիմնական կէտը, որ նոր ծրագրին մէջ նաեւ յիշուած է` իւրաքանչիւր աշակերտ քանի տարիով որ օգտուի այս ծրագրէն, համալսարանը աւարտելէ ետք, ուր ալ գտնուի, որեւէ մէկ ազգային գունաւորում ունեցող կազմակերպութեան մէջ նոյնքանով պէտք է ծառայէ ձրիաբար: Շատ կարեւոր է մեզի համար այս երկու կէտերը` ՀԵՀՈՄ-ը եւ ազգային անվճար ծառայութիւնը, եւ վերջինիս մենք հարց չունինք, ի՛նչ ալ ըլլայ գունաւորումը այդ ազգային կազմակերպութեան: Հիմնակա՛նը` ազգին ծառայել:
«Ա.».- Շատ ուրախ ենք, որ այսպիսի պայմաններ կը դնէք: Առաջին անգամն է, որ «հայակերտ եւ հայապահպան պայմաններ» կը լսենք դպրոցական կրթանպաստ ստանալու համար: Ի վերջոյ, խօսեցէք Ոսկեբերան Արզումանեան անձին մասին իբրեւ զաւակ, դուք ինչպէ՞ս կը նկարագրէք այդ տիտանը:
ՏՈՔԹ. Վ. Ա.- Զգացուած եմ այդ «տիտան» ածականով: Ճիշդ է, համեստօրէն կ՛ըսեմ, որ տիտան մըն էր հայրս, որովհետեւ փայլուն դէմք մըն էր ո՛չ միայն ազգային իմաստով, այլ նաեւ լիբանանեան շրջանակներէն ներս շատ յարգուած անձնաւորութիւն մըն էր: Չմոռնանք, որ 1958-էն ի վեր նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապէն մինչեւ իրեն յարակից վերջին նախագահը, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատարները, նախարարները եւ բարձրագոյն պաշտօնեաները` բոլորն ալ գիտէին հայրս համալսարանի միջավայրէն: Լուրջ անձնաւորութիւն էր հայրս. բացառիկ մշակուած եւ փայլուն միտքի տէր:
Շատ խիստ ու պահանջկոտ կրնար ըլլալ ի հարկին, այլապէս պիտի չկարենար զսպել ֆրանսական համալսարանը պատերազմի այդ օրերուն, քաղաքական ամէն տեսակի ալիքներուն փոթորկալից ազդեցութեան տակ:
Յիսուսեան կարգի հայրերը կատակով կ՛ըսէին, որ երբ Ոսկեբերան Արզումանեանը կը քալէր, իր ոտքին հաստատ քայլերուն տակ գետինը կը շարժէր (ըսելու համար, թէ որքան անոր անհատականութիւնը զօրաւոր էր):
Այս բոլորին կողքին, շատ ազնիւ, ծառայասէր եւ համեստ անձ մըն էր հայրս: Իր հայրական գուրգուրանքով մեզ պատած էր միշտ: Շատ մօտէն կը հետեւէր մեր դաստիարակութեան եւ կեանքի ամէն քայլափոխին: Ուշադիր էր ո՛չ միայն մեր անմիջական ընտանիքին, այլ նաեւ` ամբողջ գերդաստանին: Մեր գերդաստանին փարո՛սն էր հայրս: Ան միշտ պատրաստ էր օգնելու կարիքաւորին, եւ մեր տան դուռը միշտ բաց էր հօրս օգնութեան պէտք ունեցող ոեւէ մէկուն առջեւ: Փակագիծ մը կ՛ուզեմ բանալ, անդրադառնալով, որ այս ամէնը եղաւ «հեզասահ», որովհետեւ սիրելի մայրս` իր անզուգական եւ ազնուական նկարագրով, կ՛ամբողջացնէր իմ հայրս: Անշուշտ շատ կրնամ խօսիլ հօրս մասին, բայց ես պարզապէս կ՛ուզեմ ըսել, որ հայրս այդ ամէն մեծ տիտղոսներուն եւ ածականներուն կողքին, ամէն ինչէ առաջ Աստուածավախ, համեստ, ծառայասէր եւ բարոյական բարձր սկզբունքի տէր մարդն էր, գլխագիր Մարդը:
«Ա.».- Վստահ եմ, որ ձեր հանգուցեալ հայրը` Ոսկեբերան Արզումանեանը, շատ հպարտ պիտի զգար իր անունով այս կրթական հիմնադրամի հաստատումէն:
ՏՈՔԹ. Վ. Ա.- Ի՞նչ կայ աշխարհին մէջ աւելի գեղեցիկ, քան հայր կամ մայր բառերը: Ի՞նչ կայ աւելի մեծ հաճոյք ուրիշին օգտակար ըլլալէ: Մենք այս հիմնադրամը հաստատեցինք ոչ թէ փառաբանելու հօրս անունը,հայրս փառասէր անձ մը չէր, երբեք այդ մէկը չէր ուզեր,այլ որպէսզի հօրս երթը շարունակուի, որն է` օգնել հայ ազգի կարիքաւոր զաւակներու` ուսման եւ մտքի լուսաւորման ճամբով:
aztagdaily.com/archives/536065