Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ժ. Հայկազեանի Հրթիռները – Յարութ Չէքիճեան

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ժ. Հայկազեանի Հրթիռները – Յարութ Չէքիճեան

31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com

Յարութ ՉէքիճեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՀԳՀԱ-ի 1966-ի ծրագիրին մասին Պահիժ կը շարունակէ (1). «Այս տարի Լիբանանի հրթիռներու միութեան փորձերը նոր փուլ պիտի թեւակոխեն: Առաջին` հրթիռներու մարմիններուն եւ երկրորդ` թռիչքի ընթացքին հրթիռին «գլուխ»-էն տուեալներու ռատիօ արձակումի, հաղորդումի բարելաւում:

«Այս տարի հաստատուն վառելանիւթով ինը հրթիռներ պիտի փորձուին: Այս փորձերուն նպատակը հրթիռներուն շարժագիծերուն` ճամբորդելիք ուղիներուն հաշիւներուն ստուգումին եւ «գլուխ»-ին եւ անոր մէջի սարքերուն գիտական փորձերուն պիտի յատկացուին:

«Պիտի շարունակուի նաեւ աշխատանքը` Տըպպայէյի արձակման վայրը զարգացնել` անհրաժեշտ գիտական փորձերու եւ չափելու սարքերով, ինչպէս նաեւ կապուած հրթիռ փորձելու նոր կազմածով մը»:

1. Ասեթելին արտադրող սարքը:       2. «Քարպիտի» քարերը:       3. Մետաղագործութեան ջահերէն:

Վերադառնալով ջուրով բռնկող նիւթերուն` նշեմ, որ մետաղագործ վարպետները «Քարպիտի քարեր» (calcium carbide) կը գործածեն(էին) ասեթելին կազը (acetylene) արտադրելու համար` հաստ պողպատէ գլանաձեւ ընդունարանի մը յատակը այդ քարերէն դնելով եւ վրան ջուր կաթեցնելով: Այս կազը ցարդ ամենաբարձր ջերմութիւն արտադրողն է, մինչեւ 3160՛C աստիճան, երբ թթուածինի հետ խառնելով, յատուկ ձեռքի ջահով մետաղներ կը փակցնենք, կը ձեւենք-կտրենք, կը հալեցնենք եւ այլն:

1996-ին, այն ժամանակուան գործատեղիիս դրացին, որ ինքնաշարժի մարմին կը նորոգէր, օր մը ասեթելին  արտադրող այս սարքին ջուրը բաց մոռցած էր, որ ուժգին ճնշումի եւ բախտով` առանց կրակի պայթում մը պատճառեց, հաստ մարմինով պողպատէ սարքը պատռուեցաւ եւ իր ու գործատեղիս բաժնող պատին մէջ ճեղք յառաջացուց: Բարեբախտաբար վնասը միայն նիւթական էր: Անհրաժեշտ է, որ գործածողը քանի մը վայրկեան սարքին քով մնայ եւ ջուրին ծորակը գոցէ, երբ որ ճնշում ցոյց տուող սլաքը որոշուած ճնշումի աստիճանին կը հասնի:

«3 մարտ 1966-ին Հայկազեանի սրահին մէջ հրթիռներու մասին գիտական ցուցահանդէս մը տեղի կ՛ունենայ, որ յատկացուած էր հրթիռներուն», կը գրէ Պահիժ, «Սփեքթրա»-ի յունիս 1966-ի թիւին մէջ, «Հրթիռներու ակումբ «Մայրի 7»-ի արձակումը» խորագիրով (2): «Մամուլի թղթակիցներ, լուսանկարիչներ եւ հեռատեսիլը ներկայ էին: Լիբանանի հրթիռներու ընկերակցութեան ատենապետ Մանուկ Մանուկեան բացատրութիւններ տուաւ ցուցադրուած իրերուն եւ երկու հրթիռներուն («Մայրի 7 եւ 8»), եւ զանոնք շինելու եւ փորձելու գիտական գործիքներուն մասին:

2. Հրթիռներու ցուցահանդէս` 3 մարտ 1966, Մանուկեան կը ներկայացնէ «Մայրի 7» եւ «Մայրի 8» հրթիռները (2): 3. Նոյն առիթով լիբանանեան ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան»-ին թղթակցութիւնը` սխալ խորագիրով:

«Լուսանկարներու եւ պատկերներու միջոցով (Հայկազեանի*) հրթիռներուն պատմութիւնը ներկայացուած էր: Զանազան հրթիռային գիտական գործիքներ ցուցադրուած էին. 1. (110-220 վոլթ*) Փոփոխական ելեկտրական հոսանքը ուղղակի հոսանքի վերածող (6-9-12-24 վոլթ*) սարք: 2. Թուային ելեկտրական հոսանք չափող գործիք:  3. Զոյգ ուղղութիւնով երկճիւղ բանալիներու (ելեկտրական*) սարք (որուն միջոցով հրթիռներուն կայծ կը տրուի*):  4. Ճօճացոյց (oscilloscope): 5. Ռատիօ հաղորդակցութիւն ընդունող սարք եւ 6. Տեսողական արձանագրող սարք (optical recorder):

«Մայրի 7»-ը միայարկ էր, կարմիր եւ ճերմակ ներկուած (Լիբանանի դրօշակին գոյներով*), երկարութիւնը 325 սմ, ծանրութիւնը 175 քկ: Իսկ «Մայրի 8»-ն երկու յարկանի, երկարութիւնը` 5700 սմ, ծանրութիւնը` 356 քկ, տրամագիծը 21,6 սմ, իսկ թեւերուն տրամագիծը` 70 սմ: Հրթիռին ապրանքներուն ծախսը` 700 լիբ. ոսկի էր (մի՛այն*): Նպատակը` հրթիռին կատարելիք շրջագիծին հաշիւներուն ստուգումը (թէ` նախատեսուածին պիտի համապատասխանէ՞*), ռատիօ հաղորդակցութեամբ չափագրութիւնը եւ հրթիռին նոր մարմինը»:

Պէտք է նշել, որ Հայկազեանի մէջ, մայիս 1962-էն ետք, ցարդ այս երկրորդ գիտական ցուցահանդէսն էր, որոնց մասին գրութիւններ կան ուսանողական մամուլին մէջ:

4. «Մայրի 7» հրթիռը կը պայթի արձակիչին վրայ: 5. Աջին` Հրայր Սահակեան եւ տղաքը կը քննեն պայթած հրթիռը:

Ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան» օրաթերթը ցուցահանդէսին մասին հետեւեալը գրած է սխալ խորագիրով. «Լիբանանեան առաջին (պէտք է ըլլայ իններորդ) երկյարկանի հրթիռը քանի մը շաբաթ ետք, որուն պիտի նախորդէ «Մայրի 7»-ը այս շաբաթ» (3): Ապա կ՛ըսէ, որ այս հրթիռներուն գլուխը նոր նիւթէ շինուած է, որ կը դիմանայ տաքութեան եւ անոր մէջի 12 քկ ելեկտրոնային սարքերը կը պահպանէ (ծանրութեան մեծ մասը բարդն է*) եւ ալեարձակը ոչ թէ գլուխին, այլ թեւերէն մէկուն վրայ պիտի հաստատուի: Թէեւ յաջորդ փուլը հրթիռներուն ուղղութիւնը գետնէն կառավարելը պէտք է ըլլայ, սակայն Մանուկեան կ՛ըսէ, որ այս մէկը այդքան ալ դիւրին չէ 100 հազար լ.ո. պիւտճէով, որուն երեք քառորդը բանակը կը յատկացնէ, իսկ մնացեալը կրթութեան նախարարութիւնը:

12 մայիս 1966-ին վերեւ նշուած «Մայրի 7»-ը մարմնի նոր պատեանով, ֆրանսական վառելանիւթով եւ  նոր նիւթով շինուած գլուխով արձակելու պատրաստ էր: Երբ արձակման կայծը կը տրուի, թռիչք չ՛առներ եւ Տըպպայէի արձակիչին վրայ կը պայթի: Պատճառը` հրթիռի մարմինին երկարութեան կատարուած զօդին անորակ ըլլալն էր, որ ճնշումին չդիմանար: Այս մասին կրկին ամէնուրեք սխալ տեղեկութիւններ կան, նոյնիսկ նկարներ` «Մայրի 7»-ը թռիչքի պահուն: Մանուկեան, նշելով իսկ այս հրթիռը, որեւէ հարցազրոյցի մէջ չի խօսիր անոր պայթումին մասին, սակայն Պահիժ Ազզամ լուսանկարներով (տես` նկար 5) գրած է «Սփեքթրա»-ի իր յօդուածին մէջ (2):

6. «Ազդակ»-ի լուրը` «Մայրի 8»-ի արձակման մասին: 7. «Տը Տէյլի Սթար»-ի լուրը` «Մայրի 8»-ի մասին:

29 յուլիս 1966-ին «Մայրի 7»-ին կը յաջորդէ հաւանաբար «Մայրի 7 Բ»-ը, որուն մասին ակնարկած է «Տը Տէյլի Սթար» (5): Առայժմ կարելի չեղաւ աւելի տեղեկութիւն ունենալ այս հրթիռին մասին, սակայն հաւանական է, որ պայթած «Մայրի 7»-ին նմանակն է` մարմինի բարելաւումով:

«Ազդակ» «Մայրի 7»-ին կամ անոր յաջորդող հրթիռին մասին նշում չէ կատարած. 5 օգոստոս 1966-ի իր համարին մէջ «Հայկազեանի հրթիռագէտները յաջողութեամբ արձակեցին «Սիտըր-8» հրթիռը» (4) խորագիրով հետեւեալը կը հաղորդէ. «Երէկ կայծակի արագութեամբ լուր մը սկսաւ շրջիլ Պէյրութի մէջ, որ օդանաւ մը ծով ինկած էր: Իրականութեան մէջ, սակայն, օդանաւ կարծուածը լիբանանեան ութերորդ հրթիռն էր (պէտք է ըլլայ 18-րդ, 8-րդ «Մայրի»*), որ յաջողութեամբ արձակուեցաւ Հայկազեան քոլեճի հրթիռագէտներու ընկերակցութեան կողմէ, ղեկավարութեամբ փրոֆ. Մանուկեանի եւ գործակցութեամբ լիբանանեան բանակին:

«Սիտըր-8»-ը, որ այս անգամ գիշերը արձակուեցաւ` լուսաւոր էր, այդ պատճառով ալ ժողովուրդը կարծեց, որ օդանաւ է, երկյարկանի էր եւ առաջին անգամ ըլլալով նոր տեսակի վառելանիւթ մը կը գործածէր»: Իրականութեան մէջ լուսարձակներ զետեղուած էին երկրորդ յարկին ստորոտը, որպէսզի յարկերուն անջատումը պարզ աչքով տեսանելի ըլլար գետնէն:

Նոյն նիւթով Ռաֆայէլ Քալիս լիբանանեան անգլիատառ «Տը Տէյլի Սթար» օրաթերթի 5 օգոստոս 1966-ի համարին մէջ «Երկյարկանի Մայրի 8-ի արձակումը յաջողեցաւ» խորագիրով կը գրէ. «Լիբանանի երկյարկանի «Մայրի 8» հրթիռը (4 օգոստոս 1966-ին*) յաջողութեամբ արձակուեցաւ Տըպպայէէն դէպի 110 քմ շարժագիծ, ապա իյնալու համար Միջերկրականին մէջ:

8. Երկրագունդի մթնոլորտին խաւերը եւ Քարման գիծը: 9. «Մայրի 8» կը սլանայ երկու յարկերուն միջեւ արձակուող լոյսերով: 10. «Ազդակ»-ի լուրը նոր հրթիռի մը մասին:

«Լիբանանեան հրթիռներու ընկերակցութեան մեծագոյն (վրիպում է, 3 յարկանի «Մայրի 3»-ն էր մեծագոյնը իբրեւ հրթիռի երկարութիւն 6,8 մեթր եւ ծանրութիւն` 1250 քկ*) արձակումն էր այս, որուն ներկայ գտնուեցան` թղթակիցներ եւ օտար դիւանագէտներ, բանակին ու ակումբին մասնագէտները եւ հարիւրաւոր մարդիկ: Մայրամուտի արեւուն փայլքով 5,7 մեթր եւ 350 քկ հրթիռը դանդաղօրէն բարձրացաւ դէպի հարաւարեւմտեան երկինք, 110 քմ բարձրացաւ (անցնելով Քարման խաւը, ուր արհեստական արբանեակներ կը շրջին*) ու 4 վայրկեան թռիչքէն ետք ծով ինկաւ» (շուրջ 350 քմ հեռու, Կիպրոսէն անդին, անգլիական մարտանաւի մը մօտ, որ այս հրթիռին արձակումը կը հետազօտէր*): Կ՛արժէ նշել, որ այդ օրերուն միայն քանի մը հարուստ եւ հսկայ պետութիւններ նուաճած էին անջրպետը` անցնելով Քարման գիծը: Այս բոլորը` 6 տարուան աշխատանքով եւ մի՛այն շուրջ 300 հազար ամերիկեան տոլար պիւտճէով (6):

Մանուկեան կ՛ըսէ, որ 65 աստիճան թեքումով արձակուած այս հրթիռը կրնար 180 քմ բարձրանալ: Ըստ անոր, այս ամէնէն յաջող եւ իր ղեկավարութեամբ արձակուած վերջին հրթիռն էր, եւ քանի մը օր ետք Ամերիկա կը վերադառնայ դոկտորականի ուսումին համար:

«Ազդակ» 23 դեկտեմբեր 1966-ի համարին մէջ «Հայկազեանի հրթիռագէտները արձակեցին նոր հրթիռ մը» խորագիրով կը գրէ (7). «Հայկազեան քոլեճի հրթիռագէտները երէկ (22 դեկտեմբեր 1966*) Տըպպայէի բարձունքէն արձակեցին միայարկ նոր հրթիռ մը` «Սիտըր 10», փորձելու համար վերջերս պատրաստուած հաստատուն վառելանիւթ մը:

«Փորձը կատարելապէս յաջողեցաւ եւ հասաւ իր նպատակին: Բանակի մասնագէտներու կողքին, «Միտըլ Իսթ-Էր Լիպանի» (Լիբանանի օդանաւային ընկերութիւն*) ճարտարագէտները եւս օժանդակեցին Հայկազեանի հրթիռագէտներուն»: «Մայրի 9»-ի մը մասին եւ կարգ մը այլ ստուգումներ` յաջորդիւ:

20 սեպտեմբեր 2021
(Շար. 10)

haroutchekijian.wordpress.com  

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ:

(1)  «Spectra», Haigazian college student publication, Vol. 5, No 2, January. 1966 p. 6:
(2)  «Spectra», Haigazian college student publication, Vol. 5, No 4, June. 1966 p. 6-7, 9:
(3)  «L՛Orient, Beirut, 4 mai. 1966 p1:
(4)  «Ազդակ» Խ (40) տարի թիւ 129, 5 օգոստոս 1966, էջ 1:
(5)  «The Daily Star», 5 August 1966, p. 1:
(6)  https://armenianweekly.com/2015/08/13/haigazian-rocket-program/
(7)  «Ազդակ» Խ (40) տարի թիւ 248, 23 դեկտեմբեր 1966, էջ 1:

haroutchekijian.wordpress.com/2021/09/20/հայ-մասնագէտները-հրթիռները-եւ-անջրպե-10/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail