Պետութիւն եւ հասարակութիւն – Պետութիւն եւ հասարակութիւն – Պետութիւն եւ հասարակութիւն – Զարեհ Եահնիեան

Culture - Karnoy, Daronk or Darun fortress fortress, old and famous fortress, Kogvit province of Ararat, that 15 centuries, It has been known as Payazet

Պետութիւն եւ հասարակութիւն – Պետութիւն եւ հասարակութիւն – Պետութիւն եւ հասարակութիւն – Զարեհ Եահնիեան

06 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Պետութիւն եւ հասարակութիւն

Երէկ Երեւանի մէջ նշուեցաւ Հ․Յ․Դ․-ի 131-րդ տարեդարձը․

Ես չեմ կրնար որեւէ կարծիք յայտնել նաեւ իրաւունքը չունիմ յայտնելու որովհետեւ այդ միջոցառումը ոչ երգահանդէս էր ոչ դասախօսութիւն եւ ոչ ալ այլ երեւոյթ պարզապէս միջոցառում մըն էր նշելու համար տարեդարձ․․․

Սակայն կարելի է վերլուծութիւններ եւ ենթադրութիւններ ընել կատարուածէն որը ինձ համար միջոցառումէ մը աւելի քննութիւն մըն էր Հայաստանի հանրապետութեան հասարակութեան եւ պետութեան;

Այսպէս;

ին՞չ խաւերէ եւ շերտերէ կը բաղկանայ հասարակութիւն մը յատկապէս Հայ իրականութեան մէջ հաստատուած Հայկական հասարակութիւնը որը եւս ունէր նոյն շերտերը Խորհրդային միութեան ժամանակահատուածին
Հոգեւոր
Գրական
Մշակութային
Գիտական
Կուսակցական եւ այլ մանր տարբեր շերտեր

Այս շերտերը միասին հազիւ թէ կազմէն հասարակութեան 40 տոկոսը իսկ մնացած 60 տոկոսը որեւէ առնչութիւն չունի շերտերի հետ անոնք պարզապէս կիսագրագէտներ, բանուոր, հողագործ, անասնապահ եւ այլ ոլորտի մասնագէտներ․

եւ կայ նաեւ 60 տոկոսի մէջ 20 տոկոս մըն ալ որոնք ժողովրդական լեզուով կը կոչուին «բոշաներ» այսինքն ոչ մեղք եւ ոչ ալ խելք ունեցող հասարակութեան շերտ մը․

Երէկուայ միջոցառումին ներկայ էր հոգեւոր դասը, մտաւորական դասը, մշակութային դասը, գրական դասը, գիտականը եւ բազմաթիւ կուսակցութիւններ բացական պետութիւնն էր, այս ինչ՞ կը նշանակէ արդեօք․

Մի կողմ թողնենք միջոցառման նպատակը, մի կողմ ձգենք 131 տարեկան յոբելեարը եւ հարցին նայինք լրիւ ուրիշ անկիւնէ, բացական պետութիւնն էր եւ մի քանի կուսակցութիւններ որոնք այսօրուայ պետութեան թեւ թիկունք են իսկ բոլոր մնացեալները ներկայ էին պետութեան հակառակ կողմի վրայ, իսկ ով՞ մնաց եթէ հանենք վերեւը նշուած բոլոր հասարակական շերտերը ով՞ մնաց պետութեան կողքին պիտի նկատենք որ միայն «բոշաները»

Սա՞ է մեր երազած Հայրենիքը, սա՞ է մեր զաւակներուն ժառանգելիք երկիրը՞

միթէ՞ սա է․․․

Վարչապետը կըսէ մենք ստացած են հասարակութեան մանդատը

այո՝, դուք ստացած էք այդ օգտագործելով պետական բոլոր կառոյցները որոնք ձեզ պարգեւած են 40 տոկոս ձայն իսկ մնացեալ 20 տոկոսը նշուած «բոշաներով»

Եզրակացութիւն;

Միջոցառման մասնակիցները եթէ միանան եւ դառնան մէկ բռունցք ապա կրկին կը յաղթէ միասնութիւնը սակայն եթէ ամէն մէկը պիտի «չալէ» իր դուդուկը եւ միջոցառումէ միջոցառում, տարեդարձէ տարեդարձ պիտի ներկայ ըլլայ սրահի մէջ մենք դեռ երկար կը մնանք բոշաներու կողմէ ստեղծուած պետութեան շուքի տակ

Որեւէ անհատի չվիրաւորելով Բարեւս տուի անցայ գնացի․․․

Զարեհ Եահնիեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail