թուրքը մեղայի եկաւ դարերու գործած իր ոճիրներու համար ցեղասպանութեան զոհերը ստացան իրենց իրաւունքը որբացածները, – Զարեհ Եահնիեան
07 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Կըսեն ընկերութիւն ես հիմնել
Անունն էլ թռիր Հայաստան
թռելով «իսթանպուլ» ես հասել
Բայց եթէ թռիչքէդ շահ չունի Հայաստան
Թքել եմ քո ալ թռիչքիդ ալ վրայ․․․
Այսպէս պիտի ըսեր այսօր Ռաֆայէլ Պատկանեանը իսկ եթէ միայն իմանար թէ ոչ թէ Հայաստանը շահ չունի այդ թռիչքէն այլ ունի բազմակողմանի վտանգներ եւ վնասներ արդեօք ինչ բառ պիտի գործածէր․․․
Մենք ստացանք մեր պահանջները
թուրքը մեղայի եկաւ դարերու գործած իր ոճիրներու համար
ցեղասպանութեան զոհերը ստացան իրենց իրաւունքը
որբացածները, անապատներու մէջ բռնաբարուածները ստացան իրենց հասանելիք բարոյական եւ նիւթական վնասները,
Զինեալ պայքարի ճամբի ընկած տղաքը վերջապէս ստացան արդիւնքը իրենց թափած արեան
մերօրեայ սումկայիթեան եւ պաքուի զոհուածները եւս ստացան պատասխան
Եռաբլուր եւ այլոց զոհուածները այսօր յաղթեցին
Այո Ի հարկէ առանց նախապայմանի սիրախաղ եւ սիրավէպ թուրքի հետ․
Այո ի հարկէ ծաղիկներով պիտի դիմաւորէին Երեւանէն իսթանպուլ գացողներուն
Կեցցէ Իշխանափոխութիւնը Կեցցէ ք․պ․ի ազատամտութիւնը, բարի կամեցողութիւնը․
հաւանաբար Հայ կանայք եւս առաջնորդութեամբ առաջին տիկնոջ ծաղիկներով դիմաւորէն իմ մեծ մօր գերդաստանին մորթող թուրքի թոռնուհուն երեւանի մէջ,
կեցցենք մենք
Բարեւս տուի անցայ գնացի
socialmedia.am/65843.html