Երբ Չկան Տեսիլք Եւ Գործ, Կը Մնան Սուտը, Խծբծանքը, Չարութիւնը Եւ Դատարկ Բանգիտութիւնը – Յակոբ Պալեան

Culture – Ancient site of the temple of Zuartnots– Զուարթնոցի տաճարի հնավայր – Site antique du temple de Zuartnots – UNESCO World Heritage

Երբ Չկան Տեսիլք Եւ Գործ, Կը Մնան Սուտը, Խծբծանքը, Չարութիւնը Եւ Դատարկ Բանգիտութիւնը – Յակոբ Պալեան

16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ամենէն ատելի սուտերը անոնք են, որ ամենէն

աւելի կը մօտենան ճշմարտութեան։

«Եթէ հունտը չմեռնի» (1926)

Անտրէ Ժիտ, ֆրանսացի գրող Ի դար

            Հայկական սփիւռք(ներ)ը դիտելու բազմաթիւ ձեւեր կան. յոռետեսական, լաւատեսական, իրատեսական, զգացական, երազապաշտական, արհամարհական, նահանջական, բացասական, դրական։ Մեծ ժողովներու մէջ՝ ինչպէս սրճարանային աղմուկի, այսպէս է հայ ազգային հռետորաբանութիւնը։

Կը բաւէ ոտքի ելլել, եւ յանուն ժողովրդավարական իրաւունքի, ըսել՝ «իմ կարծիքով»… եւ շարունակել մարգարէական ճառ խօսիլ։ Յաճախ՝ չլսուող: Միւսը չենք լսեր, քանի որ ամենուրեք է ամենագէտ ըլլալու ախտը:

Երբ կ՚’ըսուի «իմ կարծիքով», այդ կ’ըլլայ տիեզերական անխախտելի եւ անվիճելի իրաւունք։ Բազմապատկուած անվիճելիութիւն։ Այս ժողովրդավարական չարաշահուող խօսքի ազատութիւն է, խօսք եւ խօսքեր՝ որոնք ի յառաջագունէ դատապարտուած են չլսուելու:

            Եւ նոյն կարծիքը կը դադրի հանրային մտահոգութիւն արտայայտելէ եւ ըլլալէ, կը դառնայ նարգիսականութիւն, որ կը հովահարէ եսը, միաժամանակ կորսնցնելով իրատեսութեան առաքինութիւնը, կարծիք յայտնողը իր կարեւորութեամբ կը գինովնայ։ Չենք հարցներ, թէ ի՞նչ ըսաւ կամ ըսուեցաւ, կ’ըսենք՝ լաւ խօսեցաւ: Այսպէս ենք այսօր, յանկարծ դուրս թռած ըլլալով միշտ ուրիշներու թեւին տակ կուչ մնացած ըլլալու վիճակէն։ Ուրիշներու գրած ճառերը կը լսենք ասոր կամ անոր բերնէն, իսկ աւելի տգէտ ամբարտաւաններ կ’ըսեն նաեւ, որ նախագահներն ալ ունին իրենց գրիչները… Ի՜նչ (չ)համեստութիւն։

            Մեր ներկայ վիճակը առաւել կամ նուազ սրութեամբ կը մտահոգէ հայը, ուր ալ գտնուի ան։ Եւ հայը կը խօսի, կը վերլուծէ, կը դատէ, կ’եզրակացնէ, կ’արձակէ անվիճելի վճիռ։ Այսինքն հայ կեանքը հարուստ է նախախնամական ինքնաշնորհուած հեղինակութիւն ունեցողներով, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը սաւանը կը քաշէ դէպի իրեն։ Սաւանը տեղէն չի շարժիր… կամ կը պատռուի։ Այսինքն՝ կը բազմապատկենք պառակտումները, միշտ հաւատալով եւ փորձելով հաւատացնել, որ ազգին կը ծա-ռայենք։ Եւ կը խեղդուինք կարծիքներու բազմազանութեան եւ նախախնամական լու-ծումներու բազմաձայն աղմուկին մէջ:

Ունինք անհատական ապագայի ըմբռնումներ, բայց չունինք հաւաքական ապագայի ըմբռնումայնքան պզտիկցուցած են մեզ եւ պզտիկցուցած ենք  մենք մեզ, որ հաւաքականի ըմբռնումը ձուլուած եւ անհետացած է անհատականի մէջ։ Եւ կորսուած է ապագայի տեսիլքը, կորսնցուցած ենք մեր կտուրէն անդին նայելու իմաստութիւնը։

            Ի դարու ֆրանսացի իմաստասէր Ալէնի խօսքը մտածելու պէտք է մղէ ողջախոհ հայը,  Հայաստան եւ սփիւռքներ։ Ան ըսած է. «Կայ ապագան՝ որ կու գայ եւ ապագան՝ զոր կ՚ընենք։ Ապագան կը բաղկանայ երկուքէն»։

            Այսինքն կայ ապագան, որ հետեւանք է արտաքին ազդակներու եւ ապագան որուն ճարտարապետը մենք ենք։

            Ապագան՝ ՏԵՍԻԼՔ է եւ ԳՈՐԾ։ Այսօր, հայկական հաւաքականութիւնները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) ազգային տեսիլքը եթէ բոլորովին չեն կորսնցուցած անգամ, զայն նուազուրդի ենթարկած են։ Կը խօսինք համայն հայութեան մասին, այդ համայնը ազգային քաղաքականութեան առանցք կը համարենք, բայց ամէն քայլափոխի երկուքի կը բաժնենք համայնը, իրաքանչիւրն ալ կոտորակելով, կոտորակուած պահելով։

            «Համայն»-ը հայ քաքաղական միտքին համար, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), անորոշութեան միգամած է:

            Հետեւա՞նքը. Անհանդուրժողութիւն, կեղծիքներ, խծբծանք, չարութիւն, դատարկ բանգիտութեան ենթահողի վրայ։

            Պարզ ողջմտութիւն ունեցողը հարց պէտք է տայ ինքնիրեն եւ ուրիշներու. Այս ընթացքով մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր կրնայ տեւել «համայն»-ով սահմանուող ՀԱՅ ԱԶԳ կոչուած մարդոց հաւաքականութիւնը։ Պարզ է, կոտորակումը կը խոչնդոտէ հաւաքական ուժի ստեղծումը, դիմադրականութիւնը կը նուազի, որուն հետեւանքով անհատներ եւ խմբաւորումներ ապահովութիւն կը փնտռեն, ի հարկին յանձն առնելով իրենց ինքնութեան զիջումը, լուծուելով այլ ապահովութիւն ներշնչող ամբողջի մէջ:

            Բանգիտական եւ տեսաբանական ճապկումները երէկ հարցեր չէին լուծած, այսօր ալ հարցեր պիտի չլուծեն եւ գլխիվայր շրջուած ՀԱՄԱՅՆը իր ոտքերուն վրայ պիտի չկանգնեցնեն, եթէ անողնայար ափարաչիքները եւ դեռ անոնց ալ հտպիտ մանկլաւիկները չհեռանան եւ չհեռացուին հրապարակէն։

            Ի հարկէ միշտ պէտք է կրկնել՝ Հայաստան  եւ սփիւռքներ։

            Բայց ինչպէ՞ս։

Ապահովաբար ո՛չ համացանցի վրայ ստեղծուած հակասականութիւններու բանգիտական բան չնշանակող անորակ աղմուկով։

Եւ կրկին պէտք է խօսիլ ՀԱՅ ԻՐԱ՛Ւ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԻ, ԴԵՐԻ ԵՒ   ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐԷ ԸՆԴԱՐՄԱՑԱԾ ԶԱՆԳՈՒԱԾՆԵՐԸ, ԸՆԴԴԷՄ ԱՄԷՆ ԿԱՐԳԻ ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏՆԵՐՈՒ։

Զանգուածները պէտք է հասցնել այն գիտակցութեան, որ ան գիտնայ, թէ՝ ի՚՞նչ կ՚ուզէ, ինչո՞ւ կ՚ուզէ։ Առանց մտաւորականութեան այս մեսիանական աշխատանքին, բոլոր մակարդակներու նահանջները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ անցած ըլլանք անվերդարձի գիծը։ Այն ատեն ո՛չ հաշիւ տուող պիտի մնայ, ո՛չ ալ հաշիւ պահանջող։

Ի վերջոյ գիտենք, որ մեր ժողովուրդը, ներսը եւ դուրսը, ունի բարձրակարդակ մտաւորականութիւն, որ չի խնկարկեր այս կամ այն իշխանութեան, իշխանաւորին։ Ան ինքնամեկուսացած է կամ մեկուսացուած, եւ ստեղծուած է անկումային-ճահճային վիճակ։

Մտաւորականութիւնը անշահախնդիր յանդգնութեամբ պէտք է կարենայ ամլացած եւ ամէն գոյնի ամլացնող էսթէպլիշմընթներուն ըսել. ընելիք չունիք, ձախողած էքԹող տուէք ազգի եւ հայրենիքի օձիքը:

Չէ՞ք զարմանար, չէ՞ք զարմացած բնաւ, օրինակ, որ Հայաստանի պատմական գիտութիւններու ոչ իսկ մէկ ակադեմիկոս գտնուի ազգի եւ հայրենիքի ճակատագիրը առաջնորդողներու շարքին։

Համեստութիւնները մէկդի դնելով, մտաւորականութիւնը այս անտեսման եւ լքման մասին պէտք է խօսի ժողովուրդին։

Ի վերջոյ քաղաքականութիւն եւ ղեկավարում Կիրակի օրեր եկեղեցիին Բանկալը նստելէ կամ սեղանապետութիւն ընելէ բոլորովին տարբեր գործեր են։ Բանկալ նստողը կամ սեղանապետութիւն վարողը կրնան  ազնիւ եւ յարգելի ըլլալ, անոնց պէտք է ըսել, քաղաքականութիւն եւ ղեկավարում իրենց գործը չէ։

Այս ըսել եւ հանրութիւնը մտածելու առաջնորդել մտաւորականութեան պարտքն է ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ, որպէսզի արթնութեան հրաւիրուի ժողովուրդի բնական ողջախոհութիւնը:

Պարտք՝ այսօր, միշտ յիշելով՝ որ վաղը ուշ է։

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail