Նշմար.- Մուկ Ու Կատուի Խաղեր – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – Կարդալ նաեւ՝:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Երէկ գիշեր, երբ անկողին կ’երթայի, ունէի այն մտավախութիւնը, որ առաւօտեան պիտի լսենք-տեսնենք, թէ Ռուսիա ի վերջոյ արշաւած է Ուքրանիոյ վրայ: Չէ՞ որ արեւմտեան աշխարհը՝ Պայտընով ու գործակիցներով, մանաւանդ մամուլի պատուհաններով, ռուսական յարձակման նորագոյն ժամկէտ ճշդած էի 16 Փետրուարը…։
Չէ՛, յուսախաբ չեղայ, երբ իմացայ, որ պատերազմը չէ պայթած: Սակայն սա չի նշանակեր, թէ քանի մը ամիսէ ի վեր նոր փուլ մտած մուկ ու կատուի հին խաղը վերջ գտած է: Կարգ մը թերթեր յարձակման նոր ժամկէտներ կը նախատեսեն, իսկ գետնի վրայ, բանակներու շարժումները ետ-առաջ կը խաղան: Ռուսիա կը հաւաստէ, թէ «յաջող ռազմափորձերէ ետք» Խրիմէն ուժեր կը հեռացնէ, կը պնդէ, թէ Ուքարնիոյ վրայ յարձակումի ծրագիր չունէր եւ չունի: Անդին, Ուաշինկթըն եւ ՆԱԹՕ-ն թերահաւատ են, կը հաւաստեն, որ փաստեր ունին, թէ ռուսական ուժերու նահանջ չէ արձանագրուած, աւելի՛ն, կը յայտարարեն, որ ՆԱԹՕ-ն հիւսիսային եւ արեւելեան եւրոպական երկիրներու մէջ նոր ուժ կը կեդրոնացնէ:
Արեւմտեան երկիրներու ժողովուրդները մոռցած են (շնորհիւ քարոզչական մեքենաներու բթացնող արշաւներուն), թէ ի՛նչ կրնայ նշանակել մանր կամ ծաւալուն պատերազմ մը, ու եթէ վաղը անիկա պայթի, ուշացած աշակերտի պէս փողոց պիտի վազեն՝ «մեր զաւակները զոհ մի՛ տաք» պաստառներ բարձրացուցած: (Բթացումի մէկ այլ ապացոյց. վառելանիւթերու սակերուն բարձրացումն ու նա՛եւ անոր հետեւանքով ապրուստի սղութիւնը բողոքի ո՛չ մէկ ձայն կը բարձրացնէ, ընդհակառակն, համաճարակին դէմ տրամաբանական միջոցառումներուն դէմ է որ անմիտ ցոյցեր կը հրահրուին հոս-հոն):
Բեմին յառաջամասին, վաղը կրնայ տեղի ունենալ հետեւեալ ներկայացումը. ՆԱԹՕ-ն կրնայ յայտարարել, որ ինք պարտադրեց ռուսական ետքայլ մը, մարտավարական յառաջխաղացք արձանագրեց եւ նոր տարածք շահեցաւ Եւրոպայի մէջ: Ռուսիա կրնայ հակադարձել, որ արեւմուտքցիներուն «քթին խնդացեր» է, իր բանակներու շարժումներով զանոնք ահազանգի եւ անտեղի շարժման մատնած է, եւ այս բոլորէն ետք, շահած է Ուքրանիոյ՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութիւնը արգելակելու խաղաքարտը (ցնոր տնօրինութիւն), միաժամանակ խայտառակած է թէ՛ պետական-զինուորական մարդիկը եւ թէ անոնց երգչախումբը հանդիսացող՝ «մարգարէաշունչ» մամլոյ աղբիւրները, որոնք քանիցս ռուսական յարձակումի օր-ժամ ճշդեցին եւ ստախօս դուրս եկան (չմոռնանք ստախօս հովիւին ծանօթ պատմութիւնը, որ «գայլ կայ» պոռալով՝ գիւղացիները խաբեր է…): Իսկ եթէ մեր հեռադիտակը ուղղենք դէպի արեւելք, կրնանք տեսնել Չինաստանի «հեռակայ» մասնակցութիւնը՝ շարունակուող խաղին:
Հարց տանք. այս խաղին մէջ, ո՞վ է մուկը, ո՞վ է կատուն: Հակադիր կողմերէն իւրաքանչիւրը կրնայ յոխորտալ, թէ ի՛նք է կատուն, որ հակառակորդին հետ կը խաղայ մուկ բռնածի պէս: Խորքին մէջ, մուկը… այն զանգուածներն են, որ կ’ապրին խաղէն ճառագայթող արհաւիրքը, իրենք զիրենք կը զգան «Դամոկլեան սուր»ի տակ, կրնան շատ սուղ վճարել, եթէ խաղին օրէնքները խօսքէ գործի փոխուին…
***
Ուքրանիոյ առանցքին շուրջ դարձող՝ մուկ ու կատուի այս խաղը անկասկած որ մէկ կիզակէտն է հայութեան մտահոգութիւններուն՝ իր հայրենի եւ աշխարահասփիւռ հատուածներով (վստահ եմ որ նման մտահոգութիւններով միակ անկողին գացողը չեմ), որովհետեւ յստակ է, որ անկէ ծագող-ծագելիք դրական կամ բացասական ճառագայթումներ համապատասխան ազդեցութիւն կրնան ունենալ նա՛եւ մեր հայրենիքը շրջապատող «տաք գօտի»-ին վրայ: Մակերեսին, կան երկու գլխաւոր «մտածողութիւններ»: Ոմանք խաղը կը դիտեն ռուսական յառաջխաղացքի մը եւ անկէ գալիք հաւանական նպաստներու ակնկալութեամբ, իսկ երկրորդ կողմ մը կը նախատեսէ, որ Արեւմուտքը գազանազուսպի դեր պիտի խաղայ եւ պիտի սահմանափակէ վերստին տարածքներ շահելու ելած Ռուսիոյ ախորժակները: Նման տրամաբանութիւններով, գրաւներ կը դրուին այս կամ միւս կողմին հաւանական «նուաճում»ին վրայ: Հարց չի դրուիր, թէ արդեօք բեմի վարագոյրին ետին ի՞նչ սակարկութիւններ տեղի կ’ունենան, որոնցմէ այլապէս կրնանք նպաստ քաղել մենք, ու մեզի պէս երկիրներ: Սա կ’ենթադրէ խորաթափանց շրջահայեացութիւն, երեւոյթներէն անդին տեսնելու կարողութեան զարգացում, մանաւանդ Հայաստանի շահերէն բխող ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ «ճամբու քարտէս»-ի մը մշակում:
Սա կարեւոր է, որովհետեւ նոյն պահուն, այլ տեսակի մուկ ու կատուի խաղ կը խաղցուի Հայաստան-Արցախ տարածքին վրայ: Հոս աւելի յստակ կ’երեւի, թէ ո՛վ ինքզինք կատու կը զգայ եւ ով կը նախընտրէ կամովի՛ն բաւականանալ մուկի դերով: Օր չ’անցնիր, որ ազերիական բանակները զինեալ ոտնձգութիւն մը չկատարեն Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային շրջաններուն մէջ, կամ Անգարայէն ու Պաքուէն բացայայտ սպառնալիքներ, պայմաններ չարձակուին: Գետնի վրայ, նորագոյնը արձանագրուեցաւ 16 Փետրուարին, երբ արցախեան սահմանամերձ գիւղի մը բնակիչներուն՝ զէնքի սպառնալիքով արգիլուեցաւ աշխատիլ իրենց այգիներուն մէջ. նախընթաց օրերուն, հայ զինուորներ զոհ գացած էին կամ վիրաւորուած՝ կրակոցներէն այն ազերիներուն, որոնց հետ խաղաղութեան եւ գործակցութեան էջ կը հետապնդէ Երեւանի իշխանաւորն ու խմբակը, մտածելով, որ նման «մանրուքներ» պէտք չէ տեսնել, լսել, անոնցմով մտահոգուիլ (վաղը կրնան ըսել, որ մի՛ հաւատաք, «հիներ»ուն մտացածին հնարքներն են), ճի՛շդ այն տրամաբանութեամբ, որ օր մը իրենց ըսել տուաւ, թէ «լիճի պատառի մը համար կ’արժէ՞ մտահոգուիլ եւ զէնքի դիմել»: Իսկ անկէ առաջ, ու անկէ ետք ալ, ժողովուրդի ինքնապաշտպանական, հայրենապաշտպանութեան զգայարանքը ծրագրեալ կերպով բթացման նոր ներարկումներու ենթակայ: (Չխօսինք Արցախի նախագահը ձերբակալելու ելած՝ ազերիական «նոր կառուցողականութեան» մասին…):
Այնպէս կ’երեւի, որ միայն ընդդիմադիր հայրենասէրներն են մուկ ու կատուի այս խաղով մտահոգները: Իշխանութեան ձեռքը մուրճ տուած զանգուածը կը նախընտրէ հետեւիլ կամաւոր մուկերուն:
…34 տարի առաջ, երբ Արցախը ոտքի կանգնեցաւ իր իրաւունքները պաշտպանելու համար, անոր հետ ոտքի կանգնեցաւ մեր ամբողջ ժողովուրդը, իր քաղաքական, դիւանագիտական, մտաւորական եւ արուեստի բազուկներով, նա՛եւ Սփիւռքը՝ ողջ կարողականութեամբ: Հայութիւնը միաձայն էր եւ ողջունեց Արցախի այն վճիռը, թէ «եթէ Հայաստանը իրեն պիտի չմիացնէ Արցախը, Արցախը իրեն պիտի միացնէ Հայաստանը»: Նոյն Արցախն է որ Ստեփանակերտի խորհրդարանին մէջ, 16 Փետրուարին, միաձայնութեամբ որդեգրուած բանաձեւով (առաջին ընթերցումով), կը հաստատէ, թէ ԱՐՑԱԽԸ ԱՐՑԱ՛Խ Է ԵՒ ՎԵ՛ՐՋ, վաղը կրնպայ յայտարարել, թէ Հայաստանը Արցախ է եւ վերջ, մինչեւ իսկ եթէ Երեւանը մնայ ձեռք լուացողի դերին մէջ: Այսպէ՛ս է որ վերջ պիտի տրուին պատրուողականութեան, մուկ ու կատուի անբաղձալի խաղերուն:
yerakouyn.com/2022/02/17/նշմար-մուկ-ու-կատուի-խաղեր-ս-մահսէրէճ/