Նոր Օրերու Տիզպոններ Կը Սարքուին, Ո՛ւր Են Մեր Օրերու Վարդանները (Վարդանանց 451 Թ.) – Համբիկ Պիլալեան
24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – Վարդանանց 451 Թ:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
428 թուականէն երկու տասնամեակ ետք, հայ ժողովուրդին համար պարզ դարձաւ, որ ազգային պետականութիւնը կուշտ ապրելու համար չէ միայն, այլ, առաջին հերթին, անիկա պէտք էր` հայ մնալու, մեր տեսակն ու ինքնութիւնը պաշտպանելու:
ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
(Պատմաբան եւ ազգային-պետական գործիչ)
Անկեղծ ըսած, արցախեան վերջին պատերազմէն ետք, երբ հայրենի հողին աւելի քան երկու երրորդը բռնագրաւուեցաւ թուրք-ազերի հորդաներու կողմէ, իսկ հայութեան վիճակը ալ աւելի բարդացաւ քաղաքական, տնտեսական թէ զինուորական առումով, հայ գրիչին ու հրապարակագիրին սապէս տարօրինակ հոգեվիճակ մը պատեց, ի տես պատահածի ահաւոր տարողութիւնն ու անդրադարձը:
Այլ խօսքով` երբ հայ մտաւորականը, գրիչը ձեռքին, խանդավառութեամբ եւ լիայոյս ապրումներով կ՛անդրադառնար ազգային կեանքի որեւէ տօնի, տարեդարձի թէ յիշատակելի դիպաշարի մը, անտարակոյս, տուեալ թուականի խորհուրդին կ՛ագուցէր արդի թէ ներկայ օրերու յաղթանակները, նուաճումները թէ արձանագրուած հաւաքական յաջողութիւնները:
Եւ ահա, ստեղծուած նորովի կացութեան առընթեր, պոռթկումի թէ բողոքի ներքին ձայնի ուժգին ներկայութիւնը պահ մը ցնցած է ազգն ու պետականութիւնը` մեզ մղելով յառաջիկայի ընելիքները ճշդորոշելու եւ կեանքը հունաւորելու:
Ըսել ուզուածը այն է, որ հայ ժողովուրդի կեանքի իւրաքանչիւր օղակ, որ խորապէս կ՛առնչուի ազգային մտածողութեան, արժանապատուութեան, գոյութենական պայքարին թէ լինելութեան, որքան ալ դարերու «հնութիւն» ունենայ իր շալակին, անիկա կը մնայ դարբնոց դաստիարակութեան եւ հրաւէր` ինքնաճանաչութեան:
Վարդանանց, 1571-ամեակ:
Նախքան մեր 44 օրերու պատերազմի պարտութիւնը, հողի ու մարդուժի սարսափելի կորուստը, հայ գրիչի կիզակէտին կ՛ըլլար արդի օրերու հայոց յաղթանակը, թուրքը ծունկի բերելու հայութեան կամքն ու պատրաստակամութիւնը, ազատագրական պայքարի նորովի ընկալումը, յաղթելու պատգամն ու խորհուրդը:
Փաստօրէն, դարերու հեռաւորութիւնը ոչինչ կը նշանակէ ազգի մը համար, եթէ երբեք անիկա նպաստած է պահելու եւ պահպանելու ազգային ժառանգ մը, որ այս պարագային Աւարայրի պատերազմն է` հերոսական մաքառումի մը դիպաշարը, աքթը, ազգային ու մարդկային տեսակը ոչնչացումէ փրկելու հաւաքական գիտակցութիւնն ու կամքը:
Երէկի մեր պատմիչները` Եղիշէ, Ղազար Փարպեցի, Փաւստոս Բիւզանդ, ի զուր չէ որ ոգեւորութեամբ արձագանգած են Վարդանանց պատերազմին, հակառակ կրօնական շղարշի թէ քրիստոնէական հաւատամքի անոնց շեշտադրումին: Աւելի՛ն, պատերազմի նախօրէին առ Աստուած աղօթքն ու հայրենասիրական ճառերը (Հողցմեցի կաթողիկոս, Ղեւոնդ Վանանդեցի եւ Վարդան Մամիկոնեան) խորքին մէջ խտացումն էին գալիք ճակատամարտի իմաստին ու անոր թելադրականութեան:
Օրին, Սասանեան Պարսկաստանի աշխարհակալական նկրտումներու մէկ պատկերն էին հայոց դէմ կատարուած սպառնալիքները: Փաստօրէն, հայոց արքունի ներկայացուցիչ փաղանգի մը հրաւէրը Տիզպոն, լոկ ձեւական բնոյթ չունէր, այլ կը նպատակադրէր ուղղակի ճնշում բանեցնել հայ ազնուական դասին վրայ, ընդունելու զրադաշտականութիւնը, այլապէս փոխակերպելու հայու տեսակը, ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը:
Սա, ի հարկէ, թշնամի ուժի կողմէ սոսկ քաղաքական պարտադրանք չէր, այլ անոր ետին կը կանգնէր նաեւ հայրենի հողի իւրացումը, բռնագրաւումը: Այլ խօսքով, Տիզպոն հրաւէրը հայոց համար դիւանագիտական թէ քաղաքական այնպիսի մարտահրաւէր մըն էր, որուն դիմակայութիւնը այլեւս հրամայական պահանջ եւ պարտադրանք էր դարձեր հայ քաղաքական ու զինուորական վերնախաւին համար:
Եւ իրօք, Վասպուրական աշխարհի Հեր եւ Զարեւանդ գաւառի հանդիպակաց, Տղմուտ գետի ափին, Աւարայրի դաշտին վրայ կատարուած պատերազմը` սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի հրամանատարութեամբ եւ հայկական այրուձիի ներկայութեան, ուժեղ ապացոյց էր հայութեան կորովին ու պատրաստակամութեան:
Պահ մը զանց առնելով զրադաշտ մոգերու ներկայութիւնը հայրենի հողին վրայ ու անոնց զգետնումը հայոց ձեռամբ, աւելի՛ն. առանց թերագնահատելու Վասակ Սիւնիի սկսած դիւանագիտական եռուզեռն ու կացութեան ելք գտնելու անոր մօտեցումը, արդար է շեշտադրել, որ Աւարայրի պատերազմը հեքիաթ մը, սովորական զինուորական արարք մը չէր, այլեւ անիկա նախ` բարոյահոգեբանական, ապա ազգային ռազմավարական հնչեղութիւն ունեցող ճակատամարտ էր` յանուն հողի ու տեսակի պաշտպանութեան: Ըսուածին ամէնէն վառ ապացոյցը` հետագայ երեսուն տարիներու մղուած Վահանեան փարթիզանական մարտերն էին, որոնց շնորհիւ իրագործուեցաւ Նուարսակի դաշնագիրը, 484-ին:
Ճիշդ է, որ հայոց գահը չվերականգնեցաւ, այդուամենայնիւ Հայաստան ունեցաւ մարզպան մը` յանձին Վահան Մամիկոնեանի, որ առաջադրուեցաւ հայոց կողմէ եւ ան, իր կարգին, ստեղծեց կիսանկախ հայրենիք մը:
Այսօր փոխուած է աշխարհաքաղաքական քարտէսը, հայոց թշնամիները` թուրքն ու ազերին սրած են իրենց ախորժակները` շահագործելով մեր վերջին պարտութիւնը, հայ քաղաքական մտքի տհասութիւնն ու բոպիկութիւնը, ներքին պառակտումն ու այլամերժի վարքագծերը, որպէսզի ի գործ դնեն իրենց երբեմնի երազը` հայոց բնաջնջումը:
Աւելի՛ն. նոր օրերու Տիզպոններ սարքուած են թէ՛ հիւսիսի (Ռուսիոյ), թէ՛ հարաւի (Թուրքիոյ), եւ թէ արեւմտեան աշխարհի կողմէ, որոնց նպատակն է ըստ ամենայնի ծունկի բերել հայութիւնը, թուլցնել հաւաքական կամքը, աղաւաղել դիմագիծն ու մշակոյթը, բնաջնջել ազգային դիմադրողականութիւնը:
Այսօրուան Տիզպոնները չունին զրադաշտի սպառնալիքներ, անոնց բարիդրացիական լոզունքները կը միտին տկարացնել հայոց պետականութիւնը եւ անդիմագիծ ամբոխի վերածել հայութիւնը առհասարակ:
Իսկ հայոց մերօրեայ քաղաքական վերնախաւը, պետական համակարգը համակ, պահ մը անճրկած, այլապէս բարդոյթներու եւ փտածութեան տիղմին յանձնուած կը փորձէ իր բախտը բարելաւել, հանդերձելով ինքնագոհի թէ իմաստակի պատմուճան:
Ահա թէ ինչո՛ւ թելադրական կը մնան կերպարները Մամիկոնեան տոհմի` Վարդանի ու Վահանի:
yerakouyn.com/2022/02/24/նոր-օրերու-տիզպոններ-կը-սարքուին-ո՛ւր/