ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ – Ուր՞ Մասիս սարը ուր՞ էշ Մանուկի դարը – Զարեհ Եահնիեան

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ – Ուր՞ Մասիս սարը ուր՞ էշ Մանուկի դարը

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ – Ուր՞ Մասիս սարը ուր՞ էշ Մանուկի դարը – Զարեհ Եահնիեան

25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ

«Ուր՞ Մասիս սարը ուր՞ էշ Մանուկի դարը»

Այն թիւր կարծիքը կայ Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքական վերնախաւին եւ որոշ շրջանակներու մէջ թէ Վարդանանք պատերազմը կամ Աւարայրի ճակատամարտը Եկեղեցական Տօն է եւ պետութիւնը պարտաւոր չէ զայն նշելու, մանաւանդ որպէս ոչ աշխատանքային օրացոյց-ային օր չէ այն, կանանց, տղամարդկանց եւ այլ երկրորդական երեւոյթներու համար կարելի է օրացոյց-ային տօն նշանակել բայց Վարդանանցի համար ոչ, թող Եկեղեցին տօնէ այդ, մեր ինչ՞ գործն է․․․

Ոչ՝, եւ հազար ոչ պետութիւն եւ հասարակութիւն, այդպիսի բան գոյութիւն չունի, այդ երբ՞ է Եկեղեցին սեփականաշնորհել Վարդանանց տօնը, դեռեւս այն ժամանակ երբ պետութիւն չենք ունեցած, Վարդանանցը եւ պետական տօն է եւ Եկեղեցական ինչպէս շատ այլ տօներ, Վարդանանց տօն չնշել կը նշանակէ հրաժարիլ Հայ արմատէ․․․

Եթէ կուզենք Հայ հասարակութեան համար Հայաստան երկիր ապա Պետութիւն եւ Եկեղեցի պիտի գտնուին նոյն հարթակի վրայ, մէկը միւսին յարգելով եւ զօրացնելով եւ ոչ պառակտելով ու նսեմացնելով․․․

Բայց ունինք այն ինչ ունինք, պետութիւնը մէկ կողմ է իսկ վարդանանցը ուրիշ կողմ․․․

Ուրախալի երեւոյթ էր երբ Հրաւէր ստացայ Անարատ Յղութեան Տիրամայր Հայաստանի Քոյրերու կազմակերպած Վարդանանց տօնակատարութեան ներկայ գտնուելու համար, Համեստ բայց հոգեկան սնունդ բաւարարող միջոցառում մըն էր եղածը, Ոչ ձանձրացուցիչ կարճ բանախօսութիւն բայց շատ իմաստալից ու դիպուկ Հայր Ներսեսի կողմէ որը շարունակուեցաւ մշակութային պատշաճ յայտագրով․

Շնորհակալութիւն Քոյրերուն որ պետութեան բացը իրենք լրացուցին եւ մեր դատարկ հոգիներու քիչ մը հոգեւոր սնունդ ներարկեցին, այդ միջոցառումով այլ խօսքով Տիրամայր Հայաստանի քոյրերը իրենց ներկայութեամբ եւ ոգեկոչութեամբ մնացին Մասիս սարի վրայ իսկ պետութիւնը իր բացակայութեամբ ու մերժողականութեամբ մնաց իրէն նշուած յատուկ դարի վրայ․․․

Օրուայ խորհուրդը փոխանցող Հայր Սուրբը նկատեց որ այսօր եւս կան «հազկերտ»ներ, քօղարկուած հազկերտներ․

Այո՝, Ի հարկէ կան, եղած են միշտ, այսօր քիչ մը առաւել իսկ վաղը ով՞ իմանայ, այդ հազկերտները միշտ կան սակայն անոնք թող լաւ իմանան որ եթէ կայ քօղարկուած հազկերտ նաեւ կայ քօղարկուած ու չքօղարկուած Վարդան, ի տարբերութիւն հազկերտին որոնց քողը շատոնց պատրուած է եւ իսկական դէմքերը երեւցած Վարդանները կը մնան յայտնի ու անյայտ ու կը բազմանան եւ անոնք են որ հազկերտներուն պատասխան կուտան․․․

Վարդանանքը Եկեղեցական տօն է, թող իրենք նշեն․․․

Մայիս 28 Դաշնակցականներու տօնն է, թող անոնք նշեն․․․

Մայիս 9 Արցախցիներու տօնն են, մեզ ինչ․․․

յետոյ ինչ՞ սրանից աւելի ինչպէս՞ կրնանք պառակտուիլ, վերջ տանք այս յիմարութիւններուն եւ միանանք որպէսզի վարդաններուն օգնենք․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ – Ուր՞ Մասիս սարը ուր՞ էշ Մանուկի դարը

Զարեհ Եահնիեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail