Մի՛ Արտօնէք Թուրքերուն, Որ Հող Գնեն Հայաստանէն. Սահմանեցէ՛ք Մաքսատուրքեր Թրքական Ապրանքներու Ներմուծման Համար – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Մի՛ Արտօնէք Թուրքերուն, Որ Հող Գնեն Հայաստանէն. Սահմանեցէ՛ք Մաքսատուրքեր Թրքական Ապրանքներու Ներմուծման Համար – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /www.thecaliforniacourier.com/

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Յարութ Սասունեան

Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է երկու կարեւոր քայլ կատարէ նախքան Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալը.

1. Արգիլել Թուրքիոյ քաղաքացիներուն անշարժ գոյք գնել Հայաստանի մէջ.

2. Սահմանել մաքսատուրքեր Թուրքիայէն ներմուծուող ապրանքներու վրայ:

Ակնյայտ է, որ Թուրքիոյ քաղաքացիները կրնան կալուած գնել Հայաստանի մէջ՝ առանց հատելու Հայաստանի սահմանը: Սակայն, ցամաքային ընդհանուր սահմանի բացման պարագային, թիւով աւելի շատ թուրքեր կրնան գալ Հայաստան՝ այսպիսով աւելցնելով մարդկային եւ ապրանքներու հոսքը Թուրքիայէն:

Թուրքիոյ պէս թշնամի երկրի մը քաղաքացիներուն Հայաստանի մէջ անշարժ կալուած գնելու արտօնութիւնը ազգային ապահովութեան լուրջ սպառնալիք է, յատկապէս, եթէ գոյքը կը գտնուի սահմանամերձ խոցելի տարածքներու մէջ:

Մեծ հակասութիւն կայ այն առումով, թէ ի՛նչ կը նախատեսեն Հայաստանի Սահմանադրութիւնն ու օրէնքները՝ օտարերկրացիներու կողմէ անշարժ գոյքի գնման մասին, եւ թէ անոնք ինչպէ՛ս կը կիրարկուին իրականութեան մէջ: Այժմ, երբ ստեղծուած է Սահմանադրական յանձնախումբ մը՝ գործող Սահմանադրութեան բարեփոխումներուն համար (Սահմանադրութիւնը վերջին անգամ բարեփոխուած է 2015ին), ճիշդ ժամանակն է վերանայելու գործող դրոյթները՝ ճշդելու համար, թէ որո՛նք կրնան սեփականութիւն ունենալ Հայաստանի մէջ: Պարզ է, որ պէտք է արգիլուի օտարերկրացիներու կողմէ Հայաստանի սահմանին մօտ սեփական կալուածներ գնելը: Աւելի՛ն. պէտք է արգիլուի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն՝ որեւէ անշարժ գոյք գնել Հայաստանի որեւէ վայրի մէջ:

Այս հարցը յատկապէս հրատապ է, նկատի առնելով, որ քանի մը տարի առաջ Թուրքիոյ կառավարութիւնը վաւերացուց օրէնք մը, որով կ՛արգիլէր Թուրքիոյ մէջ կալուածներու գնումը չորս երկիրներու՝ Հայաստանի, Քուպայի, Հիւսիսային Քորէայի եւ Սուրիոյ քաղաքացիներուն: Ուրիշ 35 երկիրներու քաղաքացիներ եւս ենթակայ են սահմանափակումներու՝ Թուրքիոյ մէջ գոյք ձեռք բերելու առումով, մեկնած հողի բնոյթէն եւ գտնուած վայրէն: Թերեւս մտածէք՝ քանի որ թրքական կառավարութիւնը արգիլած է հայ քաղաքացիներուն հող գնել Թուրքիոյ մէջ, հետեւաբար Հայաստան պէտք է փոխադարձէ՝ արգիլելով Թուրքիոյ քաղաքացիներու կողմէ Հայաստանէն հողի գնումը: 2012ին, ես յօդուած մը գրեցի՝ հայ պաշտօնեաները տեղեկացնելով թրքական այն օրէնքին մասին, որով կ՛արգիլուէր Հայաստանի քաղաքացիներուն հող գնել Թուրքիոյ մէջ, ապա կոչ ըրի «Հայաստանի խորհրդարանին՝ դիտարկելու փոխադարձ միջոցներու ընդունումը՝ ընդդէմ Թուրքիոյ այն քաղաքացիներուն, որոնք հետաքրքրուած են հայկական գոյք ձեռք բերելով»: Ցաւօք, առաջարկս անտեսուեցաւ:

1995ի Սահմանադրութիւնը օտարներուն կ՛արգիլէր հող գնել Հայաստանի մէջ: Սակայն, այս օրէնքին հակասեց Հայաստանի կառավարութեան հետագայ զեկոյցը՝ ուղղուած Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան, երբ կ՛ըսէր. «Օտարերկրացիները իրաւունք ունին ըլլալու հայկական հողի վրայ կառուցուած անշարժ գոյքի սեփականատէր»: Զեկոյցին մէջ կը նշուէր նաեւ, որ «(Հայաստանի) օրէնսդրութիւնը կառավարութեան լիազօրութիւն կու տայ սահմանափակելու եւ արգիլելու օտարերկրեայ ներդրումները՝ ազգային ապահովութեան նկատառումներէ մեկնած»:

1995ի Սահմանադրութեան համապատասխան՝ Հայաստանի յաջորդ՝ 2005 եւ 2015 թուականներու Սահմանադրութիւններուն մէջ նաեւ նշուած է, որ «Հողի սեփականութեան իրաւունքէն չեն օգտուիր օտարերկրեայ քաղաքացիներ եւ քաղաքացիութիւն չունեցող մարդիկ, բացառութեամբ օրէնքով սահմանուած պարագաներու»:

Եթէ օտարներուն արտօնուած չէ Հայաստանի մէջ հող կամ կալուած գնել, ապա անոնք ինչպէ՞ս կրցած են անշարժ գոյք գնել: Միայն 2019ին, օտարերկրացիներ, ի հեճուկս ՀՀ Սահմանադրութեան, Հայաստանի մէջ գնած են 186 յարկաբաժին, 72 տուն, երկու գործարան, 9 հանրային նշանակութիւն ունեցող շինութիւն եւ նոյնիսկ 121 հողատարածք: Այս ինչպէ՞ս կարելի դարձաւ:

Առաւել մտահոգիչը այն է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ թշնամի երկու պետութիւններու քաղաքացիները Հայաստանի մէջ անշարժ գոյք կը գնեն՝ առանց որեւէ առարկութեան: Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի կառավարութեան «քատաստր»ի կամ անշարժ գոյքի պաշտօնական արձանագրութեան հրապարակած թիւերուն համաձայն՝ 2010էն 2021, Ատրպէյճանի քաղաքացիները Հայաստանի մէջ գնած են վեց անշարժ գոյքեր, որոնք կը ներառեն հինգ յարկաբաժին եւ մէկ հանրային նշանակութեան գոյք: Նոյն ժամանակահատուածին մէջ, Թուրքիոյ քաղաքացիներ Հայաստանի մէջ գնած են 71 անշարժ կալուածներ, որոնց շարքին՝ 55 յարկաբաժին, հինգ բնակելի տուն, մէկ կանգառ, հանրային նշանակութեան եօթը գոյք եւ երեք հողատարածք:

Կ՛ենթադրեմ, որ Հայաստանի մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերած Թուրքիոյ քաղաքացիներէն շատերը ծագումով հայ են: Ես Հայաստանի կառավարութեան կ՛առաջարկեմ հայկական ծագում ունեցողներու համար բացառութիւն ընել, երբ արգիլուի Թուրքիոյ քաղաքացիներու կողմէ անշարժ գոյքի ձեռքբերումը:

Ի վերջոյ, ինչ կը վերաբերի Թուրքիայէն եւ այլ երկիրներէ ապրանքներու ներմուծման, ապա Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է մաքսատուրքեր սահմանէ իր երկրի արտադրութեան կենսունակութիւնը պաշտպանելու համար: Քանի որ Թուրքիա շատ մեծ բնակչութիւն ունի, հետեւաբար կրնայ շատ աւելի աժան ապրանքներ արտադրել՝ մեծ ծաւալին պատճառով: Հայ արտադրողները, չդիմանալով շուկայի գիներու մրցակցութեան՝ կրնան սնանկանալ: Հայկական շուկան արդէն իսկ ողողուած է թրքական ապրանքներով: Մինչ սահմանի բացումէն ետք թրքական ապրանքները Հայաստան բերել-հասցնելու համար ստիպողական յաւելեալ ծախսեր կատարելու կարիքը պիտի չմնայ՝ նախկինին նման զանոնք Վրաստանի տարածքով անցընելու համար, ինչ որ պիտի նշանակէ, որ այդ ապրանքները աւելի եւս պիտի աժաննան եւ ուրեմն մեծ դժուարութիւն պիտի ստեղծեն տեղացի արտադրողներու համար: Իրավիճակը կրնայ աւելի եւս վատթարանալ, որովհետեւ թրքական լիրայի շարունակուող արժեզրկումը կրնայ նաեւ յանգեցնել Թուրքիայէն բերուող ապրանքներու գիներու յաւելեալ նուազումին:

Թելադրելի է, որ նախքան Հայաստանի տնտեսութեան որոշ հատուածներու ամբողջական կործանումը, Հայաստանի կառավարութիւնը մաքսատուրքեր սահմանէ ներածուող թրքական ապրանքներու դիմաց, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել Հայաստանի արտադրողներուն շահերը:

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

asbarez.am/414021/մի՛-արտօնէք-թուրքերուն-որ-հող-գնեն-հայ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail