Անդրադարձ – «Ազդակ« 95-ամեակ. «Ազդակ»-ը` Լիբանանահայութեան եւ Սփիւռքի Փնտռուած Օրաթերթը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Անդրադարձ – «Ազդակ« 95-ամեակ. «Ազդակ»-ը` Լիբանանահայութեան եւ Սփիւռքի Փնտռուած Օրաթերթը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

06 ՄԱՐՏ 2022 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Լիբանանահայերէն շատերուն համար «Ազդակ» օրաթերթը եղած է եւ է առօրեայ ընթերցումի, ծանօթութեան եւ զբաղումի միջոց մը: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ նախկին լիբանանահայերուն մասին, որոնք ամէնուրեք տարածուած են եւ համացանցին միջոցով կը շարունակեն կարդալ թերթը: Այդպէս կ՛ըսեն ծանօթներս եւ ազգականներս: Ի՞նչ է գաղտնիքը:

Գաղտնիքը նոյնինքն յարատեւութեան մէջ է, որ կը կայանայ: 95 տարիներ շարունակ լոյս տեսած օրաթերթ մը ինքնաբերաբար ժողովուրդի առօրեային մաս կը կազմէ եւ գաղութի հայելին կը դառնայ: Լիբանանահայութեան քաղաքական, ազգային, մշակութային, եկեղեցական, միութենական եւ մարզական կեանքին պատմութիւնը գրուած է անոր էջերուն: Ո՛չ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ ամբողջ հայութեան:

Յարատեւութեան ետին կը կանգնին նախ եւ առաջ ՀՅԴ Լիբանանի պատասխանատու մարմինը, որուն պաշտօնաթերթն է «Ազդակ»-ը, եւ իրերայաջորդ նուիրեալ խմբագրական կազմերը, պաշտօնէութիւնը, աշխատակիցները եւ յօդուածագիրները: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ «Ազդակ»-ի բարեկամները, որոնք իրենց նիւթական մասնակցութիւնը կը բերեն:

Այժմու տնտեսական ահաւոր պայմաններուն մէջ, երբ լիբանանեան դրամանիշը մինչեւ 20-պատիկ արժեզրկուեցաւ, «Ազդակ»-ի անխափան աշխատանքը արգասիքն է խմբագրական կազմին ու պաշտօնէութեան հաւատքին, նուիրումին, կորովին ու զոհողութեան, որ իսկապէս ցուցանիշներէն է լիբանանահայութեան կենսունակութեան եւ սփիւռքի մէջ անոր կեդրոնական դերին:

Վա՛րձքը կատար «Ազդակ»-ի 95 տարեկան ընտանիքին, որ նոյն կորովով սերունդէ-սերունդ պիտի շարունակէ աշխատանքը, որ տեղեկատուութեան կողքին կ՛արտայայտէ հայութեան ձգտումները, կամքն ու խորհուրդը:

25 փետրուար 2022

aztagdaily.com/archives/539876

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail