Երկու Չափ Երկու Կշիռի Վարքագիծը Միջազգային Յարաբերութիւններու Կեղծիքի (Չ)բարոյականն – Յակոբ Պալեան
11 ՄԱՐՏ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Մարդու իրաւ արժէքը կը ճշդուի նախ քննելով, թէ ան որքան եւ ինչ իմաստով յաջողած է ազատագրուիլ ԵՍէն:
Ալպէր Այնշթայն,
գիտնական եւ իմաստասէր, Ի դար
ԵՍ, ԵՍԵՐ, անհատի, ժողովուրդի, պետութեան: ԵՍը միշտ մէկ ուղղութեամբ նայող ախտ է:
Եկու շաբաթէ ի վեր, ես ալ կը հետեւիմ Ուքրայինայի եւ անոր ժողովուրդի ցաւալի եւ աղիտալի վիճակին: Կը հետեւիմ նաեւ երկիրներու եւ միջազգային հակազդեցութեան, որ կը միտի կասեցնել ( ՞ ) պատերազմը, որպէսզի չքանդուի երկիրը եւ չդժբախտանայ անոր ժողովուրդը: Կայ չխոստավանուող այլ իրականութիւն. շահագործել պատերազմը եւ ուրիշներու դժբախտութիւնը:
Քաղաքական զօրակցութեան եւ մարդկայնական օժանդակութեան ալիք ծաւալած է: Կարելի չէ անտարբեր մնալ ի տես հեռատեսիլի սփռած աւերներու եւ գաղթի պատկերներուն,- կին, մանուկ, նորածին,- եւ ամուսիններ՝ որոնք կը մնան երկրին մէջ հայրենիք պաշտպանելու: Հայրենիք պաշտպանել՝ ազգ ըլլալու եւ ազատ ապրելու համար:
Հակառակ յուզումիս, պարտք կը զգամ նոյն հանրութեան դիմելու եւ ըսելու, որ Ուքրայինան եւ անոր ժողովուրդը կը պաշտպանեն, իրենք զիրենք պաշտպանելու համար, սահմանի այս կողմը գտնուողները: Եթէ հանրութեան վերաբերումը իրապէս անշահախնդիր կերպով մարդասիրական, արդարասիրական եւ խաղաղասիրական էր, ինչպէ՞ս եղաւ, որ ան չյայտնուեցաւ Հայաստան-Արցախի դէմ շղթայազերծուծ պատերազմի ընթացքին, անհաւասար ուժերու կռիւ մը, երբ բնակավայրեր եւ սրբատեղիներ կը ռմբակոծուէին, բնակիչներու տուները եւ արտերը կրակի կը տրուէին, անտառները ֆոսֆորային ռումբերով կ’այրէին, գազազած վարձկաններ կը բերուէին հայ ջարդելու համար եւ փոքրիկ երկիր մը կ’ունենար հազարաւոր զոհեր:
Աշխարհագրութիւնը վճիռ է. Հայաստան եւ Արցախ Եւրոպայի դռներուն չեն:
Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ ամէն խոստում որպէս կանխիկ դրամ պէտք չէ ընդունիլ: 2020ի Հայաստանի դէմ թուրք-ազերի նախայարձակման օրերուն, այդ երէկ էր, Եւրոպան նախայարձակները, աւերները, պարտադրուած հայրենահանումը, ֆոսֆորային ռումբերը եւ կրօնամոլ վարձկաններու արշաւանքը կասեցնելու համար պատժամիջոցներու չդիմեց, ինչպէս այսօր կ’ընէ Ռուսիոյ դէմ, մնաց բարեսիրական-մարդասիրական դատարկ խօսքի սահմանին մէջ:
Քաղաքակիրթ, ժողովրդավարական եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Եւրոպան,- քանի մը տասնեակ տարի առաջ կ’ըսէին՝ ազատ աշխարհը,- միթէ՞ պարտաւոր չէ բացատրութիւն մը տալ, ի հարկին՝ մէա քիւլփա ընել, իր թերացման եւ սխալին համար, զորս կը կոչեմ երկու չափ երկու կշիռի վերաբերում, որ արդարութեան հակասութիւնն իսկ է: Ո՛չ ոք, ո՛չ մէկ ժողովրդավարական եւ մարդու իրաւունքի պաշտպան երկիր պատժամիջոցներու դիմեց, անոնց հեռատեսիլի պատուհանները օրնիբուն չպատկերասփռեցին եւ չխօսեցան անհաւասար եւ դաժան պատերազմի զոհ ժողովուրդի մասին, որ իր հայրերու հողին վրայ կ’ուզէր ապրիլ, անոր տէր մնալ:
Արեւմտեան այս կամ այն երկրի այս կամ այն յայտնի վարիչին դուռը բախողներ, որոնք համակրանքի խօսքերէ աւելին չեն ստացած եւ չեն ստանար, պէտք է յանդգնութեամբ խօսին երկու չափ երկու կշիռի մասին: Ինչո՞ւ Արցախի անտառներու ֆոսֆորային ռումբերով հրդեհումը, եկեղեցիներու ռմբահարումը, անոնց գմբէթներէն խաչերու վերացումը չզբաղեցուցին լրատուամիջոցները, օրը քսանչորս ժամ այդ պատկերները չսփռեցին, պետական մարդիկ, մտաւորականներ չդիրքորոշուեցան: Հայկական մեծ ու պզտիկ էսթէպլիշմընթները գոհացան խօսքի փշրանքներով, ունեցան գործ ընելու եւ գութը յաջողութիւն համարելու բաւարարութիւններ:
Հարց պէտք է տալ, թէ ինչո՞ւ այդպէս ըրին, ինչո՞ւ այդպէս եղան վերաբերումները. Հայաստան-Արցախի դէմ գործուած նախայարձակումը եւ հազարաւոր զոհերը ու հաշմանդամները զիրենք չանհանգստացուցին, որովհետեւ նախայարձակը իրենց դաշնակիիցն էր, իրենց նաւթ եւ հում նիւթ մատակարարողը, իրենց դրամատուներուն եւ արդիւնաբերութեան մէջ կողոպուտի (կոռուպցիա) մեծագումար ներդրումներու տէրը: Աւելի պարզ. արեւմտեանները, ինչ ալ պատահած ըլլայ երէկ, պատահի այսօր եւ վաղը, ի գին ամէն բանի, դժգոհելով անգամ, չեն դիրքորոշուիր թուրք յարձակապաշտին դէմ: Այսպէս պիտի շարունակուի մինչեւ այն օրը, որ այդ յարձակապաշտութիւնը սպառնալիք դառնայ իրենց: Մինչ այդ, ըստ իրենց անմիջական շահերուն, աշխարհի հզօրները պիտի շարունակեն իրենց երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւնը:
Պէտք է օգնել, Ուքրայինայի, որպէսզի մնայ անկախութիւնը, գաղթականը վերադառնայ իր տունը:
Ինչո՞ւ նման պահանջով հրապարակ չեկաւ, պիտի չգար Արեւմուտքը Արցախ-Հայաստանի ժողովուրդին համար, ինչո՞ւ նման վերաբերում չունեցաւ Ուքրայինան, եւ հաւկուրութեամբ ու շահախնդրութեամբ ուղղակի-անուղղակի կերպով դաշնակցեցաւ Ռուսիոյ աւանդական մրցակիցին եւ թշնամիին հետ, Հայաստան-Արցախի դէմ նախայարձակներուն հետ:
Այսօր Ուքրայինայի նախագահը հրապարակաւ դժգոհութիւն յայտնեց, որ արեւմտեանները իրենց զինական օժանդակութեան խոստումները չեն յարգած: Զինել Ուքրայինան Ռուսիոյ կողմէ կրնայ դիտուիլ որպէս գրգռութիւն, աւելին նոյնիսկ՝ պատերազմի մասնակցութիւն, կ’ունենայ հետեւանքներ: Նկատի ունենալով մէկ կամ միւս կողմին հարուածելու-քանդելու հնարաւորութիւնները, հետեւանքներու մասին մտածելն անգամ սարսափ կ’ազդէ:
Զոյգ Համաշխարհայինները չեն աւարտած, քանի որ բոլորին կողմէ ջատագովուած մարդկային եւ ժողովուրդներու իրաւունքները չեն յարգուած, չեն վերականգնած, ամենուրեք տիրական են ազգայնամոլական, կրօնամոլական եւ ցեղապաշտական գերակայութեան եւ ծաւալապաշտութեան կիրքեր, որոնք եթէ չյաղթահարուին պատմութեան դասով, օրէնքներով, իմաստութեամբ եւ զանոնք յարգելու բարոյական համապարփակ հասկացողութեամբ, մարդը համարելով գերագոյն արժէք, մարդկութիւնը պիտի ապրի երրորդ Համաշխարհայինի սպառնալիքին տակ, սպասելով ի՛ր Համաշխարհայինը:
Փակուղիի առջեւ կանգնած է մարդկութիւնը, քանի որ հիմա ժողովուրդները չեն որոշողները, այլ ուժ ունեցողները, իրենց սեղանին վրայ հիւլէական զէնքի կոճակ ունեցողները:
Եթէ դադրէին հետեւելէ երկու չափ երկու կշիռի անարդարութեան, հետապնդելէ յաւելեալ իրաւունք եւ հետապնդէին յաւելեալ պարտքի ըմբռնում նմանին հանդէպ, Երրորդ եւ թերեւս Վերջին Համաշխարհայինը կը կանխուէր:
Այս ընելու համար պէտք է մարդանալ, լսել մեծ գիտնական Ալպէր Այնշթայնը, որ ըսած է. «Մարդու իրաւ արժէքը կը ճշդուի նախ քննելով, թէ ան որքան եւ ինչ իմաստով յաջողած է ազատագրուիլ ԵՍէն»: Մեծերը եւ նուազ մեծերը ինչպէ՞ս ազատագրել ԵՍէն, որ ժառանգութիւն կը դառնայ, հայր եւ որդի, խնամի, ծանօթ, բարեկամ, ծանօթ ԽԾԲն, որոնք գումարուելով կը դառնան չարիք բոլոր մակարդակներու վրայ, ընկերութիւններու, ժողովուրդներու եւ աշխարհի:
Ուքրայինան պատերազմի մէջ է, դժախտացող ժողովուրդ մը եւ ընտանիքներ կան: Հայաստան-Արցախի դէմ եղած նախայարձակման հետեւանքով եղան հազարաւոր զոհեր, նոյնքան եւ աւելի հաշմանդամներ, որոնց վրայ կը գումարուին հայրենահանուածներ եւ տնազուրկներ:
Համագումար՝ ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐ:
Չկան դատարանի առջեւ կանգնողներ:
Յիշել Սիամանթոն. «Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քո ճակատին»:
Ոճիրին դէմ պէտք է պայքարիլ, ոճրագործին երբեք բարենիշ պէտք չէ տալ, ով ալ ըլլայ ոճիրին հեղինակը, ուր ալ գործուած ըլլայ ոճիրը, կարծեցեալ գործնապաշտութեամբ սալամ ալէք չընել ոճրագործին, այդ ընելով հող կը պատրաստենք նոր ոճիրներու, նոյնիսկ եթէ այդ ընելու համար պէտք է սուղ գին վճարել: Այս ԵՍ ու ԵՍեր գերանցելու որակով մարդուն պարտքն է մարդկութեան հանդէպ:
Ըլլանք մեծ թէ փոքր, իշխանաւոր, թէ համեստ քաղաքացի:
yerakouyn.com/2022/03/10/երկու-չափ-երկու-կշիռի-վարքագիծը-միջազ/