Եթէ Դերենիկ Դեմիրճեանի պատմուածքի Աւելորդը Սրբունն էր Նիկ0լի եւ իր մանկապարտէզի համար աւելորդը Արցախն էր․․․ – Զարեհ Եահնիեան
06 ՄԱՐՏ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Աւելորդը
Եթէ Դերենիկ Դեմիրճեանի պատմուածքի Աւելորդը Սրբունն էր Նիկ0լի եւ իր մանկապարտէզի համար աւելորդը Արցախն էր․․․
Մանկապարտէզի եւ ղեկավարի քայլերը կամաց կամաց ջուրի երես դուրս գալով օրէ օր աւելի յստակ կը դառնայ միամիտ, Ապազգային, եւ վախկոտ մօտեցումը Արցախ աշխարհի նկատմամբ․
Որպէսզի Հայաստանի բռնակալին ձեռքերը ազատ ըլլան եւ ոչ մէկ պետութիւն չկարողանայ ճնշել իր վրայ ապա ուրեմն պէտք էր առաջինը հրաժարուիլ Արցախէն եւ ոչ թէ ճանչնալ անոր անկախութիւնը․․․
Ըստ մանկապարտէզի կանոններուն որեւէ ժամանակ եթէ կարիք ըլլար Հայաստանի վրայ ճնշում բանեցնելու Արցախը լաւագոյն խաղաքարտն էր սակայն երբ դուն կը հրաժարիս այդ խաղաքարտէն միամտաբար կարծելով որ ոչ ոք քեզ չի կրնար ճնշել այդ քարտով քանզի արդէն այդ քոնը չէ չարաչար կը սխալիս եւ աւելին Արցախը կորսնցնելով կը կորսնցնես Երեւանը եւս, սա է իրականութիւնը որը դժուար թէ իմանար մանկապարտէզի ղեկավարը եւ իր խումբը․․․
չեմ կրնար եւ իրաւունք չունիմ քննադատելու ոչ մանկապարտէզին եւ ոչ ալ անոր ղեկավար կազմին որովհետեւ այդ է իրենց մակարդակը, այդ է իրենց մտածելակերպը եւ այդ է ներմուծուած պատրաստ ծրագրի արդիւնքները սակայն կարելի չէ չքննադատել Խնամակալութեան եւ ծնողներուն որոնք տեսնելով քանդումը կառոյցին իրենց աչքի դիմաց կը լռեն եւ կը համակերպին այդ ընթացքին․․․
Բարեւս տուի անցայ գնացի