Բարի Լոյս – ԿԵԴՐՈՆԱՑՄԱՆ ԽՈՑԸ ԵՒ ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՄԱՆ ԺԱՆԻՔԸ – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022 – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի Լոյս
ԿԵԴՐՈՆԱՑՄԱՆ ԽՈՑԸ ԵՒ ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՄԱՆ ԺԱՆԻՔԸ
Ն. Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ ծանրագոյն հարուածներու տակ ինկած Հայ Ազգի եւ Հայոց Հայրենիքի, Մեր Ժողովուրդի ու Սեփական Պետականութեան ԽՈՑՈՒԱԾ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆը վերականգնելու, այլեւ մեր հաւաքական ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿՌԻՒը վերանորոգ մարտունակութեամբ յառաջ մղելու զօրաշարժին զինուորագրուած հայոց նորօրեայ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐուն։
Բարի լոյս՝ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի բոլոր ծագերէն իրարու ձայն տուող եւ միասնաբար մեր ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺը նորովի թափով ՇՂԹԱՅԱԶԵՐԾԵԼՈՒ Պայքարի Դրօշը պարզած Նուիրեալ Հայորդիներուն, որոնք կը փորձեն 21րդ դարու երրորդ տասնամեակին համահունչ ՈՒՂԻ ՀԱՐԹԵԼ Մեր Փոքր Ածուի Ինքնահաստատման Երթին առջեւ։
Բարի լոյս՝ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ Ազգային, Քաղաքատնտեսական եւ Պետական Ուժի Կռուանները ՍԵՓԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴի Արժանաւորութեան եւ Արժանապատուութեան ՆԵՐՈՒԺին մէջ գտած եւ ամրագրած Գաղափարի Դրօշակիրներուն, որոնք կը փորձեն ԱՄԷՆ ԳՆՈՎ անձեռնմխելի ու անսակարկելի պահել Մեր Ազգի Ազատութիւնն ու Հայոց Հայրենիքի Անկախութիւնը՝ մեծ կամ փոքր հարեւաններու բարեացակամ թէ թշնամական շահագրգռութեանց ու ոտնձգութեանց դէմ․․․
Բարի լոյս՝ ԱՐԹՆԱՄՏՈՒԹԵԱՆ եւ ՊԱՅԾԱՌԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ այն Գաղափարապաշտ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ, որոնք Ազգի եւ Հարենիքի, ժողովուրդի ու Պետականութեան Ուժի անխտիր բոլոր կռուանները համախմբող ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ կը տենեն ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԵԼՔը։
Այո՛, 132 տարի առաջ Հայ Յեղափոխականներու ընտրած ԱՊԱԿԵԴՐՈՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը սոսկ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ՏԱՐԱԶ չէր, մանաւանդ՝ սոսկ դիմայարդարման ԼԾՈՐԴ ՉԷՐ որեւէ տեսակ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄի, նոյնիսկ ու մանաւանդ երբ այս վերջինը կը ներկայանայ գաղափարական ու բարոյական ՇՊԱՐով․․․
Աւելի՛ն․ Ապակեդրոնացումը ԷՈՒԹԻՒՆն էր Դաշնակցութեան, որուն անդամագրուողը կուսակցական իրաւունքի խնդիր չունէր, որպէսզի ԵՐԱՇԽԱՒՈՐ ԿԵԴՐՈՆի կարիքը զգար, այլ ունէր միայն բարոյական բաւարարութեան խնդիր, որուն ԵՐԱՇԽԻՔը նոյնինքն ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄն իսկ էր։
Բարի լոյս՝ Ապակեդրոնացման ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՄԲ Հայ Ժողովուրդի եւ Հայաստան Աշխարհի ազատագրութեան, անկախացման եւ ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՈՒՂԻն հունաւորող Յանձնառու Հայորդիներուն, որոնք արթուն կը հսկեն Դաշնակցութիւնը ներսէն կրծող ՑԵՑԵՐՈՒՆ դէմ, որպէսզի ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՊԱՀԱԾ ՈՒ ՓԱՅՓԱՅԱԾ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը զոհ չդառնայ ՀԱՅ ՄԻՏՔ ՈՒ ԿԱՄՔ ԿԱՂԱՊԱՐԵԼՈՒ եւ ՋԼԱՏԵԼՈՒ ճամբով ամէն կարգի իշխանութիւն ու փառք մսխելու ելած կեդրոնաձիգ վաշխառուներուն։
Բարի լոյս՝ Դաշնակցութեան մէջ սոսկական կուսակցութենէ մը աւելին արժեւորող, այլեւ Հայ Ժողովուրդի ԱՊԱԿԵԴՐՈՆ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳի Գաղափարական ու Կազմակերպական ՈՂՆԱՇԱՐին մարմնաւորումը տեսնող Դաշնակցական Ուխտեալներուն, որոնք հաւատարմագրուած են Դաշնակցութիւնը ՀԱԿԱԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ, ԽՈՐԱՊԷՍ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄԻ ԱՅԼԱՍԵՐՄԱՆ սադրանքներուն դէմ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ գաղափարապաշտ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄԻՆ։
24 Փետրուար 2022
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ