
Հայաստան, Ազրպէյճան Եւ Թուրքիա` Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
15 ՄԱՐՏ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /www.thecaliforniacourier.com/
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Այնքան ատեն որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը կը շարունակէ յաւելեալ աւերներ գործել եւ մարդկային կեանքեր խլել, աշխարհի երկիրները, յատկապէս` Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա, ստիպուած են բարդ ընտրութիւն կատարելու իրենց քաղաքականութեան, հրապարակային յայտարարութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս քուէարկութեան մէջ: Հակառակ Թուրքիոյ յարափոփոխ դիրքորոշման մասին առկայ մտահոգութիւններու` ակնյայտ է, որ ո՛չ Ռուսիա, ո՛չ ալ Արեւմուտքը կ՛ուզեն Թուրքիան մղել ընդդիմադիր ճամբար: Նախագահ Էրտողանի աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն գոռոզաբար ըսած է CNN-ի, որ արեւմտեան երկիրները կոչ ըրած են Թուրքիոյ` պահպանել իր կապերը Ռուսիոյ հետ, ինչ որ շատ քիչ հաւանական է: Մէջբերուած են Էրտողանի խօսքերը. «Մենք ո՛չ Ուքրանիայէն, ո՛չ ալ Ռուսիայէն կը հրաժարինք»: Իրականութեան մէջ ասիկա կը բնութագրուի որպէս «ռազմավարական անորոշութիւն»:
Ահա՛ իմ վերլուծութիւնը այս պատերազմի` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ ունենալիք հետեւանքներուն մասին: Արդեօք անոնք կը յաջողի՞ն պահպանել իրենց երկդիմի դիրքերը, թէ՞ կը սայթաքին եւ կը կորսնցնեն իրենց դիւրաբեկ հաւասարակշռութիւնը:
Սկսինք այն քուէներէն, զորս այս երեք երկիրները տուած են ներկայ պատերազմին մասին: Առաջին քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է 25 փետրուարին, Եւրոպական խորհուրդի մէջ, որուն կ՛անդամակցին Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա: 47 անդամներէն միայն Ռուսիա եւ Հայաստան դէմ քուէարկած են` Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն եւ Նախարարներու կոմիտէէն ներս Ռուսիոյ անդամակցութիւնը կասեցնելու միջնորդութեան: Կողմ քուէարկած են 42 երկիրներ: Ազրպէյճան չէ քուէարկած, իսկ Թուրքիա ձեռնպահ մնացած է:
Յաջորդ քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է 28 փետրուարին, ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին մէջ, Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը խորհուրդի օրակարգ ներառելու մասին: Խորհուրդի 47 անդամներէն 29-ն կողմ քուէարկած է, 13-ը ձեռնպահ մնացած է (ներառեալ Հայաստան): Ռուսիոյ, հաւանաբար, չէ գոհացուցած Հայաստանի քուէարկութիւնը: Միւս կողմէ` Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տենիս Աֆթոնոմով իր կառավարութեան գոհունակութիւնը յայտնած է Հայաստանի քուէարկութեան կապակցութեամբ: Աւելի կարեւորը այն է, որ 4 մարտին Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը քուէարկեց Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ խախտումները հետաքննող յանձնախումբ ստեղծելու օգտին: Կողմ քուէարկեց 32, ձեռնպահ` 13 երկիր (ներառեալ Հայաստան): Ազրպէյճան եւ Թուրքիա ՄԱԿ-ի այդ խորհուրդին անդամ չեն:
ՄԱԿ-ի Գլխաւոր խորհուրդը 2 մարտին բանաձեւ անցուց` կոչ ընելով ռուսական ուժերուն` դուրս գալ Ուքրանիայէն: Կողմ քուէարկած է 141 անդամ, ձեռնպահ` 35-ը (ներառեալ Հայաստան): Թուրքիա կողմ քուէարկեց: Ազրպէյճան չքուէարկեց:
Անկախ քուէարկութենէն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վրայ դրուած է Ռուսիոյ հետ իր երկրի տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական դաշինքը հաւասարակշռելու բաւական դժուար հարցը` փորձելով պահպանել լաւ յարաբերութիւններ Արեւմուտքի հետ: Հակամարտութեան առնչութեամբ, Փաշինեան իր առաջին զգուշաւոր կարծիքը արտայայտեց 2 մարտին` ըսելով. «Մենք սրտի կսկիծով կը հետեւինք հետզհետէ ծաւալող իրադարձութիւններուն, որոնք, հիմա արդէն ակնյայտ է, պիտի ունենան համաշխարհային հետեւանքներ: Մեր յոյսն է, որ այսօր նախատեսուած ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները կը կայանան եւ կ՛արդիւնաւորուին, եւ դիւանագիտութիւնը կը յաջողի լռեցնել թնդանօթները»:
Ազրպէյճան եւս կը գտնուի երկու ճամբարի մէջ: 26 փետրուարին Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Թուիթըրի մէջ երկու անգամ գովաբանած է Ազրպէյճանը, որ 5 միլիոն տոլարի դեղորայք մատակարարած է Ուքրանիոյ եւ վերջինիս շտապ օգնութեան մեքենաներուն համար ձրի նաւթ տրամադրել հրահանգած է Ուքրանիոյ մէջ նաւթ վաճառող ազրպէյճանական կեդրոններուն, այս բոլորը` Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշինքի պայմանագիրի ստորագրումէն միայն քանի մը օր ետք: Սակայն Ազրպէյճան, ինչպէս Թուրքիա եւ Հայաստան, պատժամիջոցներ չէ կիրարկած Ռուսիոյ դէմ: Միւս կողմէ` որովհետեւ Ուքրանիա քաղաքական եւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերած էր Ազրպէյճանի մինչեւ 2020-ի արցախեան պատերազմը եւ այն փաստը, որ 2000 ռուս խաղաղապահներ կ՛ապահովեն արցախահայութեան անվտանգութիւնը, Արցախի կառավարութիւնը ճանչցաւ Ռուսիոյ կողմէ վերահսկուող Ուքրանիոյ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններու «անկախութիւնը»:
Թուրքիա ՕԹԱՆ-ի միակ անդամն է, որ մերժած է պատժամիջոցներ կիրարկել Ռուսիոյ դէմ եւ բաց պահած է իր օդային տարածքը ռուսական օդանաւերու համար, որպէսզի չկորսնցնէ ռուսական ներդրումները, կազի ներկրումը եւ զբօսաշրջիկներէ ստացուող մեծ եկամուտները: Զարմանալիօրէն 1 մարտին Էրտողան հաստատեց Պիելոռուսիոյ հետ ներդրումներու խթանման համաձայնագիրը. Պիելոռուսիա Արեւմուտքի կողմէ պատժամիջոցներու ենթարկուած է Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակման միանալուն համար: Միւս կողմէ` Թուրքիա արգելափակած է ռուսական որոշ ռազմանաւերու անցումը թրքական նեղուցներով դէպի Սեւ ծով, ինչպէս նախատեսուած է 1936-ի Մանթրոյի համաձայնագրով: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր երախտագիտութիւնը յայտնած է թրքական որոշման համար: Այսուամենայնիւ, Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները կը մնան սառն:
Երբ թրքական անօդաչու թռչող տասնեակ սարքերէն հինգը խոցուեցան Ռուսիոյ կողմէ, Ուքրանիա ծրագրեց Թուրքիայէն անօդաչու թռչող յաւելեալ սարքեր գնել, որոնք թիրախաւորած են ռուսական զինուած շարասիւնները: Միւս կողմէ` Թուրքիա գնած էր ռուսական Էս-400 հակաօդային հրթիռներու համալիր, որ ստիպեց Միացեալ Նահանգներուն` պատժամիջոցներ կիրարկել ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ նկատմամբ` արգիլելով վերջինիս ամերիկեան Էֆ-35 ռմբակոծիչներու ձեռքբերումը:
1 մարտին «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը հրապարակեց Քարլոթա Կալի յօդուածը` «Ուքրանիա ներխուժումը կը մեծցնէ բախումը Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ» վերնագրով: Ան յայտնած է, որ պատերազմի մեկնարկէն ժամեր առաջ թրքական երկու օդանաւեր վայրէջք կատարած են Ուքրանիա` Քիեւէն դուրս բերելու համար դիւանագիտական անձնակազմը եւ` Թուրքիոյ այլ քաղաքացիներ: Այսուամենայնիւ, օդանաւերը եւ դուրս բերուած մարդիկ արգելափակուած են, որուն պատճառով երկրին ներսը սկսած են Էրտողանը քննադատել` մօտեցող վտանգը չկարենալ ըմբռնելուն եւ աւելի արագ չշարժելուն համար: Ասոր վրայ Էրտողան նախագահներ Փութինն ու Զելենսքին հրաւիրած էր Թուրքիա` առ ի միջնորդութիւն պատերազմի լուծման: Փութին քաղաքավարի կերպով մերժեց անոր հրաւէրը: Մինչ Էրտողան փակեց արեւմտեան քանի մը լրատուական միջոցներ` լռեցնելու համար Ռուսիոյ հասցէին անոնց քննադատութիւնը:
Հակառակ պատերազմի մէջ Թուրքիոյ ցուցաբերած անորոշ կեցուածքին` «Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ պատերազմի ընթացքին աւերուած են թրքական գործարաններ եւ չորս պահեստներ: Այս գործարանները կ՛արտադրէին զինամթերք եւ փոքր ռումբեր», հաղորդած է լոնտոնեան «Օրուան Կարծիքը» (Rai Al-Youm) արաբական թերթը: Աւելի՛ն. «քանդուած է մեծ գործարան մը, որ մասնագիտացած էր «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան մէջ»: Ուքրանական գործարանները կը մատակարարեն թրքական անօդաչու թռչող սարքերու շարժիչներ եւ այլ կարեւոր մասեր: Պարբերականը մէջբերած է Էրտողանի անանուն աւագ խորհրդականը, ըստ որուն, Ուքրանիոյ մէջ թրքական կորուստները կը կազմեն հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ եւ կրնան հասնիլ միլիառաւոր տոլարներու:
Միեւնոյն ժամանակ Էրտողանի փեսան` անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող Սելճուք Պայրաքթար, թուիթըրեան իր էջին մէջ գրած է. «Ես խստագոյնս կը դատապարտեմ Ռուսիոյ անօրինական ներխուժումը, որ խախտում է անկախ պետութեան մը ինքնիշխանութեան իրաւունքի»` աւելցնելով, որ աջակից է «Ուքրանիոյ եւ Խրիմի` մեր թուրք եղբայրներու հայրենիքին, որոնք կը դիմադրեն բռնագրաւման»: Երկրորդ թուիթի մը մէջ Պայրաքթար ափսոսանք յայտնած է «պատերազմի պատճառած քանդումներուն եւ տառապանքներուն համար»: Թուրքիոյ քաղաքացիները մատնանշած են «մահուան վաճառականի»-ն կեղծաւորութիւնը, որուն անօդաչու թռչող սարքերը հսկայական աւերներ գործած են ամբողջ աշխարհի մէջ: Ակնյայտօրէն ան իր առեւտրական շահերը վեր կը դասէ մարդկային կեանքերէն:
Ռուս-ուքրանական պատերազմը խախտած է միջազգային կարգի չափանիշները` ստիպելով բազմաթիւ երկիրներու, որոնց շարքին` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, որ նրբանկատօրէն հաւասարակշռեն իրենց շահերը երկու կողմերուն հետ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
aztagdaily.com/archives/540824





