ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ձեւաչափի Վերականգումը – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
24 ՄԱՐՏ 2022 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Հայկական կողմը կը պնդէ Արցախի հարցը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ լուծելուն վրայ, որովհետեւ Արցախեան հարցով միջնորդութիւն կատարելու միջազգային լիազօրութիւն ունեցող այդ միակ ձեւաչափի վերականգնումը կը բխի հայկական կողմի շահերէն.
1)հոլովոյթէն դուրս կը պահէ Թուրքիան եւ կը ջնջէ կամ առնուազն մեծապէս կը նուազեցնէ անոր ազդեցութիւնը,
2) տագնապի լուծումը Հելսինքեան հռչակագիրի սկզբունքներուն վրայ հիմնելով՝ կ’ապահովէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը,
3) հաւասարակշռուած ձեւաչափ մըն է. Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայութիւնը կը հակակշռէ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը, իսկ եռեակին մէջ ամէնէն ազդեցիկը եղող Ռուսիան՝ իր ներկայութեամբ կը հակակշռէ անոնց ազդեցութիւնը։ Այս հաւասարակշռութիւնը արգելք կը հանդիսանայ այդ երկիրներէն որեւէ մէկուն կողմէ ինքնագլուխ գործունէութեան։
44-օրեայ պատերազմէն ետք, սակայն, ճիշդ այդ մէկը տեղի ունեցաւ, երբ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ ստորագրեցին 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար 2021-ի եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի յայտարարութիւնները։ Ռուսիան՝ փաստաթուղթերը ստորագրելով համաձայնութեան միջնորդը ըլլալուն կողքին նաեւ դարձաւ ատոնց երաշխաւորը։
Մոսկուան այդպիսով «խաղէն» դուրս ձգեց Ուաշինկթընն ու Փարիզը, ապա նաեւ հաւանութիւն տուաւ ու մաս կազմեց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն առաջարկած «3+3» շրջանային հարթակին, որմէ դարձեալ դուրս կը մնան Ուաշինկթընն ու Փարիզը։ Ռուսիան նաեւ պնդեց, որ այդ հարթակը միայն խորհրդատուական է՝ այդպիսով ընդգծելով, որ գլխաւոր ձեւաչափը Հայաստան-Ռուսիա-Ազրպէյճան ձեւաչափն է։ Ռուսիոյ տեսանկիւնէն առաջնահերթութեան առումով 2-րդ դիրքը կը գրաւէ Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափը, որմէ Մոսկուան չի կրնար հրաժարիլ՝ նկատի ունենալով միջազգային լիազօրութիւն վայելող միակ ձեւաչափը ըլլալու հանգամանքը, ապա կու գայ «3+3» խորհրդատուական՝ այլ խօսքով որոշումներ տալու լիազօրութենէ զուրկ եղող հարթակը։ Ուքրանիոյ մէջ իրադարձութիւններէն ետք եւ Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին լոյսին տակ, սակայն, Ռուսիան ո՞րքանով պատրաստ է Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափի վերականգնման։
Ռուսիան յոյս ունի, որ ԵԱՀԿ-ը՝ ի տարբերութիւն ՕԹԱՆ-ին, կը ծառայէ իբրեւ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան համապարփակ կազմակերպութիւն. անոր այդ յոյսը տակաւին չէ իրականացած, սակայն Մոսկուայի իր ազդեցութեան աշխարհագրական գօտիին մէջ այդ կազմակերպութեան դերակատարութիւնը հանդուրժելը ցոյց կու տայ, թէ այդ յոյսը կը գոյատեւէ։
Ռուսիան ԵԱՀԿ-ը կը հանդուրժէ, սակայն, նաեւ անկէ դժգոհ է։ Բրիտանիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան կայքի «ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան վերաբերեալ ռուսական տեսակէտներ» բաժինին մէջ նշուած է, թէ Ռուսիան դժգոհ է, որ ԵԱՀԿ-ը իր ուշադրութիւնը շեղած է անվտանգութեան քաղաքական ու զինուորական երեւոյթներէն՝ այսպէս կոչուած «Կարծր անվտանգութիւն»-էն (Hard Security) դէպի մարդկային իրաւանց օրակարգ՝ այսպէս կոչուած «Փափուկ անվտանգութիւն» (Soft Security) , ինչպէս նաեւ դժգոհ է կազմակերպութեան ոտնձգական ժողովրդավարականացումի (intrusive democratization) փորձերէն։
Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը այդ դժգոհութիւնը բարձրացուց Ռուսիա-ԵԱՀԿ յարաբերութիւններու մէջ լարուածութեան մակարդակի։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 13 փետրուարին յայտարարեց. «Մոսկուան մտահոգ է Ուքրանիոյ մէջ ԵԱՀԿ-ի յատուկ հսկողական առաքելութեան անձնակազմը վերաբաշխելու որոշ երկիրներու որոշումով։ Առաքելութիւնը դիտումնաւոր կերպով կը ներքաշուի Ուաշինկթընի կողմէ հրահրուած ռազմատենչ ջղագարութեան մէջ, եւ կ’օգտագործուի իբրեւ հնարաւոր սադրանքի գործիք»։ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նոյն օրը իր կարգին յայտնեց. «Կրկին շատ կարեւոր է, որ ԵԱՀԿ-ը դադրի խաղալ գործիքի դեր, որպէսզի անիկա դառնայ համաշխարհային կազմակերպութիւն, որ իսկապէս կը զբաղի Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան հարցերով»։ Ռուս դիւանագէտ Քոսթանթին Կաւրիլով մէկ օր ետք յայտնեց, որ Ռուսիան պիտի չմասնակցի այդ օր նախատեսուած ԵԱՀԿ-ի ժողովին, որ կը գումարուէր Պալթեան երկիրներու խնդրանքով եւ կը վերաբերէր Պիելոռուսիոյ մէջ «արտասովոր զինուորական շարժումներ»-ուն՝ իմա ռուս-պիելոռուսական ռազմափորձերուն։
Երկու կողմերուն միջեւ լարուածութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիու Ռաու 14 Մարտին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ կողմէ ուքրանացի քաղաքայիններու, ներառեալ դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու թիրախաւորումը «պետական ահաբեկչութիւն» է։ Աւելին, ան նշեց, թէ Մոսկուան զինք ամբաստանած է Ուքրանիոյ հակամարտութեան մէջ կողմնակալութեամբ։ «Այսպիսի պնդումի մը միայն մէկ պատասխան ունիմ. անկողմնակալութիւնը վերջ կը գտնէ հոն, ուր միջազգային մարդասիրական օրէնքի ոտնահարումները կը սկսին» , ընդգծեց Ռաու, եւ Մոսկուայի կոչ ուղղեց՝ դադրեցնելու իր «անգութ նախաձեռնութիւն»-ը, եւ հարցը դիւանագիտութեան ճամբով լուծելու։ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը մերժեց ԵԱՀԿ-ի նախագահի դիւանագիտութեան առաջարկը՝ նշելով, որ ան այս տագնապին մէջ կողմ է, ուստի՝ ոչ անկեղծ միջնորդ մը։
Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն անջատաբար կը յայտարարեն, որ պատրաստ են Երեւանին ու Պաքուին աջակցելու՝ հասնելու համար բոլոր խնդիրներու համապարփակ լուծման, սակայն այնպիսի կացութեան մը մէջ, ուր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պատերազմական ու մարդկութեան դէմ ոճիրներով ամբաստանող որոշում կ’որդեգրէ, իսկ նախագահ Ճօ Պայտըն իր ռուս պաշտօնակիցը հրապարակաւ «ռազմական յանցագործ» կը կոչէ կարելի՞ է անոնց միջեւ որեւէ համագործակցութիւն, ներառեալ Միսնքի խմբակի համանախագահութեան գործունէութեան վերակենդանացում ակնկալել։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 17 Մարտին յայտնեց, որ այժմ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ աշխուժ բանակցային հոլովոյթ չկայ, հաղորդակցութիւնները կէտ առ կէտ են: «Հիմա որեւէ աշխուժ բանակցային հոլովոյթ, բնականաբար, ինչպէս կը տեսնէք, չկայ: Մենք առանձին հաղորդակցութիւններ ունինք առանձին ծագող խնդիրներու շուրջ: Նոյնիսկ ոչ թէ խնդրայարոյց հարցերու, այլ խնդիրներու, կէտ առ կէտ հաղորդակցութիւններ են: Այդքան բան», ըսած է Զախարովա` «Սոլովիով Լայվ» «ԵուԹիուպ»-եան ալիքի եթերէն: Անոր յայտարարութիւնը կը ստեղծէ այն յոյսը, որ Արցախի հարցը այդ կէտերէն մէկը կրնայ ըլլալ։
27 սեպտեմբեր 2020-էն՝ արցախեան խնդիրի կարգաւորման խաղաղ հոլովոյթի տապալումէն ի վեր եւ մասնաւորաբար 9 նոյեմբեր 2020-էն ետք, Մոսկուայի արդէն իսկ առաջնակարգ դիրքի վրայ գտնուող ազդեցութիւնը աճած է, իսկ Ուաշինկթընն ու Փարիզը իրենց դիրքը զիջած են Անգարայի։ Ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի՝ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան կը պնդեն, որ Արցախի եւ անոր կարգավիճակի հարցը տակաւին չէ լուծուած, եւ իրենք պատրաստակամ են այդ լուծումի որոնման աջակցելու։ Անոնք քաջ կը գիտակցին, թէ այդ մէկը չեն կրնար ընել առանց Ռուսիոյ, ուստի եւ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի վերակենդանացումը կը բխի անոնց շահերէն, մանաւանդ որ ատիկա նաեւ կրնայ երկու կողմերուն միջեւ իբրեւ կամուրջ ծառայել։ Իրողութիւն մը, որուն կը գիտակցի նաեւ ռուսական կողմը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի վերականգումը մօտալուտ պիտի չըլլայ։ Ատոր համար պէտք է սպասել ուքրանական հակամարտութեան վերջալոյսին։ Ռուսական կողմը նաեւ թերեւս նախընտրէ ձեւաչափի գործունէութեան վերականգնման համար սպասել ԵԱՀԿ-ի լեհական նախագահութեան աւարտին (Դեկտեմբեր 2022) եւ սպասէ, որ յունուար 2023-ին Հիւսիսային Մակեդոնիան ստանձնէ կամակերպութեան նախագահութիւնը՝ պատժելու համար ԵԱՀԿ-ի ներկայ նախագահը՝ Ուքրանիոյ հակամարտութեան մէջ իր «կողմնակալութեանը» համար։ Այլ խօսքով՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան գործունէութեան վերակենդանացումը կարելի է, սակայն ոչ մօտալուտ։
yerakouyn.com/2022/03/23/եահկ-ի-մինսքի-խմբակի-համանախագահութե/