ԱԿՆԱՐԿ – Ուքրանիա. Պատժող, Պատժուող – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

ԱԿՆԱՐԿ – Ուքրանիա. Պատժող, Պատժուող – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

24 ՄԱՐՏ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – Կարդալ նաեւ՝:

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ուքրանիոյ հողին վրայ երեք շաբաթ առաջ պայթած պատերազմը բացայայտօրէն մանր աշխարհամարտ մըն է (մանր աշխարհամարտերուն նորագոյնը), մէկ կողմէ՝ Ռուսիոյ եւ դաշնակիցներուն, ու միւս կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած ՆԱԹՕին եւ անոր կողքին կանգնողներու միջեւ:

Պատերազմի պայթումէն առաջ, նաեւ մինչեւ այսօր, հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն, պատճառաբանութիւն, նախատեսութիւն եւ «մարգարէութիւն» հրապարակ նետուեցան, արդարացնելու կամ մեղադրելու համար այս կամ այն կողմը, հաշուարկելու՝ անմիջական, հեռակայ եւ ապագայի հետեւանքները: Հակամարտութիւնը կը մղուի զինուորական, քաղաքական-դիւանագիտական ու մանաւանդ տնտեսական գետիններու վրայ: Հնչող մեկնաբանութիւններէն մէկն ալ այն է, թէ հակամարտ կողմերը ՊԱՏԺԵԼՈՒ տրամաբանութեամբ մտած են այս արիւնալի ու բազմաշերտ պատերազմին մէջ:

Եկէ՛ք, պահ մը կանգ առնենք պատժողներու եւ պատժուողներու ցանկին վրայ, առանց յաւակնելու, թէ անիկա ամբողջական եւ սպառիչ պիտի ըլլայ, սակայն անմիջապէս շեշտենք, որ գլխաւոր պատժուողները ուքրանացիներն են, ու այս տագնապին արձագանգները կրող ժողովուրդները, երկիրները:

ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ՊԱՏԺԷ

Ռուսիա իր բանակները Ուքրանիոյ սահմաններէն ներս արձակեց՝ պատժելու համար Քիեւի վարչախումբը, որ տարիներէ ի վեր կը վազէ դէպի Արեւմուտք, մինչդեռ Ռուսիա այս երկիրը նկատած է ու կը դասէ իր ռազմագիտական կարեւորութեամբ հովանաւորեալներէն մէկը, պատրաստ չէ հանդուրժելու ՆԱԹՕին յաւելեալ տարածումը, զայն կը նկատէ «կարմիր գիծ»: Պերլինի պատին քանդումէն ասդին, ՆԱԹՕն իր դրօշը տարածեց նախկին խորհրդային կայսրութեան բազմաթիւ արբանեակներուն վրայ, ի հեճուկս զայն ժառանգած Ռուսիոյ: Աւելի՛ն, Փութին յայտարարեց, որ Ուքրանիան Լենինի կողմէ ստեղծուած երկիր է, մաս կազմած է Ռուսիոյ (ինչպէս մենք կ՛ըսենք, որ Ազրպէյճանը շինծու երկիր է, անիկա մեր Արցախն ու Նախիջեւանը նուէր ստացած է Լենինի գործակից Ստալինի քմայքով):

Ռուսիա Քիեւը կը պատժէ նաեւ այն պատճառով, որ մօտաւորապէս 8 տարիէ ի վեր, ան թշնամական քաղաքականութիւն կը տանի երկրին արեւելեան՝ Ռուսիոյ սահմանակից Տոնպաս շրջանին դէմ (որուն բնակչութեան ստուար մէկ մասը ռուսեր են), կը սպաննէ բնակիչներ, կը քանդէ անոնց քաղաքներն ու տնտեսութիւնը, հետեւաբար, ինք պարտաւոր կը զգայ այդ շրջանը պաշտպանելու, զօրավիգ է Ուքրանիայէն անկախանալու անոր վարքագիծին: Պատերազմը նաեւ ցոյց կու տայ, որ ռուսական պատժամիջոցները տարածուած են Տոնպասէն շատ աւելի արեւմուտք, Ուքրանիոյ սեւ-ծովեան ափը գրեթէ առնուած է ռուսական հակակշիռի տակ, Քիեւն ու այլ քաղաքներ պաշարուած են, զինուորական հարուածները կը հասնին մինչեւ Լեհաստանի սահմանամերձ զինուորական կայաններ ու բնակավայրեր:

Ուքրանիա, որ Ռուսիոյ կողմէ գլխաւոր պատժուողն է, ունի մարդկային, զինական եւ նիւթական ահաւոր կորուստներ: Գլխաւոր քաղաքները քար ու քանդ կ՛ըլլան. արեւմտեան լրատու աղբիւրները ողողուած են քանդումի տեսարաններով: Հոն շատ չեն երեւիր Տոնպասի քաղաքներուն կրած վնասները: ՄԱԿի պաշտօնական աղբիւրները կը հաստատեն, որ երեք շաբթուան մէջ, արդէն երկրէն խոյս տուած է աւելի քան 3 միլիոն բնակիչ (աւելցնելով աշխարհի մէջ բռնի գաղթականներու թիւը, որ կ՛անցնէր 75 միլիոնը): Մեծ մասամբ իրականացած են պատերազմի նախօրեակին հնչած «մարգարէութիւնները», թէ՝ պատերազմի պարագային, շուրջ 4-5 միլիոն ուքրանացիներ գաղթական պիտի դառնան…

ՆԱԹՕ-Ն ԱԼ ԿԸ ՊԱՏԺԷ

Հակադարձելով ռուսական յարձակումին, ՆԱԹՕն, որ անցեալ տարիներուն ու պատերազմը կանխող ամիսներուն թեւեր տուած էր Ուքրանիոյ իշխանութեանց ու անոր նախագահին՝ Զելենսքիին, դիմեց Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու: Ցանկը երկար է եւ օրէ օր կը ծաւալի: Կան տնտեսական, զինական, առեւտրական, քաղաքական պատժամիջոցներ, որոնք առերեւոյթ կը միտին կաշկանդումներ հաստատել Ռուսիոյ դէմ: Թիրախներն են անհատներ եւ ընկերութիւններ (արձանագրենք, որ այս կէտին մէջ Ուաշինկթըն եւ կարգ մը զինակիցներ ամէն բան նոյն աչքով չեն տեսներ, օրինակ, Եւրոպա «հնգամեայ պլան» մը մշակած է, Ռուսիոյ վառելանիւթէն կախեալ վիճակին վերջ տալու եւ, բնականաբար, ամերիկեան, Ծոցի արաբական երկիրներու, մինչեւ իսկ… «չար» Իրանի եւ Վենեզուելլայի օղակներէն կախուելու հեռանկարով): Վարագոյրին ետին, «պատերազմի ճարտարարուեստ»ին եւ «շուկային» մէջ պատժուողներ չկան…

ՆԱԹՕի անդամներ (կամ անոնց ծածկին տակ զէնք արտադրողներ) իրենց ստամոքսները կ՛ընդլայնեն գոհունակութեամբ, եւ իրարու հետ մրցումի ելած են՝ Ուքրանիոյ զէնք մատակարարելու նպատակով, եւ այդ երկրի բնական հարստութիւններէն եւ այլ բարիքներէն իւղոտ պատառներ որսալու հեռանկարով:

Ռուսիոյ կրած պատիժներէն մէկն ալ՝ ռուբլիին արժեզրկումն էր: Իսկ անդին, թէ ո՞վ կը շահի կամ կը վնասէ, այսինքն՝ ո՞վ կը պատժուի՝ երբ ամերիկեան դիմակ կրող ընկերութիւններ (ճաշարաններ, ըմպելի արտադրողներ եւ այլք) «առժամապէս» կը դադրեցնեն Ռուսիոյ մէջ իրենց վաճառքները՝ ունի ծիծաղելիութեան երես մը: Մասնակիի սիւնակին տակ կարելի է արձանագրել ռուսական մարզաշխահին եւ այլ կալուածներու դէմ որդեգրուած պատժամիջոցները:

ԱՆՈՒՂՂԱԿԻ ՊԱՏԺՈՒՈՂՆԵՐ

Հրապարակաւ յայտարարուած պատիժներուն՝ պատժող-պատժուողի դիմաց, կան այլ պատժուողներ, որոնց մասին բարձրաձայն չի խօսուիր, յատկապէս արեւմտեան աշխարհի հաշիւներուն չի յարմարիր այդ մասին խօսիլը:

Առաջին հերթին, անուղղակի պատժուողներն են (անոնք արդեօք կը զգա՞ն, թէ խլացած ու բթացած են պատերազմի ժխորին հետեւանքով) Ուքրանիոյ դրացի այն երկիրները, որոնք իրենց դուռները լայն բացած են գաղթական ուքրանացիներուն առջեւ (Լեհաստան քիչ մնաց Պելոռուսի հետ ճակատ բանար քանի մը ամիս առաջ, երբ այլ գաղթականներ խուժեցին դէպի անոր սահմանը): Դժբախտացած բռնագաղթուածը ընդունիլը մարդկային արարք է, որուն դէմ ոեւէ մէկը առարկութիւն չի կրնար ընել, բացի հարց տալէ, թէ կացութիւնը ինչո՞ւ պէտք է հասնէր հոս եւ միլիոնաւոր մարդիկ (ուքրանացի թէ տոնպասցի) պիտի կորսնցնէին իրենց բնակարանները, կեանքն ու վաստակը: (Ուքրանիոյ գաղթականները կրնան մէկ «մխիթարանք» ունենալ. իրենց ողբերգութեան մէջ առանձին չեն…):

Անուղղակի պատիժներուն ազդեցութիւնը կը կրեն աշխարհի մօտակայ եւ հեռաւոր երկիրները, ուր կենսանիւթերու շուկաները ելեւէջ կ՛արձանագրեն: Օրինակի համար, վառելանիւթի սակերը կրկնապատկուած են քիչ մը ամէն տեղ: Եւրոպացի, ամերիկացի եւ այլ երկիրներու բնակիչներ կրնան ուրախանա՜լ, որ իրենց գրպանէն որքա՛ն սուղ կը վճարեն Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն համար: Անոնք ո՛չ միայն ժամանակ չունին (մամուլին սարքած քարոզչութեան պատճառով) հարց տալու, թէ իսկապէս շօշափելի, արդարացի ի՞նչ պատճառներ կան վառելանիւթերու սակերու բարձրացման համար (իսկ վառելանիւթի սղութիւն՝ կը նշանակէ սննդանիւթերու եւ այլ առօրեայ պէտքերու սակերու բարձրացում), այլ նաեւ դարձած են պատերազմին ի նպաստ քարոզիչներուն սիրայօժար պատանդները: Որեւէ տեղ ցոյց կամ բողոքի արտայայտութիւն չ՛արձանագրուիր այս վիճակին դէմ, որ ունի մէկ խորագիր. ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԹԻՒՆ:

Անդին, Ռուսիա որոշած է «առժամաբար» սահմանափակել կամ դադրեցնել հացահատիկի եւ այլ կենսանիւթերու արտածումը, ահազանգի արձագանգներ տարածելով իրեն հետ առեւտուր ընողներուն մէջ:

ՄԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆն ալ մաս կը կազմէ պատժուողներու փաղանգին: Երեւանէն հնչող մտահոգութիւնները ունին երկու երես. մէկ կողմէ՝ կը յիշեցնեն, որ Արցախէն ներածուող հացահատիկի եւ այլ կենսանիւթերու աղբիւրները սահմանափակուած են 44օրեայ պատերազմէն ետք, եւ ահա, Ռուսիայէն ներածումներու վրայ եւս «Դամոկլեան սուր» կախուած է: Կայ նաեւ Ռուսիոյ մէջ աշխատողներէն Հայաստան հասնող գումարներուն արժեզրկումը: Այս պատկերին մէջ, որքա՞ն ուրախալի է եւ յուսադրիչ՝ այն ալիքը, որ բազմահազար ռուսեր Հայաստան կը բերէ, որովհետեւ մեր հայրենիքը կը նկատուի ապահով, աշխարհին հետ գործակցութեան նկատումով՝ աւելի նպատակայարմար (իսկ Երեւանի վարիչներուն աչքերը ուղղուած են Արեւմուտք եւ… Թուրքիա-Ազրպէյճան):

ԱՅԼ ՊԱՏԺԵԼԻՆԵՐ

Ուքրանիոյ պատերազմը ողողած է երկու կողմերուն մամուլի աշխարհները: Մեղադրանքներ եւ ամբաստանութիւններ կը փոխանակուին: Իւրաքանչիւր կողմ դիմացինը պատասխանատու կը նկատէ մարդկային աղէտին: Աշխարհի տարածքին աւելի՛ ուժեղ հնչող՝ արեւմտեան աղբիւրներ առաւելաբար լուսարձակի տակ կը բերեն ռուսական յարձակումներուն հետեւանքները (մոռնանք քարոզչական երեսը). անոնցմէ գրեթէ ոչինչ կը լսենք Տոնպասի վիճակուած տաժանքներուն մասին, ինչպէս որ 18 ամիս առաջ անոնք ընդհանրապէս լուռ ու կրաւորական էին Արցախի պատերազմին ու հետեւանքներուն նկատմամբ (երբեմն ալ արձագանգ եղան ազերիական տեղեկատուութեան, իսկ նոյնինքն Ուքրանիոյ մէջ գոհունակութեան ալիքներ տարածուեցան՝ Ազրպէյճանի տարած յաղթանակներուն ի լուր: Սա պատճառ չէ, որ մենք այսօր չափսոսանք զանգուածներուն վիճակուած տաժանքներուն համար):

Մեր նպատակը՝ կատարուող լրատուութեան «որակին» կամ տարողութեան քննարկումը կատարել չէ, այլ հարց տալ, թէ արդեօք այսօր ինչո՞ւ այսքան սուր կերպով կը հետապնդուին Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները, զանոնք սաստկացնելու պահանջները (արդար թէ չափազանցեալ), մինչդեռ, նոյն ԱՇԽԱՐՀԸ նման խանդ, ցաւ ու կարեկցանք չապրեցաւ, պատժամիջոցներ չպահանջեց, երբ ֆիզիքապէս ու տնտեսապէս կը քանդուէին (տեղ-տեղ քանդումները կը շարունակուին) Արցախը, Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Աֆղանիստանը, Իրանը, Եմէնը, Լիպիան (չերթանք մինչեւ Քորէայի եւ Վիեթնամի պատերազմները, կամ՝ մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քիւրտերու բազմափուլ սպանդները):

Պատերազմէն «իւղոտուողներուն» պարագան ալ յստակ է. առաջին հերթին՝ զէնք ու քարիւղ վաճառողները (եւ անոնց կամակատար պետական մարդիկը):

Չենք ուզեր հարցումները երկարել: Պատիժի արժանիներուն ցանկը գաղտնիք չի պարունակեր, սկսելով ցեղասպան Թուրքիայէն, որ նոյն վարքագիծը կը շարունակէ այսօր, իբրեւ գործակից ունենալով Ազրպէյճանը, որոնց հետ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու կը վազեն Երեւանի «բարձր քաղաքականութիւն» վարող իշխանաւորները:

15 Մարտ, 2022

asbarez.am/415362/ակնարկ-ուքրանիա-պատժող-պատժուող/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail